Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը, նոյն անասունին անունով: Այլ խօսքով չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: 2011 տարին նապաստակի տարի է:
Չինական աստղաբաշխութեան մէջ նապաստակը կը գրաւէ չորրորդ տեղը:
Կը կարծենք, որ շատեր հաւանաբար պիտի կարդան այս էջին խորագիրը միայն եւ թերեւս ալ անտարբերութեամբ պիտի դարձնեն զայն: Իսկ միւս կողմէ, ուրիշներ ալ կը կարծենք, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս խանդավառութեամբ պիտի ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կամ ինչեր պահած է իրենց կենդանակերպը:
Առ ի տեղեկութիւն, նախ ըսենք, որ չինական աւանդութեան համաձայն, կ՛ըսուի, թէ երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իր հետ, իր աստուծուն տանիլ, 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնետը եւ ապա անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Աւանդութիւնը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ամէնէն առաջ կատուն հասած էր, բայց մուկը զինք խաբելով, անոր տեղը գրաւած էր ու այսպէսով կատուն դուրս մնացած է այս շարքէն:
Իր կարգին Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով է, որ ամէն 12 տարին անգամ մը, կրկնուած է անասունին անունը:
2011՝ ՆԱՊԱՍՏԱԿԻ ԿԱՄ ՃԱԳԱՐԻ ՏԱՐԻ
Երկար եւ հին ժամանակներէ ի վեր, չինացի ժողովուրդին համար նապաստակը յոյսի խորհրդանիշը դարձած է: Իրենց աստղաբաշխութեան լուսին աստուածը իր գիրկին մէջ միշտ նապաստակ ունեցած է: Այս կը նշանակէ, թէ Նապաստակը չինացի աստուծուն շատ մօտիկ կենդանի մը եղած է:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, թէ նապաստակը արագութեան եւ հեռաւորութեան չափանիշն ալ է: Իրենց յղիութեան ժամանակ կիներուն արգիլուած է նապաստակի միս ուտել: Ընդահակառակն երբ անոնք ծննդաբերած են, նորածինին աշխարհ գալէն ետք նոյն այդ կիները միշտ մէկական նապաստակ նուէր ստացած են: Որովհետեւ ըստ այս ժողովուրդի աւանդութեան, նապաստակը խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն բերող անասուն մըն է:
Անոնք, որոնք Նապաստակի նշանին տակ ծնած են կամ այս տարի պիտի ծնին, կ՛ըլլան ազնիւ եւ զգայուն, լաւ յիշողութեան տէր անձեր: Կը սիրեն ուրիշներու հետ միշտ հաղորդակցիլ եւ գործակցիլ: Շատ կը սիրեն կեանքն ու իրենց կեանքի ընկերը: Կ՛ուզեն շատ զաւակներ ունենալ: Յաճախ կ՛ըլլան արկածախնդիր: Նապաստակի տարիներուն ծնածները կ՛ըլլան նաեւ ստեղծիչ եւ հնարիչ: Ընկերասիրութեան կողքին անոնք զգուշաւոր ալ են:
Անոնք չեն սիրեր վտանգաւոր որոշումներ կամ քայլեր առնել:
Այս նշանին տակ ծնածները կը սիրեն մշակութային կեանքն ու օտարները: Իրենց համար իրենց տունն ու տնեցիները ամէնէն ապահով բաներն են:
Այսպէս, ըստ չինական աստղագիտութեան, նապաստակի տարին ծնածները կ՛ըլլան մարդասէր, ընկերասէր եւ ընտանիքին համար զոհուած անձեր: Անոնք, մարդոց իրենց հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանին, առանց դիմացինը լաւ մը ճանչնալու կը վստահին անոր:
Յաճախ արագ որոշումներ կ՛առնեն: Այս մէկը նոյնիսկ իրենց առողջութիւնը կը խանգարէ: Շատ պահպանողական ըլլալով իրենց զգացումները դիւրութեամբ չեն բացայայտէր: Իրենց ցաւը իրենց մէջ պահելու արժանիքնը ունին եւ այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ իրենց առողջութիւնը կորսուի:
Նապաստակի տարիներուն ծնածաները կ՛ըլլան լաւ դիւանագէտներ, բժիշկներ, դերասաններ, քաղաքագէտներ, գրողներ, մտաւորակններ եւ կրթական մշակներ:
Բարի բնաւորութեան տէր են եւ կը սիրեն վստահիլ իրենց ընկերներուն:
Կը սիրեն լաւ հագուիլ եւ զարդարուիլ: Ճաշակաւոր կ՛ըլլան եւ միշտ՝ իրենց արտաքին տեսքին հոգ տանող:
Զգայուն են եւ շատ ռոմանթիկ: Անոնք կը սիրեն նաեւ խմբական աշխատանքն ու ընկեարային կեանքը: Ընտանիքը իրենց համար սրբութիւն է:
Նապաստակի լաւ ամիսներն են Փետրուար, Ապրիլ եւ Դեկտեմբեր:
Բախտաւոր թիւերն են.- 8-13-24-40
Նապաստակ.- 1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011
Նապաստակի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր.-
Ալպըրթ Այնշթայն, Պապ Պէնէտիքթ, Անճելինա Ժօլի, Պրատ Փիթ, Ճանի Տեփ, Տէյվիտ Պէքամ, Թայկըր Ուուտ եւ Ուիթնի Հիւսթըն:
———————————————————————————————————————————–
2011ի Տարին Եւ Իր Գուշակութիւնները

Նշանաւոր աստղագէտներու, բախտագուշակներու եւ աստղաբաններու՝ յատուկ կայքերու վրայ հրապարակուած 2011 տարուան գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, այս բաժինով կը փորձենք մէկտեղել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:
Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, թէ 2011ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2010էն: Անցեալ տարուան իրադարձութիւններն ու զարգացումները նկատի ունենալով՝ մարդիկ արդէն որոշ պատկերացում մը կ՛ունենան նոր տարուան ընթացքին պատահելիք դէպքերուն մասին:
2010ի հրաժեշտը եւ 2011ի գալուստը մարդոց մէջ պիտի շեշտէ լաւին ձգտումը, խաղաղ ու բնական կեանք մը ապրելու փափաքը եւ աշխարհի ապահովութեան ու կայունութեան համար եղած բոլոր բարեմաղթութիւնները:
Մարդիկ, ի տես անցնող տարուան ընթացքին աշխարհի ապրած դժուար ու վտանգաւոր օրերուն, վերիվայրումներուն կեանքի համար մղուած պայքարներուն, տակաւին բարին պիտի յուսան, որ իրենց երազներն ու փափաքները իրականացնեն:
Բնականաբար աշխարհը մէկ օրէն միւսը անմիջապէս պիտի չբարեփոխուի, քաղաքական կեանքը արագ յեղաշրջումներ պիտի չապրի եւ մարդոց տուներուն մէջ յանկարծ բարեկեցիկ կեանքի մը պատկերները պիտի չյայտնուին:
Հիմնուելով անցեալ տարուան որոշ տուեալներուն վրայ, այս տարուան ընթացքին շատ հաւանաբար պիտի բազմանան պատերազմները, ահաբեկումները, բնական աղէտները, յատկապէս՝ Արեւելքի մէջ:
Նաեւ կը գուշակուի, որ 2011 տարին ըլլայ բախտաբեր եւ յաջող տարի մը փաստաբաններուն, առեւտրականներուն եւ քաղաքական դէմքերուն:
Բայց ինչ, որ ալ ըլլան 2011 տարուան մասին յայտնաբերուած կարծիքները եւ գուշակութիւնները, մեր կարգին մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ամէնէն բարին:
Համադրումի մեր աշխատանքին մէջ փորձեցինք բոլոր գուշակութինները մէկտեղել.
– Նախագահ Պ. Օպամա այս տարուան ընթացքին շրջապտոյտներ պիտի կատարէ դէպի արաբական եւ եւրոպական երկիրներ:
– Միացեալ Նահանգներ ճնշում պիտի բանեցնէ Լիբանանի վրայ՝ դիմադրութիւնը զինաթափ ընելու համար:
– «Քայիտա»ն կրկին ահաբեկչական գործողութիւն մը պիտի իրականացնէ եւրոպական մեծ քաղաքի մը առեւտրական կեդրոնին մէջ:
– «Խաղաղութեան ճամբու քարտէս»ը, եթէ նման քարտէս տակաւին գոյութիւն ունի, այս տարի պիտի գծուի պաղեստինցիներու արեամբ:
– Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական արարքները պիտի աւելնան:
– Տոլարի անկում եւ կեանքի սղութիւն պիտի շարունակուի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
– Իսրայէլ պիտի կործանէ Իրանի հիւլէակայանները:
– Ամրան վերջին մեծ երկրաշարժ՝ Քալիֆորնիոյ մէջ:
– Բնակարաններու տագնապը պիտի շարունակուի:
– Քարիւղի տակառի գինը կրկին անգամ պիտի բարձրանայ:
– Ամերիկա պիտի դիմագրաւէ ուտեստեղէնի զանազան տեսակի տագնապներ:
– Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացիք մեծ կորուստներու պիտի ենթարկուին:
– Տնտեսական տագնապը պիտի շարունակուի երկար ամիսներ:
– New York Stock-ը մեծ վերիվայրումներ պիտի ունենայ:
– Հոլիվուտի համբաւաւոր դերասաններէն վեցը պիտի մահանան:
– Ամերիկա պիտի սարսափի ահաբեկիչներէն եւ անձնասպանական արարքներէն:
– Գուպայի նախագահը պիտի մահանայ:
– Ոսկիի գինը շատ պիտի բարձրանայ:
– Համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը մտավախութիւնը պիտի շատնայ:
– Անգլիոյ թագուհին եւ իր գահը նոր տագնապներ պիտի ապրին:
– Անկլիքան եկեղեցին լուրջ տագնապներէ պիտի անցնի:
– Իսլամ ծայրայեղականներ ամէն հակառակորդ երկրի մէջ պիտի շարունակեն անձնասպանական իրենց արարքները:
– Եւրոպա եւ Ռուսիա ահաբեկիչներու թիրախը պիտի դառնան:
– Մահացու երկրաշարժներ պիտի ցնցեն Ասիան:
– Համաշխարհային կարեւոր դաշնագիրներ պիտի ստորագրուին:
– Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն մէկուն միջեւ կնքուած աթոմական գաղտնի դաշանգիրը երեւան պիտի ելլէ:
– Ռուսիա պիտի ապրի անձնասպանական արարքներով լեցուն մթնոլորտի մէջ:
– Աշխարհի առաջնորդները իրենց ժողովուրդները պիտի պահեն վախի մէջ:
– Կրօնական հարցեր պիտի տագնապեցնեն Ամերիկան ու Վատիկանը:
– Ծախու բնակարաններու գիները զգալի յաւելում պիտի կրեն:
– Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնայ հիւլէական ուժանիւթի ծրագիրներու իրագործման:
– Պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ անձնասպանութիւնը պիտի դառնայ նորաձեւութիւն:
– Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի յարաբերութիւնները պիտի վատթարանան:
– Իսլամ ծայրայեղականներ յարձակում պիտի գործեն Վատիկանի վրայ:
– Իրան աշխարհի քարիւղի տագապի ծնունդ պիտի տայ:
– Իրաք մեծ դժուարութիւններու առջեւ պիտի գտնուի:
– Միջին Արեւելքի երկիրները պիտի ապրին ահաբեկչական մթնոլորտի մը մէջ:
– Իսրայէլ կուսակցական տագնապներ պիտի ապրի:
– Չինաստան եւ Գուպա սերտացումը պիտի մտահոգէ աշխարհը յատկապէս՝ Միացեալ Նահանգները:
– Սուրիա-Լիբանան յարաբերութեանց վատացումէն օգտուելով, Իսրայէլ Լիբանան պիտի ներխուժէ:
– Իսլամ ծայրայեղականներ պիտի փորձեն ահաբեկել Սուրիոյ նախագահը:
– Իսրայէլ պիտի իրականացնէ հսկայ պարիսպի շինութեան ծրագիրը իր եւ արաբներու միջեւ:
– Հիւսիսային Քորիա համաձայն պիտի գտնուի հիւլէական իր աշխատանքները դադրեցնել:
– Ահաբեկիչներ պիտի թունաւորեն զբօսանաւերու խմելիք ջուրերն ու ուտելիքները:
– Աշխարհը բանջարեղէններու քանակի պակասի լուրջ տագնապ մը պիտի ապրի:
– Աւստրալիա ահաբեկչական արարքներու նոր թիրախ մը պիտի դառնայ:
– Եւրոպա աննախընթաց անձրեւներու, կարկուտի ու փոթորիկներու տարի մը պիտի ապրի:
– Չինաստան իր յստակ խօսքը պիտի ունենայ Եւրոպական հարցերուն մէջ:
– Կաթոլիկ եկեղեցին անգամ մը եւս մեծ ցնցումներու պիտի ենթարկուի:
– Ափրիկէի մէջ AIDS-էն մահացողներուն թիւը պիտի բազմապատկուի:
– Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ գործադուլները անպակաս պիտի ըլլան:
– Ասիոյ մէջ ամբարտակներ փուլ պիտի գան: