
ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին, Թուրքիոյ մէջ կայացող Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութեանց ղեկավարներու գերաստիճանին ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կոչ ըրած է Հայաստանի, որ իր ուժերը հեռացնէ Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածքներէն», միաժամանակ աւելցնելով, որ Թուրքիա իր կարելին պիտի ընէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնելու համար:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին «Զաման»ի լրագրողին մէկ հարցումին՝ ըսած է. «Արձանագրութիւններուն նպատակը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելն է, սակայն նաեւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւն բերելը։ Այս գործընթացը պիտի շարունակուի մինչեւ Կովկասի ժողովուրդները զիրար յարգեն եւ խաղաղութիւն հաստատեն։ Պիտի շարունակենք Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացին զօրավիգ կանգնիլ»։ Տաւութօղլու նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիա կ՛ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը՝ միջազգային օրէնքի արժեչափերով։