
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ռաուլ Ուլըպըրկի անուան միջազգային հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արժանթինահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Էտուարտօ Էռնէքեանի հետ համագործակցաբար, որոշուած է Համաշխարհային Բ. պատերազի ժամանակ տեղի ունեցած հրեաներու Ողջակիզման ընթացքին հրեաներ եւ նազիներու հալածանքին թիրախ դարձած այլ քաղաքացիներ փրկած հայերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան մը կառուցել:
Աշխարհին մէջ իր տեսակով առաջինը հանդիսացող սոյն յուշարձանը պիտի հաստատուի Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ:
Այս հարցով Պուենոս Այրեսի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են հիմնարկութեան պատասխանատուները, մայրաքաղաքին քաղաքապետը եւ Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեանը:
Հիմնարկութիւնը նաեւ որոշած է հաստատել այս նիւթով համացանցային կայք մը, որ անգլերէնով եւ հայերէնով նիւթեր պիտի տեղադրէ: