ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Դանիոյ մէջ, Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին շուրջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին, Թուրքիոյ պետական նախարար եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ յայտնած է, որ եթէ թուրքերու սիրտին մէջ ատելութիւն ըլլար, ապա անոնք ինչպէ՞ս կրնային իրենց երեխաները վստահիլ հայ դայակներու։
Պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցումի մը՝ Պաղըշ յայտարարած է, թէ այնքան ատեն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մէջ յառաջընթաց չէ ապահովուած, արձանագրութիւնները թր-քական խորհրդարանին մէջ վաւերացնելը կարելի չէ։
Խօսելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ թրքական պետութեան ու թուրքերու վերաբերմունքին մասին՝ Պաղըշ ըսած է. «Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական խնդիրներու պատճառով, հայաստանցիները կը գաղթեն, բնակչութիւնը կը նուազի։ Շուրջ 70 հազար հայաստանցիներ Թուրքիա ժամանած են։ Անոնք ապօրինի կերպով կ՛աշխատին, իսկ մենք այդ բոլորին նկատմամբ աչք կը փակենք։ Այդ հայաստանցիներուն մեծ մասը Թուրքիոյ մէջ կ՛աշխատի իբրեւ դայակ։ Այսինքն, մեր ունեցած ամէնէն արժէքաւորը՝ մեր երեխաները, կը վստահինք հայ դայակներուն։ Եթէ մեր սիրտին մէջ ատելութիւն ըլլար, արդեօք կրնայի՞նք այդպիսի բան ընել»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.