ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Անգարայի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կապի Լեւի վերջերս Իսրայէլի մէջ արձանագրուած հրդեհի ընթացքին Թուրքիոյ ցուցաբերած օժանդակութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին այցելեց Թուրքիոյ կենսոլորտի նախարար Վէյսել Էրօղլուին։
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ վերջերս ստորագրուած Իսրայէլ-Կիպրոս համաձայնութիւնը սոյն հանդիպումին ընթացքին չէ քննարկուած, եւ այցելութիւնը միայն թրքական հրշէջ օդանաւերու Իսրայէլ ուղարկման համար շնորհակալութիւն յայտնելու նպատակով էր։
Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ կնքուած ծովային սահմանագծումի եւ բնական կազի ու քարիւղի պեղման համաձայնագիրը արժանացած է Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեքշաբթի օր համաձայնութեան ստորագրումը «ցաւալի զարգացում» կոչեց, եւ համաձայնութիւնը «չեղեալ ու անվաւեր» նկատեց, որովհետեւ ըստ Անգարայի, ան կ՛անտեսէ կիպրացի թուրքերուն իրաւունքներն ու իրաւասութիւնները։
«Թուրքիա, Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան կողքին պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ դիւանագիտական եւ քաղաքական խողովակներով պաշտպանելու համար կիպրացի թուրքերուն իրաւունքներն ու շահերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Իսրայէլի ենթակառոյցներու նախարար Ուլի Լանտօ հարցազրոյցի մը ընթացքին անտեսեց թրքական քննադատութիւնը՝ յայտնելով, որ Կիպրոսի հետ համաձայնութիւնը «յստակ կերպով կը ճշդէ Միջերկրականի մէջ մեր իրաւունքները»։
Կիպրոսի կառավարութեան բանբեր Սթեֆանոս Սթեֆանու իր կարգին յայտարարեց, թէ «Որեւէ երկիր իրաւունք չունի Կիպրոսի հարցերուն միջամտելու»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.