ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, Հոլիվուտի «Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի աշակերտներ՝ Հայկ Տէր Ղեւոնդեան եւ Յարութ Համզոյեան, ստացած են Լոս Անճելըս գաւառի փորձ-դատավարութեան (Los Angeles County Mock Trial) մրցանքին գլխաւոր մրցանակը, «Սթենլի Մոսք» դատարանին մէջ։
Մրցանքը հաւասարապէս բաց է Լոս Անճելըս գաւառի պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցներուն համար։ Փորձ-դատավարութեան մասնակից իւրաքանչիւր մրցող խումբ իր կազմին մէջ կ՛ընդգրկէ դատախազութեան (Prosecution) եւ դատապաշտպանութեան (defense) «փաստաբաններ» եւ «վկաներ», եւ իւրաքանչիւրը կը վիճարկէ այդ տարուան մրցակցութեան համար ստեղծուած դատական հարցին շուրջ։ Իւրաքանչիւր խումբ իր կազմին մէջ նաեւ կ՛ունենայ ուսումնական խորհրդատու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական ղեկավար, օգնելու, որ խումբը ըմբռնէ եւ կարենայ վիճաբանիլ դատական հարցին հետ կապուած օրէնքի ծալքերուն շուրջ։
«Ալէք Փիլիպոս»ի խումբին այս տարուան իրաւաբանական ղեկավարի պարտականութիւնը ստանձնած էր վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ «Տաղլեան» իրաւաբանական գրասենեակէն փաստաբան Կարօ Տաղլեան։
Հայկ Տէր Ղեւոնդեան արժանացաւ Առաջնակարգ դատապաշտպանի մրցանակին՝ վկաները եւ հակառակորդ կողմի ներկայացուցիչները հարցաքննելու իր փայլուն ելոյթներուն եւ պաշտպանական եզրափակիչ վիճարկում ներկայացնելուն համար։
Յարութ Համզոյեան կատարեց բացառիկ եւ ուշագրաւ ելոյթ մը, ուր ան խաղաց Քրիս Տրէյփըր վկային դերը, որուն համար ան արժանացաւ Դատախազութեան առաջնակարգ վկայի մրցանակին։
Այս տարի Լոս Անճելըս գաւառի փորձ-դատավարութեան մրցումներուն մասնակցած էին պետական եւ սեփական 60 դպրոցներ։ Սովորաբար, մրցանակի բաշխման համար նկատի չեն առնուիր դպրոցներու մեծ կամ փոքր ինչպէս նաեւ հանրային կամ սեփական ըլլալը։
«Անկասկած, որ մենք շատ հպարտ ենք մեր աշակերտներով», ըսաւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն Նազօ Աբանեան: «Անոնք ընտրուեցան մօտաւորապէս հազար մասնակիցներու ընդմէջէն՝ ստանալու համար այս մրցանակները։ Մենք նոյնպէս հպարտ ենք մեր վարժարանով եւ ուսուցիչներով, որոնց շնորհիւ մեր մրցողները ձեռք բերած են համապատասխան հմտութիւն ու ճարտարութիւն՝ ելոյթ ունենալու բացառիկ կատարողութեամբ։ Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել փաստաբան Կարօ Տաղլեանին, որ իր թանկարժէք ժամանակն ու կորովը անսակարկօրէն տրամադրեց՝ մեր խումբը պատրաստելու այս փայլուն յաղթանակին համար», եզրափակեց տնօրէնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.