ՊՈԼԻՍ, «Զաման», «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, ամփոփելով 2010ի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը՝ խօսած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց մասին եւ պնդած, թէ այդ գործընթացին մէջ առաջին ետքայլը Թուրքիան չէ առած։
«Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները այլեւս պիտի չվերադառնան այն վիճակին, որ գոյութիւն ունէր 2009ի Հոկտեմբեր 9ին (արձանագրութիւնները ստորագրուեցան Հոկտեմբեր 10ին)։ Կարեւորը ոչ թէ սահմաններու բացումն է, այլ այդ սահմանները բաց պահելը, ինչ որ կախեալ է հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններէն», յայտարարած է Տաւութօղլու։
Անդրադառնալով Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Անգարա պիտի փոխէ Սփիւռքի նկատմամբ իր վերաբերմունքը. «Մենք պիտի փոխենք Սփիւռք գաղափարը։ Սփիւռքի նկատմամբ թշնամական մօտեցում ունէինք եւ ատիկա պիտի փոխենք։ Նշանակութիւն չունի՝ հայ, թէ յոյն։ Արտերկիր ապրող մեր քաղաքացիները, որոնք մինչեւ իսկ Թուրքիան չեն տեսած, միեւնոյնն է, անոնք մեր սփիւռքի մէկ մասն են», ըսած է Տաւութօղլու, առանց մանրամասնելու:
Ան նաեւ խօսած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան մասին՝ յայտնելով. «Մենք ժողովրդավարութեան անցման դժուարութիւնները կը քաշենք, իսկ Հայաստանը կը քաշէ ոչ լիարժէք ժողովրդավարութեան դժուարութիւնները»։
Նախարարը խօսեցաւ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին ու ըսաւ. «Մենք այն երկիրը չենք, որ իբրեւ ցեղասպան երկիր պիտի ամբաստանուի այն ժողովուրդներուն կողմէ, որոնց հետ այս հողերուն վրայ միասին ապրեր ենք հազարաւոր տարիներ։ Ճիշդ չեմ գտներ, որ այսպիսի յանցագործութիւն մը վերագրուի մեր ժողովուրդին։ Այս խնդիրին մէջ մեր ուսերուն կ՛ուզեն բեռցնել յանցագործութեան զգացում մը, ինչպէս բեռցուեցաւ գերմանացիներուն վրայ։ Բայց գերմանացիները արժանի էին այդպիսի մեղադրանքի, մինչդեռ Թուրքիա ցեղասպանութեան յանցանք չէ գործած։ Ես լաւ կը հասկնամ հայերուն ցաւը, բայց անոնք ալ մեր ցաւը լաւ թող հասկնան։ Կը խօսինք շրջանի մը մասին, երբ հսկայ կայսրութիւն մը հաշուեյարդարի ենթարկուած էր։ Այդ շրջանին ամէն մարդ կը տառապէր։ Հայերը այժմ կ՛աշխատին, որ Քոնկրեսին մօտ սպասող բանաձեւը իբր հիմ ծառայէ հատուցում պահանջելու դատերուն։ Մենք Օսմանեան կայսրութեան պարտքերը արդէն վճարած ենք, բայց եթէ անհատական պարտքերու մասին ալ պիտի խօսինք, այն ժամանակ մենք ալ Պալքաններու, Իրաքի կամ Կիպրոսի մասին հաշուեցուցակներ կը պատրաստենք։ Եթէ այս տեղերուն մէջ մեր անհատական վնասները մեզի պիտի վերադարձուին, ապա մենք ալ բանանք այս նիւթերը»։