ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանահայ գաղութի երիտասարդ արուեստագէտները քաջալերելու «Ազդակ»ի առաքելութեան շրջագիծին մէջ, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ Շաբաթ, 18 Դիկտեմբերի կէսօրէն ետք տեղի ունեցաւ երիտասարդական հանդիպում մը՝ մասնակցութեամբ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ անոնց աշխատանքներու պատասխանատու գեղանկարիչ Արա Ազատի։
Հանդիպման ընթացքին գեղանկարչութեան, թատրոնի, երգի եւ նուագի արուեստներուն հետեւող ու ստեղծագործող երիտասարդները, որոնցմէ շատեր Արա Ազատի հսկողութեամբ կազմակերպած եւ գործադրած էին «Փորթֆոլիօ-1» ցուցահանդէսը, միտքեր փոխանակեցին եւ առաջարկներ ներկայացուցին՝ նպատակ ունենալով հետագային գործադրուելիք «Փորթֆոլիօ-2» եւ «Փորթֆոլիօ-3» ցուցահանդէսներուն նախագիծերը մշակել։
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ աշխատանքի հետեւողականութեան անհրաժեշտութիւնը եւ նշուեցաւ, որ երիտասարդ արուեստագէտներուն կրնան միանալ նաեւ ուրիշներ, որոնք արուեստի մարզին մէջ տաղանդ ունին։
«Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց երիտասարդ արուեստագէտները եւ իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ շեշտելով, որ իր յարկին տակ երիտասարդ ստեղծագործողներ ներգրաւելու առումով, «Ազդակ»ը միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.