ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Երկու հարիւր տարի առաջ երկու փիլիսոփաներ՝ Ժերեմի Պերթհամ եւ Էմմանուէլ Քանթ պատերազմ եւ խաղաղութիւն թեմայի շուրջ կը գրէին իրերամերժ, մէկը միւսին հակաբեւեռը հանդիսացող միտքեր. սակայն պատերազմի առաջքը առնելու, պատերազմէն ընդհանրապէս խուսափելու համար երկու հսկաները կ՛ընէին չափազանց իրերանման առաջարկներ։
Այսօր Ուիքիլիքսի բացայայտումներու օրերուն Պերթհամին միտքերը կը թուին աւելի քան այժմէական ըլլալ։
Իր «Ծրագիր մնայուն եւ տիեզերական խաղաղութեան համար» աշխատանքին մէջ Պերթհամ կը յաւակնի ըսել, որ պատերազմը մեր աշխարհէն կը վերանայ միայն երեք պայմաններու իրագործման պարագային.
Ա.- Երբ մեծ պետութիւնները հրաժարին իրենց գաղութատիրական երազներէն եւ միտումներէն:
Բ.- Երբ մամուլը դառնայ լիարժէքօրէն ազատ:
Գ.- Երբ գաղտնի դիւանագիտութիւնը վերանայ:
Լա՛ւ պահ մը մտածենք, որ այսօր արդէն ունինք «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ Ուիքիլիքս. վերը նշուած երեք պայմաններէն երկուքը արդէն իրողութիւն են. երրորդ պայմանը, սակայն, կը մնայ անլուծելի ապառաժ՝ արգելք. իսկ եթէ Պերթհամը ճիշդ է իր մտայղացումներով, ապա ժամանակն է մեր ճիգերը լարել եւ աշխատիլ նաեւ այդ արգելքի վերացման համար։ Այսինքն՝ ընել այնպէս, որ գերպետութիւններ ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներ կամ Չինաստան, հրաժարին գաղութատիրական իրենց նկրտումներէն. բայց ոչ միայն այդ, ստիպուած ենք պարտադրել, որ նաեւ միջին կամ փոքր պետութիւններ, ինչպիսիք են Թուրքիան կամ Շուէտը, հրաժարին իրենց աւելի համեստ փառատենչութիւններէն:
Մտաբերենք այս երկիրներու գաղութատիրական միտումները… Եթէ Պերթհամ իրաւացի է, ուրեմն կարելի է յաւերժական խաղաղութիւնը երազէն դարձնել իրականութիւն։
Բայց արդեօք Պերթհամ իրաւացի՞ է։ Մեր ազատ մամուլը այսօր ողողուած է ամերիկեան իշխանութիւններու լեղի եւ բարկացած յայտարարութիւններով:
Անոնք վրդովուած են, որ մենք Ուիքիլիքսի ճամբով իրազեկ կ՚ըլլանք իրենց գաղտնի գործարքներուն. անոնք վտանգաւոր եւ մտահոգիչ կը համարեն այն, որ մենք այսօր իրազեկ ենք, թէ ինչպէ՛ս արաբական աշխարհի երկիրները իրենց ճիգերը միացուցած են ամերիկեանին՝ Իրանի դէմ, եւ կամ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առնչութեամբ իրականացուած բանակցութիւններու որոշ մանրամասնութիւնները կը սպառնան Հայաստանին։
Բոլորը՝ մեծերն ու փոքրերը, միաձայն կը գոռան, որ բացայայտումները, իմա՝ դիւանագիտութեան թափանցիկութիւնը, վտանգ կը սպառնան աշխարհի խաղաղութեան:
Ո՞վ է իրաւացին. Պերթհա՞մը, թէ՞ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը, որ անհրաժեշտ կը համարէ «լուռ» դիւանագիտութիւնը. արդեօք Ուիքիլիքսի հրապարակումները մեր աշխարհը կը վերածեն նուա՞զ ապահով վայրի:
Ես կ՛ուզեմ հաւատալ, որ Պերթհամն է ճիշդ եւ քաղաքական մեծ ու փոքր ճիչերու հեղինակները՝ սխալ: Մենք բոլորս պարտինք բաց թեւերով ընդունիլ թափանցիկութիւնը, որովհետեւ անիկա նոյնքան կարեւոր է, որքան ժողովրդավարական կարգերը՝ խաղաղութեան համար:
Ինքնախաբէութիւն է հաւատալ՝ միայն ժողովրդավարութեամբ. անիկա չի գործեր, եթէ քաղաքացիները լուսաւորուած չեն: Այս պատճառով Պերթհամ կը խօսի ժողովուրդի լուսաւորման ծառայող ազատ մամուլի եւ թափանցիկ դիւանագիտութեան մասին: Շատ հաւանաբար Պերթհամ ինք եւս միամիտ էր, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է գրել եւ հաւատալ, որ աշխարհի մեծերը պիտի ընդունին թափանցիկ դիւանագիտութիւնը. արդեօ՞ք ցնորք չէ գաղտնի, ոչ թափանցիկ դիւանագիտութեան վերացման պայմանը:
Մինչեւ հիմա հակուած էի մտածելու, որ անիկա այլ բան չէ, քան ցնորք. ի՛նչ խօսք, որ ցնորամտութիւն է հաւատալ քաղաքական այրերու բարի կամեցողութեան։
Ուիքիլիքսի հրապարակումներն ու բացայայտումները հնարաւոր կը դարձնեն բաց եւ թափանցիկ դիւանագիտութիւնը՝ ի հեճուկս պետութիւններու եւ ղեկավարութիւններու կամքին:
Ազատ մամուլի գերպարտաւորութիւնն է հրապարակել այն, ինչ որ մեծ պետութիւնները կ՛ուզեն պահել գաղտնի. այս կարելի է համարել բաց հասարակութեան անվիճելի յաղթանակը:
Սակայն կայ այլ հարց մը եւս. յաղթանակ կամ ոչ, անիկա բարենպա՞ստ է, կը նպաստէ՞ ընդհանուրի շահերուն. արդեօք այդ թափանցիկ դիւանագիտութիւնը մեզ կը տանի՞ դէպի անապահովութիւն, անկայունութիւն. եթէ այո, հապա ինչո՞ւ ժամավաճառ կ՚ըլլանք՝ բաց հասարակութեան բարիքները գովաբանելով, ծափահարելով:
Ի՞նչ է այս հարցին պատասխանը. կ՚ուզենք հաւատալ, որ թափանցիկութիւնը իրեն հետ կը բերէ խաղաղ յարաբերութիւնները, քաղաքացիներու իրազեկութիւնը, տեղեկացուած ու լուսաւորուած քաղաքացին պատերազմի առաջքն առնող միակ երաշխիքն է:
Իսկ ի՞նչ կը մտածեն մեր ղեկավարները. արդեօ՞ք քուլիսներու ետին տարուող գործարքները՝ ոչ թափանցիկ եւ գաղտնի դիւանագիտութիւնը, թուրք-հայկական մերձեցման յարաբերութիւններու հանգուցալուծման հետ կապուած խնդիրներու հետ կապուած, լաւագոյն ձեւն են ապագայի տագնապները կանխարգիլելու համար:
Ճիշդ է որ պետութիւններու ղեկավարները անվիճելիօրէն կարիքը ունին տեղեկացուած ըլլալու, իմանալ միւսին միտումներուն ու ծրագիրներուն մասին։ Եւ արդեօք թափանցիկութիւնը արգե՞լք կը հանդիսանայ տեղեկացուածութեան. արդեօք այլ ձեւեր չկա՞ն տեղեկութիւն ձեռք բերելու:
Ինչո՞ւ Ուիքիլիքսի հրապարակումներու դէմ հակազդեցութիւնը այսքան ուժեղ է, ինչո՞ւ այսքան աղմուկ եւ սաստում։ Կը կարծեմ, որ հոս գործ ունինք հասարակ պատիւ բարոյականութեան հետ:
Այն դիւանագէտները, որոնք կը բացայայտուին Ուիքիլիքսով, կը հասկնան, որ կորսնցնելու վրայ են իրերու, գործարքներու հանրային պատկերը հակակշռելու իրենց մենաշնորհը։ Անոնք կ՚ամչնան եւ կը հասկնան, որ դժուար պիտի ըլլայ վերաշահիլ մարդոց, հասարակութեան վստահութիւնը. սակայն լաւ է, որ անոնք կ՛ամչնան. պէ՛տք է ամչնան եւ սորվին:
Հիմա իրենց նոր հնարաւորութիւն կ՛ընծայուի աւելի պատասխանատու վերաբերում ցուցաբերելու:
Եւ այս շահեկան է ե՛ւ մեզի, ե՛ւ իրենց համար, բոլորի՛ս համար:
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ հրապարակագիր է եւ շարժապատկերի բեմադրիչ