Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը ունի իր խնամակալութեան ծրագիրը, որ նոր թափ ստացաւ 2004ին: Այս ծրագիրի նիւթական օժանդակութեամբ, թեմէն ներս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ ձեռնադրուեցան հինգ երիտասարդ քահանաներ, որոնք կը պաշտօնավարեն թեմէն ներս: Ներկայիս քահանայութեան թեկնածու չորս սարկաւագներ համալսարաններու մէջ կը ստանան աստուածաբանական իրենց բարձրագոյն ուսումը: Խնամակալներուն ի պատիւ հիւրասիրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 23ին, կ.ե. ժամը 1:30ին, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ: Երկար տարիներէ ի վեր խնամակալութեան ծրագիրի ատենապետն է դոկտ. Վահրամ Պիրիճիք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.