
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Դեկտեմբեր 27ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Օրինաց Երկիր (ՕԵԿ) կուսակցութեան նախագահ Արթուր Բաղդասարեան յայտարարած է, թէ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի Դեկտեմբեր 26ի նիստին հիման վրայ, պաշտօնանկ եղած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալաւերդեան:
Արթուր Բաղդասարեան նաեւ յայտնած է, թէ նախարարի նոր թեկնածուին անունը պարզ կը դառնայ նոր տարուան սկիզբը: «Կան մի քանի թեկնածուներ, որոնց անունները հիմա չեմ կարող տալ: Նրանց առաջադրումը որոշակի ժամկէտ ու քննարկում է պահանջում», ըսած է Բաղդասարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նախարարին պաշտօնազրկումը կուսակցութեան հանդէպ եղած ճնշումներու արդի՞ւնք է՝ Արթուր Բաղդասարեան յայտնած է. «Ճնշելն այդքան էլ հեշտ չէ: Մենք գտնւում ենք մեր գործընկերների հետ քաղաքական երկխօսութեան դաշտում: Դա մեր քաղաքական թիմի որոշումն է, բայց քանի որ ՀՀ նախագահը ընդհանուր քաղաքական ղեկավարն է այսօր, բնականաբար, այդ որոշումը ես քննարկել եմ նաեւ նախագահի հետ»: