ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բարեկամներէս մէկը թարգմանելով այս օտար լեզուով բառը, զոր տարիներ առաջ ծեր մարդէն լսած էի, ըսաւ, թէ անիկա հայերէնով՝ հտպիտ բառին համազօր է: Որոշ բառերու փոխաբերական իմաստով գործածութիւնը, սակայն, նոր երանգ կ՛աւելցնէ անոնց բուն իմաստին: Այդ փոխաբերական իմաստն ալ, իր կարգին, բառին կու տայ դրական կամ ժխտական թեքում:
Հտպիտը առհասարակ կրկէսներու թատերաբեմերը զբաղ պահող, կամ՝ մանկական թատրոններուն զարդը հանդիսացող միմոսն է, որ իր մնջկատակներով ժպիտ քաղելու երկար փորձեր ըրած կ՛ըլլայ նախապէս: Մանաւանդ մանկական թատրոններու մէջ իր ելոյթներով, անմեղ ծիծաղ պատճառելով կը զուարճացնէ, իրենց երազային տարիները ապրող անչափահասները: Հտպիտին ամէնէն արագ թէ ամէնէն դանդաղ շարժումներուն կախարդուած նայուածքով նայող երեխաները, այլեւս իրենց կողքին նստած ծնողներուն ո՛չ ձայնը կը լսեն, ո՛չ ալ խրատները, այլ ակնապիշ կը նային հտպիտին անճանաչելի դէմքին ու անբնական կարմիր գնդաձեւ խոշորկեկ քիթին:
Փայլիանչօն ընդհանրապէս մենակատար կ՛ըլլայ բեմին վրայ, սակայն յաճախ աներեւոյթ անձերու հետ մնջախօսութիւն կը կատարէ, շատ ինքնավստահութեամբ կը ձեռնուի, բայց՝ օդին հետ, գրպանէն անծայրածիր թաշկինակներ կը հանէ մէկը միւսին ագուցուած եւ անով կը կապէ անտեսանելի էակներ, եւայլն: Այս մնջկատակներուն մէջ կայ նաեւ արագ ոստումներով հոս ու հոն երթալու պատկերը, իբրեւ թէ գործ կատարողի տպաւորութիւնը ձգելով հանդիսատեսին վրայ: Բեմին դատարկ ծայրամասերը երթալով մէկուն ականջին մի քանի խօսք փսփսալու ձեւերն ալ բաւական ժպիտ կը քաղեն յաճախ ներկաներուն դէմքերէն: Ասիկա «բեմական բամբասանք»ն է, որ ընդհանրապէս գետին իյնալ-ելլելու նման ապուշ խաղով կ՛աւարտի, խաղէն աւելի՝ հտպիտին անձը ծիծաղի առարկայ դարձնելով: Հտպիտը այս պարագային ապուշ կը ձեւանայ, երբեմն չի հասկնար ըսուածը, իր չհասկցածը կը փորձէ բացատրել ուրիշին, իսկ անոր ըսածն ալ ծուռ կը կատարէ, բթամիտ ձեւանալով:
Դժբախտութիւն է անշուշտ, որ կեանքի մէ՛ջ եւս կան հտպիտներ, որոնք ճիշդ է, բեմական շնորհքներ չունին, ո՛չ ալ կրնան ծիծաղ քաղել մարդոց դէմքերէն, սակայն, դերասան հտպիտին նման աջէն ձախ, ու ձախէն աջ երթալով, մէկուն ըսածը սխալ հասկնալով՝ ծուռ գործ կը կատարեն: Անշուշտ անոնք հտպիտին չափ միամիտ չեն, այլ յատուկ նպատակով ու չարանենգ միտումով կը կատարեն իրենց գործը:
Ծերունին տեսնելով այսպիսի մարդիկ, կը բաւարարուէր «փայլիանչօ» կոչելով զանոնք: Ատիկա էր իր գնահատականը, որ բացատրութեան չէր կարօտէր: Կ՛երեւի թէ խղճալի արարած նկատելով զանոնք, կը բաւարարուէր անոնց մեղքնալով ու լուռ անցնելով:
Ինչքան ալ մեղքանալիք ըլլան «փայլիանչօ»ներ, բնաւ պէտք չէ՛ աննկատ թողուլ զանոնք, որովհետեւ միակ «շնորհք»ը որ տրուած է իրենց, միտքերը պղտորելու կարողութիւնն է: Սուտը իրաւի պէս խօսելու արուեստին տիրացած այս թշուառականները, քուլիսներու ետին օրն ի բուն կը գործեն, առաքելութեան վերածած ըլլալով զրոյցներու շրջանառութիւնը: Անոնց համար կարեւոր չէ՛ զրոյցին բնոյթը, տարողութիւնը, հին կամ նոր ըլլալը: Կը բաւէ միայն, որ տուեալ զրոյցը վնասաբեր ըլլայ մէկուն, որուն նկատմամբ սա պահուս լաւ տրամադրուած չեն:
Կեղծիքի ու բարեսրտութեան միջեւ շլմորած այս արարածները, մէկ կողմէ ծայր աստիճան գթասիրտ, բարեսիրտ ու հոգածու երեւելու մարմաջով տարուած, միւս կողմէ՝ կեղծիքի դիմակը հագած անձեր են: Ամէնուն ցաւին վշտակից, ամէնուն սուգին սգակիր ըլլալու պատրաստակամութիւն յայտնող փայլիանչօն, վշտակիրին քովէն դուրս գալէ անմիջապէս ետք, կամ սուգի տան սեմէն հազիւ դուրս դրած իր ոտքը, արդէն ուրիշ մարդ է…:
Բարեխօսութեան պէս վեհ արարքը, եւ առաքինութեանց փառքը ըլլալու կոչուած քիչերու բաժին եղող աստուածատուր այս սովորութիւնը, «փայլիանչօ»յին նախընտրած աշխատանքն է:
Աշխատանք, որ բնա՛ւ առնչութիւն չունի իր բնութեան ու խառնուածքին հետ: Բարեխօսութիւն, սակայն, որ հակառակ ընթացքով ուղղութիւն կ՛առնէ: Բարեխօսութիւն բառը, այնպէս ինչպէս իր մէջ գտնուող առաջին բառը ցոյց կու տայ, դէպի բարին գացող ընթացք պէտք է ունենայ: Մինչդեռ փայլիանչոյին կատարած «բարեխօսութիւն»ը, անուղղակի քանդումի կ՛առաջնորդէ այն անձը, որուն համար կը կատարէ ան իր «բարեխօսութիւն»ը: Փայլիանչօյին բարեխօսութիւնը ուրիշ բան չէ՛ եթէ ոչ, մէկ կողմէ՝ միտքերուն պղտորումը, եւ միւս կողմէ ձգտում՝ բարեհամբաւ անձ երեւելու:
Բեմի դերասան փայլիանչոյին ու իրական կեանքի մէջ տեսնուած փայլիանչոյին միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ մինչ առաջինը իր մնջկատակները աւարտելուն երբ ծափահարութիւն կը ստանայ, ու ներս երթալով սպիտակափոշիով պատուած երեսը կը լուայ, կերպընկալէ քիթը մէկդի կը դնէ ու գանգրահեռ կեղծամը կը հանէ, գոհունակ հոգիով կը պատրաստուի իր վճարումը ստանալու կրկէսի տիրոջմէն: Մինչ իրական կեանքի մէջ մեր տեսած փայլիանչօները նախ չեն գիտեր թէ ի՞նչ է իրենց կեանքին նպատակը: Անոնք երիտասարդ ըլլան թէ տարեց, մնայուն կերպով կրկէսի բեմահարթակին վրայ կը զգան իրենց անձը՝ մէկ ծայրէն միւսը երթալով, ու «բարեխօսութեան» իրենց աշխատանքը ի կատար ածելով:
Միամիտ խաբեբայութեան ինքնավստահութիւն ալ կ՛ունենան փայլիանչօներ: Բեմի վարպետ հտպիտներուն նման, սուտը խօսած պահուն, անոնց փայլուն աչքերուն մէջ երեւցող ժպիտը թոյլ չի՛ տար հաւատալ անոնց ըսածին: Նոյնիսկ այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ իրե՛նք ալ չեն հաւատար իրենց ըսածին, սակայն իրենց բնութիւնը իրագործելու համար՝ կը կատարեն իրենց «պաշտօն»ը:
Փայլիանչոյին կեանքը ամբողջութեամբ կատակերգութիւն է, որ միայն ծիծաղի յուշեր կը ձգէ իր ետին: Փայլիանչօներու մահէն ետք, երբ զանոնք վերյիշելու առիթ ունենան մարդիկ, անպայման գլուխնին պիտի երերցնեն, դարձեալ խնդալով անոնց միամիտ նենգամտութեան վրայ, որով փճացուցին իրենց ամբողջ կեանքը:
Մարդ կը տարուի մտածել, որ եթէ փայլիանչօներ իրենց այս «աշխուժութիւն»ը ծառայեցնէին իսկապէս բարի ու շինարար աշխատանքի, թերեւս ինչքա՜ն իրագործումներ կրնային թողուլ իրենց ետին, որպէս իրենց անունը անմահացնող գործեր: Բայց ուրկէ՜ այդքան գիտակցութիւն փայլիանչօներուն: Որովհետեւ հակառակ փայլիանչօներուն շատ աշխոյժ ըլլալուն, բնութեամբ ծոյլ կ՛ըլլան անոնք: Աշխատելու համար չեն շարժիր, այլ շարժելու սիրոյն կը շարժին: Մէկ խօսքով՝ գործնապէս կը կիրարկեն ժողովրդային առածը, որ կ՛ըսէ. «Մարդիկ մեզ գործի վրայ թող տեսնեն»: Ահա այդպիսով, արդէն անոնք կ՛իյնան աշխատանքը սովորական շարժումին հետ շփոթելու փորձութեան մէջ, եւ տեղի անտեղի իրենց երթուդարձը ծիծաղ կ՛առթէ մարդոց, յիշեցնելով կրկէսի բեմին վրայ ոտքերը խաչաձեւելով վազվզող հտպիտը:
Կրկսէներու հտպիտները երբեմն ժողովուրդին մէջէն օգնականներ բեմ կը հրաւիրեն եւ իրենց խաղերուն մասնակից կը դարձնեն: Եթէ ուշադիր եղած էք, հանդիսատեսները որոշ պահուան համար կը մոռնան հտպիտը, եւ անոր զոհին վրայ կեդրոնացնելով իրենց ուշադրութիւնը՝ զայն խնդուքի առարկայ կը դարձնեն, ծիծաղելով անոր միամտութեան վրայ: Ուստի լաւագոյն պիտի ըլլար չընդունիլ հտպիտին առաջարկը, այլ տեղը ծանր նստելով, միայն դիտել անոր մնջկատակները, վստահ ըլլալով որ անպայման անոնք վերջ ունին…: