ՄՈՍԿՈՒԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ մէկ օր առաջ վաւերացուած «ՍԹԱՐԹ» համաձայնագիրին նոր տարբերակը, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հիւլէական հրթիռներուն թիւը կը սահմանափակէ ու կը շարունակէ անոնց աստիճանական կրճատումը:
Ռուս-ամերիկեան պայմանագիրը պէտք է վաւերացուի նաեւ Ռուսիոյ կողմէ, սակայն ռուս երեսփոխաններ յայտնեցին, թէ նախքան պայմանագիրին վաւերացումը, կարիքը ունին փաստաթուղթին ընկերակցող նոր որոշումը սերտելու:
Ռուսիոյ նախագահին մամլոյ քարտուղար Նաթալիա Թիմաքովա յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահը մեծ գոհունակութեամբ ընդունած է պայմանագիրի վաւերացման լուրը՝ յոյս յայտնելով, որ Ռուսիոյ խորհրդարանը եւ Դաշնակցային խորհուրդը (Ծերակոյտը) պատրաստ պիտի ըլլան քննելու այդ փաստաթուղթը եւ վաւերացնելու զայն. «Սկիզբէն ի վեր, Պարաք Օպաման եւ Տմիթրի Մետվետեւը համաձայնած էին, որ վաւերացման գործընթացը միաժամանակ պիտի ընթանայ», յիշեցուցած է Թիմաքովա։
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտրես Ֆոկ Ռասմուսըն, իր կարգին, ողջունեց «ՍԹԱՐԹ» պայմանագիրի վաւերացումը, որ ըստ իրեն, «զգալի ներդրում պիտի ունենայ եւրոատլանտեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքներուն մէջ»։
Ռուսիոյ խորհրդարանի՝ Տումայի, նախագահ Պորիս Կրիզլով յայտնեց, թէ ամերիկեան Ծերակոյտին կողմէ վաւերացման որոշումը, ըստ երեւոյթին, որոշ պայմաններ կը պարունակէ, ուստի ռուս օրէնսդիրները իրենց որոշումը տալէ առաջ պէտք է զգուշութեամբ սերտեն զայն։ Ան աւելցուց, որ Տուման այսօր կրնար վաւերացնել պայմանագիրը, եթէ ան անփոփոխ մնացած ըլլար:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր արձակուրդը յետաձգած էր՝ սպասելով «ՍԹԱՐԹ»ի վերաբերող պայմանագիրի վաւերացման: Ան Մետվետեւին խոստացած էր մինչեւ նոր տարի փաստաթուղթը վաւերացնել։
Այս առնչութեամբ, Օպամա ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, ծերակուտականներ Ճան Քերիի եւ Ռիչըրտ Լուկարի, եւ ընդգծեց, թէ փաստաթուղթի վաւերացումը շատ կարեւոր քայլ է, որ ոչ միայն աշխարհի վրայ խաղաղութեան ապահովման պիտի նպաստէ, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներուն եւ Ռուսիոյ պիտի օգնէ առաւել աշխոյժ կերպով զարգացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.