ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ

2003 թուականի Օգոստոս ամիսն էր. Կիրակի օր մը, երբ Պաղտատը կ՛եռար։ Դժոխքը իր դռները լայն բանալով, կիզիչ ու հեղցուցիչ տաքը թափած էր քաղաքին վրայ, զայն դարձնելով դժոխային՝ կլիմայով եւ կեանքի ապահովութեամբ։ Փողոցներուն շուքերուն մէջ երեւցող այդ քանի մը թմրած էակները, խրտուիլակներու երեւոյթը ունէին։
Մայք, որ «քէփթըն» էր ամերիկեան բանակին մէջ եւ իր խումբին պատկանող երկու տասնեակ զինուորները, հակառակ կիզիչ տաքին, ծանրաբեռնուած զինուորական ծանր հագուստներով, փամ-փշտարգել կրծքապատեաններով եւ պատերազմական այլ կազմածներով, քրտնաթոր, դանդաղ կը յառաջանային իրենց զրահապատ կառքերով՝ Պաղտատի գրեթէ ամայացած փողոցներէն։ «Քէփթըն» Մայքին համար այս հանդարտութիւնը մտահոգիչ էր։ Ասկէ առաջ ալ այսպէս հանդարտ օրերուն էր, որ փոթորիկը կը պայթէր եւ փամփուշտները անձրեւի պէս կը տեղային ամէն կողմէ։ Միայն երկու շաբաթ առաջ էր տակաւին, երբ թիրախ դարձած յանկարծակի յարձակումի մը, վիրաւորուեցան իր երկու զինուորները։ Մէկը բաւական ծանր։ Մայք եւ իրեն ենթակայ զինուորները կը պատկանէին մասնաւոր մարզուած խմբակի մը, որուն առաքելութիւնն էր, ամերիկեան լրտեսական ցանցին կողմէ իրենց տրուած տեղեկութիւններուն եւ հասցէներուն համաձայն, պեղել եւ գտնել, տապալած նախագահ Սատտամի կողմէ գաղտնի պահուած զանգուածային քանդիչ զէնքերուն (w.m.d.) կեդրոնները։ Մայք զրահապատ կառքերուն առաջինին մէջն էր եւ հեռադիտակը աչքին կը զննէր շէնքերուն տանիքները։ Քիչ ետք, հեռախօսով զգուշացուց միւս կառքերու զինուորները աչալուրջ ըլլալու, որովհետեւ պիտի անցնէին քաղաքին ամէնէն վտանգաւոր, Սուք էլ Ղազի կոչուած շրջանէն։ Երբ հասան քաղաքին ապահով նկատուած մասը եւ այն թաղը, ուր իրենց տրուած էր հասցէ մը, Մայք հանդարտած էր, որովհետեւ բարեկեցիկ շրջան մըն էր եւ մինչեւ հիմա անախորժ դէպքերէ զերծ։ Իրենց տրուած հասցէն տուն մըն էր, երկյարկանի բնակարան մը՝ շրջապատուած բնակելի տուներով։ Արդեօք կարելի՞ էր այսպէս տեղ մը (w.m.d.) քիմիական աւերիչ բաղադրութիւններ պահել, թէ ոչ այս ալ նախկիններուն պէս սխալ հասցէ էր։ Բաւական զննելէ ետք շրջապատը, Մայք հրահանգեց զինուորներուն խուժել ներս։ Թէեւ կասկածանքներ ունէր, սակայն ինք բանակային էր, ենթակայ ցուցմունքներու եւ հրահանգներու։ Առանց նախազգուշացումի զինուորներուն դուռը խորտակելը եւ ներս խուժելը րոպէական էր։

Ներսը հայր մը, մայր մը, քսաներեք տարեկան աղջիկ մը, տասնըինը տարեկան երիտասարդ մը եւ դեռատի աղջիկ մը, իրենց կիրակնօրեայ հագուստներով ճաշասեղանին շուրջ նստած, կը պատրաստուէին ճաշելու, երբ խորտակուած դռնէն ներս խուժող ամերիկացի զինուորներուն պոռչտուքներէն եւ կրակելու պատրաստ զէնքերէն սարսափահար, ոտքի ելած եւ ձեռքերնին վեր բարձրացուցած, խղճալի երեւոյթով մը, շշմած ու սահմռկած էին։ Զինուորները, առանց ժամանակ վատնելու, իգական սեռը մէկ կողմ հրելով, երկու այր մարդիկն ալ գետին զգետնելով, ձեռնակապեցին տնեցիները։ Եւ մինչ զինուոր մը հրացանը անոնց ուղղած սպասեց, մնացեալը խուզարկեցին տան ամէն կողմը, խառնշտկելով եւ վար թափելով սենեակներուն եւ պահարաններուն պարունակութիւնը։ Կարճ ժամանակ մը ետք արդէն անդրադարձան, թէ նորէն սխալ հասցէի եկած էին։ Ճաշասենեակ գալով Մայք հրահանգեց զինուորներուն, որ էրիկ մարդոց աչքերը կապելով հարցաքննութեան տանին։ Հոս էր, որ տան քսաներեք տարեկան աղջիկը, սահուն անգլերէնով մը, որ զարմացուց ամերիկացիները, բողոքեց. ըսելով թէ իրենք քրիստոնեայ եւ աստուածավախ ընտանիք մըն են, թէ անկարելի է որ թոյլ տայ իր հայրն ու եղբայրը տանին։ Ու երբ զայրացած կ՛ուղղուէր դէպի քափթընը, զինուորներէն մէկը կոշտ հրեց զինք դէպի պատը։
Այս միջոցին էր, որ Մայք նկատեց ճաշասենեակին պատէն կախուած նախ խաչը, ապա՝ նկարը, ու հայեացքը սառած մնաց նկարին։ Երբ Մայքին կեդրոնացումը բաւական տեւեց, զինուորները չգիտնալով իրենց յաջորդ առնելիք քայլը, շուարած ու զարմացկոտ զիրար կը դիտէին։ Մայք պահ մը ետք սթափելով, դարձաւ աղջկան ու հարցուց։
– Այս լերան նկարը հոս ի՞նչ կ՛ընէ։
– Ասիկա որեւէ լեռ մը չէ, այլ Արարատն է եւ գրեթէ ամէն հայու տան մէջ կրնաս գտնել անոր նմանօրինակը։
– Անունդ ի՞նչ է։
– Սեդա – պատասխանեց աղջիկը խրոխտ։
– Դուք հոս ի՞նչ կ՛ընէք։
– Այս մեր տունն է։ Մենք մեր երկրին եւ մեր տան մէջ ենք։ Դուն ինծի ըսէ թէ դու՞ք ինչ գործ ունիք մեր երկրին եւ մեր տան մէջ։
– Մենք…մենք… – տատամսեցաւ Մայք – Մենք ալ… այս նկարէն ունէինք մեր տան մէջ։
Եւ նկատելով Սեդային եւ միւսներուն զարմացական հայեացքը, ցուցամատը ուղղեց իր զինուորական համազգեստին ձախ կուրծքին, ուր կար իր մականունը, որ կը վերջանար
«IAN»ով։
– Հայ է մրթմրթաց Սեդային մայրը, տակաւին ձայնին մէջ դող մը։
– Հայ է երկրորդեց հայրը։
Մայք բացատրեց իր տղոց, որոնք այս բոլորէն բան մը չհասկնալով, ապշած կը դիտէին իրենց համար անհասկնալի այս զաւեշտը, թէ պէտք չունին իրենց հրացանները պատրաստ վիճակի մէջ պահելու, այլ հանդարտին եւ ապահով զգան։ Ապա դառնալով հայ ընտանիքին, ըսաւ թէ իրենց հրահանգուած է, թէ ուր որ խուզարկութեան երթան, հոն եղող այրերը ձերբակալելով պէտք է հարցաքննութեան տանին։ Սակայն վստահ ըլլալով իրենց վնասակար չըլլալուն, կը խնայէ հօրը եւ միայն երիտասարդը կը տանի իր հետ։ Սեդային եւ ընտանիքին առարկութեան վրայ, Մայք վստահեցուց անոնց, թէ այս ձեւակերպութիւն մըն է, որմէ ինք չի կրնար խուսափիլ եւ թէ հարցաքննութիւնը ինք անձնապէս պիտի կատարէ եւ յաջորդ առաւօտուն իսկ ան արդէն տուն կը վերադառնայ։ Մայք իր զինուորներուն պատուիրեց Լեւոնի աչքերը չկապել: Ձեռնակապուած Լեւոնը հետերնին առնելով, խումբը հեռացաւ՝ ետին ձգելով արտասուաթոր ընտանիք մը։ Վերադառնալով իրենց կեդրոնը, որ կը գտնուէր կանաչ գօտիէն ներս (green zone), Մայք շիտակ գնաց իր հրամանատարին՝ Colonel Wesleyին մօտ, որ մեծ համարում ու վստահութիւն ունէր Մայքին հանդէպ, եւ առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ.
– Չորս ամիս է, որ մէկ հասցէէն միւսը կ՛երթանք, հետեւելով «գաղտնի» եւ «ստուգուած»

տեղեկութիւններուն եւ մինչեւ հիմա ոչ մենք, ոչ ալ միւս խմբակներէն որեւէ մէկը, որոնք նոյն առաքելութեամբ կը զբաղին, զանգուածային քանդիչ զէնքերու հետքն իսկ չենք գտած։ Կամ այս տեղեկութիւնները մեզի հայթայթող լրտեսները խաբեբայ սրիկաներ են, կամ ալ մեր վերին հրամանատարները գիտնալով հանդերձ, թէ այսպիսի զէնքեր գոյութիւն չունին, պարզապէս մեր եւ ամերիկացի ժողովուրդին աչքին փոշի կը ցանեն։
– Մենք բանակայիններ ենք։ Թէեւ ես ալ երբեմն կասկածներ կ՛ունենամ, բայց հրահանգը պէտք է գործադրուի։ Մէկ բան նկատի ունեցիր. մենք հոս եկած ենք վեհ առաքելութեան մը համար, պատասխանեց Ուսէլի:
– Վեհ առաքելութիւ՞ն։ Անմեղ ընտանիքներուն տուները մտնելով, կահ կարասի փճացնել եւ զանոնք սարսափի մատնե՞լն է մեր վեհ առաքելութիւնը, սրտնեղած պատասխանեց Մայքը:
– Պատերազմի մէջ միշտ անմեղ տուժողներ պիտի պատահին։
Մայք խորշանքով հեռացաւ colonel-ին գրասենեակէն։
Երեկոյեան ուղղուեցաւ Լեւոնին բանտարկուած խցիկը։ Փոխանակ իրական հարցաքննութեան, Մայք հետաքրքրուեցաւ Լեւոնին ընտանիքով։
Իմացաւ թէ ընտանիքը բարեկեցիկ է։ Հայրը, Կարապետ, ինքնաշարժի նորոգութեան յաջող գործ ունի, բայց երկու ամիս առաջ, արձակուած հրթիռէ մը վնասուելով, գործատեղին ներկայիս նորոգութեան մէջ է։ Մայրը Հերմինէն, տան տիկին է։ Քոյրը Սեդան, Պաղտատի համալսարանէն անգլերէն լեզուին մէջ մասնագիտանալէ ետք, ներկայիս հայկական դպրոցի մը մէջ անգլերէն կը դասաւանդէ։ Մայք զարմանքով իմացաւ, թէ Պաղտատի մէջ հայկական դպրոցներ գոյութիւն ունին. նաեւ՝ եկեղեցիներ։ Փոքր քոյրը Արմինէն, երկրորդականի ուսանող է, իսկ ինքը Լեւոնը, համալսարանի ուսանող։ Այս միջոցին Մայք նկատեց Լեւոնին վիզէն կախուած ոսկի շղթան, ոսկիէ խաչով եւ ոսկիէ ձուլուած Արարատով։ Լեւոնին վստահեցնելէ ետք, թէ չմտահոգուի եւ թէ յաջորդ առաւօտ իսկ տուն կրնայ մեկնիլ, Մայք ուղղուեցաւ իր սենեակը, օրուան դէպքերն ու անոնց վերլուծումները արձանագրելու իր lap top ին վրայ։
Այդ գիշեր Մայք երկար մտածեց այս հայ ընտանիքին, մանաւանդ Սեդային մասին, որոնց կիրակնօրեայ անդորրը ինք եւ իր զինուորները կոպտօրէն խանգարած էին։ Յետոյ մտածեց Արարատ լերան նկարին մասին, որուն նմանը իրենք ալ ունէին իրենց տան ճաշասենեակին պատին։ Ժամանակին ինք անոր գոյութեան նոյնիսկ երբեք չէր անդրադարձած. բայց հիմա, այսքան հեռուէն եւ մանաւանդ օրուան դէպքերէն ետք, որքան հարազատ կը զգար անոր։ Յուզումով յիշեց հայրը, որ զինքը գայլիկ ալ ըրած էր հայկական ակումբի մը մէջ։ Յիշեց թէ ինչպէ՞ս ինք քանի մը անգամ, այդ միութեան տողանցքներուն մասնակցած էր, քալելով բազմահազար հայերու ներկայութեան, որմէ ետք հայրը ի՞նչ խանդաղատանքով ու հպարտութեամբ զինք գրկած ու համբուրած էր։ Երբ հազիւ տասներկու տարեկան էր, նոյն հայկական ակումբին փոքրերու խումբէն ֆութպոլ ալ խաղացած էր։ Յիշեց թէ ինչպէս մրցաշարքի մը ախոյեանութեան մրցումին, վերջին վայրկեաններուն ինք նշանակած էր մրցումին միակ եւ յաղթական կօլը։ Խաղին վերջաւորութեան, հայրը զինք իր ուսերուն վրայ բազմեցնելով, վազած էր դաշտին եզերքէն, մինչ ինք երկու բազուկները լայն բացած, հերոսի մը նման կ՛ողջունէր իրենց խումբին համակիրները։ Օ՜, որքան կարօտցած էր հայրը։ Եւ այդ կարօտը սաստիկ յուզեց զինք ու յուզումը զօրացաւ, խտացաւ ու վեր բարձրանալով, Մայքին աչքերը տամուկցուց։
Երեք օր վերջ, ուրիշ առաքելութենէ մը դարձին, Մայք նկատեց թէ շատ մօտ են Սեդայենց տան։ Կիրակիէն ասդին Սեդային իգականութիւնը կլանած էր իր էութիւնը։ Հրահանգեց զինուորներուն ուղղուիլ հոն։ Թելադրելէ ետք իր զինուորներուն, որ աչալուրջ հսկեն փողոցը ու անտեսելով անոնց կատակախառն նկատողութիւնները, մօտեցաւ դրան ու հնչեցուց զանգը։ Այդ պահուն տան հայրն ու զաւակը գործատեղին էին, նորոգութեան աշխատանքներուն հսկելու։ Սեդան էր դուռը բացողը: Ան տեսնելով Մայքը՝ անակնկալի եկաւ։ Մայք շատ քաղաքավար ներողութիւն հայցելէ ետք, արտօնութիւն խնդրեց քանի մը վայրկեան ներս մտնելու։
– Առաջին անգամ դուռը խորտակելով ներս մտնելէ ետք, այս ի՞նչ հեզ ու փափկանկատ կեցուածք – ըսելէ ետք, Սեդա ներս հրաւիրեց զինք։
Այս այցելութիւնը արտօնուած չէր եւ Մայք պէտք էր շտապէր։ Ինք եկած էր անձամբ ներողութիւն խնդրելու այն օրուայ անհաճոյ դէպքին համար։
Ներողամտութիւնը ընդունուեցաւ Սեդային, մօր եւ քրոջ կողմէ, բայց ոչ սրտաբաց։ Քիչ մը զրուցեցին։ Պաշտօնական։
Մայք տեղեկացաւ թէ հօրը գործատեղին գոցուելով, ընտանիքը քիչ մը նիւթական անձկութեան մէջ է եւ Սեդա հակառակ հօրը ընդդիմութեան, դիմած է ամերիկեան իշխանութիւններուն մօտ աշխատանքի, որպէս թարգմանիչ. բայց տակաւին որեւէ պատասխան չէ ստացած։
Այս, Մայքին սպասած ոսկի առիթն էր։
– Իմ մեծաւորս իր թարգմանիչին հաւատարմութեան եւ անկեղծութեան հանդէպ կասկածներ ունենալով, անցեալ շաբաթ զայն գործէն արձակեց եւ հիմա նորի մը փնտռտուքին մէջ է։ Վստահ կրնաս ըլլալ, որ այդ պաշտօնը ապահովուած է քեզի համար։
Հինգ օր ետք Սեդա գործի էր։
Տասը օրը չամբողջացուցած, Սեդա իր խնամուած անգլերէնով, աշխատանքի մասնագիտական մօտեցումով եւ վստահութիւն ներշնչող անհատականութեամբ, Մայքի մեծաւորին, Colonel Wesley-ի աչքին լոյսը դարձած էր։ Գործին բերումով Սեդա նաեւ ամէն օր պէտք էր հանդիպում ունենար Մայքին հետ, տեղեկութիւններ փոխանցելու։ Շրջան մը ետք սկսան հանդիպիլ նաեւ ճաշի կամ սուրճի դադարներուն։ Համակրանքի շրջանը սկսաւ դանդաղ, բայց՝ ամուր։ Ապահովութեան համար եւ Colonel Wesley-ի կարգադրութեամբ, Սեդա կը մնար կանաչ գօտիէն ներս, հիւանդապահուհիներուն յատկացուած բաժնին մէջ, շաբաթը անգամ մը այցելելով ընտանիքը։
Այդ հանդիպումներուն էր, որ Մայք պատմեց իր ընտանիքին մասին, հօրը մասին, որ եկած էր Միջին Արեւելքէն եւ համալսարանին մէջ հանդիպելով հայութենէ անտեղեակ երրորդ սերունդի ամերիկահայուհի Քրիսթինի, ամուսնացած անոր հետ, ունենալով Մայքը եւ քոյրը Քէթրինը։ Պատմեց իր գայլիկ ըլլալուն մասին, հայ ակումբի փոքրերուն հետ ֆութպոլ խաղալու, մանաւանդ հօրը զինք անպայման հայկական կեանքին առնչակից դարձնելու փորձերուն մասին։
– Երբ փոքր էի հայերէնը կը հասկնայի, նոյնիսկ քիչ մըն ալ կը խօսէի։
– Ինչո՞ւ մոռցար, ի՞նչ եղաւ։
– Հօրս մահանալէն ետք, երբ ես տասներեք տարեկան էի, մայրս ուզեց իր ընտանիքին մօտ ըլլալ եւ Լոս Անճելըսը ձգելով, փոխադրուեցանք Վիրճինիա, ուր ոչ հայկական շրջանակ՝ ոչ ալ հայու երես տեսայ։
– Չէի գիտէր թէ հայրդ մահացած է. շատ կը ցաւիմ։
– Անցած պատմութիւն է, արդէն ընտանեօք թէեւ չհաշտուած, բայց ընդունած ենք։ Գինով վառորդ մը, կարմիր լոսը անտեսելով, իր ինքնաշարժը ուժգին հարուածած էր հօրս կողմի դրան։ Ըսին թէ հօրս մահը վայրկեանական եղած էր։ Շատ կապուած էի հօրս, ու անոր կորուստը, տասնըչորս տարի ետք իսկ, տակաւին զիս կը խռովէ։ Միշտ կը յիշեմ զինք։
Այս վերջին նախադասութիւնը Մայք խեղդուկ ձայնով արտաբերեց։ Իսկ Սեդա չկրնալով ամոքիչ խօսք մը գտնել, Մայքին ձեռքը ամուր սեղմեց եւ խանդաղատանքով նայեցաւ անոր աչքերուն խորը։
Յաջորդ հանդիպումին էր, Մայք հարցուց.
– Հայրս այդ լերան հանդէպ տարբեր պաշտամունք մը ունէր, թէեւ փոքր էի, բայց կ՛ըմբռնէի։ Կը տեսնեմ նոյնը ձեր տան մէջ եւ նոյնիսկ եղբօրդ վզէն Արարատը կախուած է։ Ի՞նչ է այդ լերան հմայքը, որ ամէն հայ կը խնկարկէ անոր։
– Այդ սոսկական լեռ մը չէ, այլ Արարատն է։ Սրբութիւն մը եւ խորհրդանիշ մը ամէն հայու՝ մանաւանդ սփիւռքահայու համար։ Մեզմէ յափշտակուած մեր հայրենական գիւղերուն, տուներուն եւ հողերուն վերատիրանալու կրակը մեր մէջ վառ պահող ճրագն է։ Երբ ամէն ինչ կորսնցուցած ես եւ որպէս ազգ տարտղնուած աշխարհի ամէն ուղղութիւններով, պէտք է կառչիլ բանի մը, որ քու առօրեայէդ դուրս քեզի յիշեցնէ քու պատկանելիութիւնդ՝ ու կորսնցուցածիդ մասին։ Եւ անոր տիրանալու ու տենչալու կրակը վառ պահող ջահը ամէն տարագիր հայու հոգիէն ներս, ըլլայ ան հարաւային Ամերիկա, կամ՝ հիւսիւսային, Եւրոպա կամ Միջին Արեւելք, Արարատը այդ ջահն է. մեր իղձերն ու երազները վառ պահող անշէչ կրակը։
Մայք կրկին յիշեց հայրը, որ թէեւ այս խօսքերը չէր ըսած իրեն, բայց հիմա կը զգար հօրը ապրումներն ու հոգեվիճակը։ Այդ գիշեր հեռաձայնեց մօրը, հարցնելու իրենց տան Արարատի նկարին մասին։ Մայրը ըսաւ թէ հօր միւս անձնական իրերուն հետ, վարը գետնայարկը սնտուկի մը մէջ ըլլալու է։ Մայք խնդրեց, որ զայն գտնէ եւ կրկին կախէ իրենց ճաշասենեակի պատէն. եւ երբ քանի մը ամիսէն ինք արձակուրդի գայ, այդ նկարը անպայման հոն տեսնել կ՛ուզէ։
Երկու օր ետք, Մայք խնդրեց Սեդայէն գտնել այն ոսկերիչը, որ իր եղբօր Արարատը սարքած է. որովհետեւ ինք ալ կ՛ուզէ զայն ունենալ իր կուրծքին վրայ։
– Միայն Արարատը կուրծքիդ կրելով բան չի փոխուիր Մայք։ Արարատի խորհուրդը, անոր ներշնչումը հոգիիդ խորը ունենալն է էականը։
– Հօրս կարօտը շատ կը զգամ։ Այս ձեւով հօրս յիշատակը միշտ հետս կ՛ըլլայ։ Եւ նաեւ, հայութիւնը ինծի համար յորդառատ գետ մըն է, իր մշակոյթով ու կենցաղով զօրաւոր կարկաչող գետ մը։ Ես կը նմանիմ այդ գետէն շեղած շատ փոքր առուակի մը, որ ի վերջոյ առանց իր աւիշը կարենալ առնելու գետէն, դատապարտուած է լճացումի, ճահիճացման եւ՝ ապականումի։ Եթէ հայրս ողջ ըլլար, անպայման զիս ետ մայր գետին կը վերադարձնէր. բայց հիմա կը կասկածիմ։ Թերեւս Արարատը միշտ սրտիս վերեւ ունենալով, կարենամ հայութեան գետէն քիչ մը աւիւն ստանալ։
Սեդա եւ Մայք շատ երկար իրարու աչքերուն մէջ խորասուզուեցան։ Սեդա այնքան յուզուած էր, որ եթէ խօսէր, ձայնը պիտի խեղդուէր։ Անդիմադրելի բաղձանք մը ունեցաւ փաթթուելու Մայքին եւ անյագ համբուրելու անոր շրթները։ Բայց զսպելով ինքզինք, բաւականացաւ Մայքին թեւը շոյելով։
– Այդ ոսկերիչը հիմա Սուրիա կը գտնուի ապահովութեան համար։ Սակայն կան ուրիշ շատ մը հայ ոսկերիչներ, որոնք նոյնքան վարպետ են. կը խոստանամ հօրս կամ եղբօրս միջոցաւ, անոնցմէ մէկուն ապսպրել նոյնը։
Սեդային յաջորդ ընտանեկան այցելութենէն դարձին, Մայք կրկին հարցուց Արարատին եւ ոսկերիչին մասին։ Սեդա տեղեկացուց թէ եղբայրը արդէն գտած է ուրիշ հայ ոսկերիչ մը, որ ճիշդ նմանօրինակը շինել խոստացած է։
– Գինին մասին երբեք սակարկութիւն թող չընէ։ Քիչ մը աւելին ալ թող վճարէ, միայն լաւ եւ արագ ըլլայ։ Ըսաւ Մայք։
– Ի՞նչպէս եղաւ որ բանակային դարձած ես։
– Բժշկութեան ուսանող էի եւ նիւթականը միշտ մղձաւանջ դարձած էր։ Որոշեցի բանակին ծառայելու համաձայնագիր ստորագրել. տասը ամիս մնաց, որմէ յետոյ բանակը կը հոգայ համալսարանական ծախսերս։ Իսկ գալով ձեզի, որպէս հայ քրիստոնեայ, կրթուած ընտանիք մը, ինչպէ՞ս կը հանդուրժէք այս վայրենի եւ յետամնաց ժողովուրդին մէջ ապրիլ։
– Հայրս եւ մայրս հոս ծնած եւ մեծցած են, նմանապէս մենք։ Մինչեւ հիմա այդ «յետամնաց վայրենիներէն» ոեւէ մէկը մեր դուռը խորտակելով ներս չխուժեց, ինչպէս «քաղաքակրթուած» բանակի զինուորները, իրենց «քաղաքակրթուած» բժիշկ captain-ին առաջնորդութեամբ,։ Ըսաւ Սեդա ինք ալ հրճուելով իր սրամտութենէն։
– Երանի սրտիդ դռներն ալ խորտակելը այդպէս դիւրին ըլլար։
– Որպէսզի զա՞յն ալ մեր տան պէս տակն ու վրայ ընես ու հեռանաս, չար տղայ։
– Թերեւս զայն ալ նախ տակն ու վրայ կ՛ընեմ, բայց յետոյ կը գուրգուրամ ու վստահ եղիր ալ երբեք, երբեք չեմ հեռանար։
Երկուքով խնդացին։ Արդարեւ երկուքին համար ալ միւսին ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձած էր։ Տարօրինակ զգացումներ երկուքէն ներս ալ, սկսած էին գլուխ ցցել եւ սէրը գարնանային բողբոջներու պէս, պատրաստ էր պայթելու։
Երեկոյ մը նստած էին Green zone-ին հանդարտ մէկ մասը, bench-ի մը վրայ, Տիգրիսին նայող։ Տիգրիսը ժայռերուն զարնուելով կը շառաչէր, ապա՝ խաղաղ կը շարունակէր իր ընթացքը, ինչպէս դարերէ ի վեր, անտեղեակ իր ոռոգած հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդին ահին ու սարսափին։ Նոր մթնցած էր եւ արաբ տղեկ մը Տիգրիսի հեռուներէն նաւակի մը վրայ «եա լէյլի» կ՛երգէր յուզումով՝ ներշնչումով։ Մայք խօսեցաւ ապագայի մասին. իր ուսումը վերջացնելէ ետք, իր անձնական դարմանատունը բանալու, Ամերիկայի մէջ ընտանիք կազմելու եւ զաւակներ ունենալու մասին, անշուշտ Սեդային մասնակցութեամբ։ Բաւական մանրամասն խօսեցաւ Մայք։ Այս խօսքերը Սեդային ականջին նոյն տպաւորութիւնը ձգեցին, ինչպէս արաբ տղեկին երգած «եա լէյլին»։ Շատ հարազատ, բայց նոյն ատեն խորթ եւ շատ հեռուէն երեւցող պատկեր մը պղտոր։ Նոյն միջոցին հեռուէն արագահարուած զէնքերէ արձակուող փամփուշտներու տեղատարափին ձայնն էր ինքզինք պարտադրողը եւ «եա լէյլին» լռեց։
Սեդա ըսաւ թէ իրեն ընտանիք կազմելու միակ պայմանը, իր զաւակները հայ մեծցնելն է։ Հոս Իրաքի մէջ այլեւս անկարելի էր. Ամերիկա ալ շատ դժուար։ Հաւանաբար Հայաստան անոր ամէնէն յարմար վայրն է։ Հոն է որ Արարատը կայ խիստ պահակի մը նման, Սարդարապատը կայ, մեր գոյատեւումի պայքարը յուշող եւ Սեւանը՝ մեր յոյսերը ցոլացնող։
Սեդային խօսքերը Մայքին ականջին նոյն տպաւորութիւնը ձգեցին, ինչպէս հեռուէն լսուող արագահարուածներու փամփուշտները։ Շատ հարազատ, բայց նոյն ատեն երազ մը հեռուէն եւ պղտոր։
Սեդային վերջին տուն այցելութենէն առաջ, Մայք կրկին յիշեցուց Արարատի վզնոցին մասին, նոյն ատեն կատակելով։
– Ըսէ եղբօրդ, եթէ չաճապարէ, կրնամ զինք նորէն ձերբակալել եւ հոս գիշերել տալ։
Սեդա արմուկի թեթեւ հարուած մը մխեց Մայքին կողին։
Երկուշաբթի առտու երբ Սեդա կը վերադառնար Green zone, տրամադրութիւնը շատ բարձր էր։ Ընտանիքին կարօտը առած, կազդուրուած, մանաւանդ հետը ունէր Մայքին ապսպրած Արարատը։ Անշուշտ այդ իր նուէրը պիտի ըլլար Մայքին: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին կը մտածէր, թէ ինչպիսի անակնկալով յանձնէ զայն։ Ու կը մտաբերէր Մայքին հրճուանքով լեցուած ու զարմացած աչքերը եւ Սեդային հոգին կ՛ողողուէր երջանկութեամբ։
Երբ գրասենեակէն ներս մտաւ, Colonel Wesley-ի դէմքն էր Սեդային զարմանք պատճառողը։ Ան միշտ զուարթադէմ աշխոյժ եւ լաւ տրամադրուած կ՛ըլլար։ Հիմա ընկճուած, գունաթափ եւ լերան մը բերան տակ ծանրաբեռնուած վիճակ ունէր։ Բարի լոյսին հազիւ պատասխանեց եւ Սեդային հարցական ու զարմացական վիճակին վերջ տալու համար, ցած ու խեղդուած ձայնով ըսաւ։
– Երեկ գիշեր, Մայք արկած մը անցուց, այն զրահապատը որուն մէջ Մայք կը գտնուէր, հրթիռի ուղղակի հարուած ստացաւ։ Հիւանդանոցին երկրորդ յարկի թիւ հինգ սենեակն է։ Այսօր դուն քեզ գործէն ազատ զգայ եւ իր մօտը անցուր, անշուշտ բժիշկներուն թելադրանքներուն հետեւելով։
– Բայց այդ ամէնէն վտանգաւոր վիրաւորներուն բաժինն է։
– Այո– Հազիւ կրցաւ մրմնջել բարի Colonel-ը։
Այդ վայրկեանին Սեդային մարմինը սկսաւ քարանալ, արիւնը սառիլ եւ ուղեղը բթանալ։ Այդպէս քանի մը րոպէ ապուշցած քարանալէ ետք, արիւնը խուժեց ուղեղէն ներս եւ Սեդա խելագար վազեց դէպի հիւանդանոց։ Երկրորդ յարկի թիւ հինգ սենեակին մօտեցած էր, երբ nurse Շէլի, որ Սեդային ալ սենեկակիցն էր, դռնէն դուրս եկաւ։ Սեդային տեսնելով փաթթուեցաւ անոր ու փաղաքշական, քաջալերական քանի մը խօսք ըսաւ: Սեդա կտրուկ ուզեց իմանալ Մայքին վիճակին մասին։
– Վիճակը սաստիկ գէշ է, սակայն բժիշկները կը կարծեն թէ ամէնէն վտանգաւոր շրջանը անցաւ։ Ձեզ առանձին կը ձգեմ, եթէ պատահի որ արթննայ, յիշէ՛, զինք մի հարցապնդէր, այլ միայն խրախուսական խօսքերով քաջալերէ եւ յոյս ներշնչէ։
Մայք անշարժ եւ ահաւոր վիճակի մէջ պառկած էր։ Ամբողջ մարմինը վիրակապուած էր եւ թելերով շրջապատուած, որոնք կապուած էին տարբեր գործիքներու եւ պաստառներու։ Ոչ մէկ շարժում։ Սեդա նստաւ անկողնին կողքին, լուռ եւ տամուկ նայուածքը սեւեռած դէպի Մայքը։ Քիչ ետք Մայք սկսաւ գլուխը դանդաղ շարժել, ապա՝ քանի մը անգամ։ Սեդա խանդավառուած, սկսաւ խօսիլ։
– Մայք ես եմ, Սեդան. պիտի լաւանաս Մայք, հաւատայ որ պիտի լաւանաս։ Եւ մենք Մայք անպայման ընտանիք պիտի կազմենք եւ երեխաներ ունենանք, տարբերութիւն չընէր թէ ուր, բայց անպայման զաւակներ պիտի ունենանք։ Հաւատայ ինծի Մայք, հաւատայ քու Սեդայիդ։
Սեդա կը խօսէր ցած ձայնով բայց արագ, առանց ինք իսկ անդրադառնալու թէ ինչ կ՛ըսէր։ Տակաւին կը խօսէր Սեդա, երբ նկատեց որ Մայք աչքերը բացաւ։ Սեդային խանդավառութիւնը մինչեւ երկինքները հասած էր։
– Ես եմ Մայք, Սեդան, իմ սիրելի…
– Nurse ջուր կ՛ուզեմ։
Սեդա այլեւս բան մը չկրցաւ ըսել։ Արձանի մը երեւոյթը առած էր։
– Nurse կ՛աղաչեմ ջուր, կ՛այրիմ nurse։
Սեդա ինքզինք հազիւ զսպելով, սենեակէն դուրս սուրաց։ Դրան դիմաց, անցքին միւս կողմը, Շէլի աթոռի մը վրայ նստած, իր lap-top ին վրայ բաներ մը կ՛արձանագրէր։ Տեսնելով Սեդային սենեակէն կանուխ դուրս ելլելը, զարմանքով ոտքի ելաւ, հարցնելով թէ ի՞նչ եղաւ։
– æուր կ՛ուզէ – Ըսաւ Սեդա։
– Յուսամ չտուիր։
– Ոչ։ Չճանչցաւ, զիս չճանչցաւ Շէլի – Ըսաւ Սեդա, ու փղձկալով ինքզինք նետեց աթոռին վրայ։
Երբ Շէլի ներս մտաւ, ուշադրութիւնը կեդրոնացուց այն պաստառներուն վրայ, որոնք ցոյց կու տային Մայքին սրտին զարկը, արեան հոսքը եւ այլ էական տուեալներ։ Քիչ ետք Շէլի աչքերուն չհաւատացող նայուածքով աչքերը սեւեռեց պաստառի մը վրայ եւ անմիջապէս հեռախօսեց բժիշկներուն բաժինը։ Ակնթարթի մը մէջ չորս–հինգ բժիշկ եւ հիւանդապահ խուժեցին Մայքին սենեակէն ներս։ Սեդա այս իրարանցումէն այլայլած, ինք ալ ուզեց ներս մտնել, բայց արգիլեցին։ Սեդա վերադառնալով անցքի աթոռին, հոն կծկուեցաւ ու սկսաւ հեկեկալ։ Մեքենաբար ձեռքը գնաց վզէն կախուած խաչին, զայն մօտեցուց շրթներուն ու համբուրելէ ետք, աղօթեց.
– Բարեսիրտ Աստուած, գթասիրտ Աստուած, կ՛աղաչեմ լսէ, գոնէ այս անգամ լսէ զիս … ու չկրցաւ շարունակել։
Բաւական երկար այս անդոհանքին մէջ էր Սեդա, երբ սենեակէն առաջին ելլողը եղաւ Շէլի եւ Սեդային փաթթուելով սկսաւ հեծկլտալ։
– Ի՞նչ եղաւ Շէլի, ըսէ՛, ի՞նչպէս է, հաճիս ըսէ իրականութիւնը։
Շէլիին շրթները կը դողային, հազիւ կրցաւ շշնչել։
– Վերջացաւ, ցաւակցութիւններս. հիմա խաղաղ կը հանգչի։
– Ո ՛չ Շէլի, անկարելի է չի կրնար ըլլալ, այս գէշ կատակ մըն է, չամ հաւա… Ու Սեդա նուաղեցաւ։
Շէլի եւ ուրիշ հիւանդապահ մը, երեսին ջուր սրսկելով, նաեւ հեղուկ մը շնչել տալով, Սեդային արթնցուցին, որ մոլեգնոտ, բայց նոյն ատեն ահաբեկուած կերպարանք մը ունէր։ Քիչ մը այդպէս լուռ ինքնամփոփուելէ ետք, կթոտած ոտքերով ուղղուեցաւ Մայքին սենեակը. Շէլի ալ ետեւէն։ Բժիշկները արդէն հեռացած էին եւ բոլոր պաստառները՝ մարած։ Մայքին անշնչացած դէմքը այն տպաւորութիւնը կու տար, թէ խոր քունի մէջ է։ Սեդա համբուրեց անոր ճակատը ու նստաւ քովի աթոռին վրայ, հայեացքը սեւեռած Մայքին։ Շէլի չկարենալով կարեկցական խօսքեր գտնել, բաւականացաւ Սեդային ուսերը շոյելով։ Սեդային մարմինը սառնակոյտ դարձած՝ միակ կենդանութեան նշանը աչքերէն հոսող արցունքն էր։ Քիչ ետք, Սեդա պայուսակէն հանեց ոսկիէ Արարատը եւ զայն զետեղեց Մայքին կուրծքին վրայ, իր այրող արցունքներուն հետ միասին։