«Արարատ» վարժարանի երրորդ դասարանի աշակերտները Դեկտեմբեր 14ին այցելած են Լոս Անճելըսի անտուն քաղաքացիներուն օժանդակութիւններ տրամադրող «LA Mission», եւ ուտեստեղէն հրամցուցած են կարօտեալներուն՝ մարդասիրական այս առաքելութեամբ ջերմացնելով թէ՛ կարօտեալներուն եւ թէ իրենց սիրտերը: Անոնք նաեւ ներկայացում մը պատրաստած էին, որ արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեանց:
Աշակերտները նաեւ մասնակցեցան կեդրոնը տօնական օրերու յարմար զարդերով գեղեցկացնելու աշխատանքին: