Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ստամոքսա-աղիքային համակարգի վարի բաժինի հիւանդութիւններուն ախտանշաններէն են՝ փորի պնդութիւն (constipation), փորհարութիւն, փորի ցաւ, փորի ուռուածութիւն (distention), նողկանք (nausea), փսխունք, նախաղիի (rectum) ցաւ եւ նախաղիի արիւնահոսում:
Փորի պնդութիւնը ինքնին ախտանիշ մըն է եւ ոչ թէ հիւանդութիւն մը: Այս գրութեանս մէջ «փորի պնդութիւն» ըսելու փոխրէն պիտի ըսեմ՝ «պնդութիւն»:
Խօսելէ առաջ պնդութեան մասին, յարկ է որ հասկնանք կղկղանքի (feces, stool) կազմութեան եւ կղկղանցումի (defication) գործընթացները:
Բնական պայմաններու մէջ մեր կերած սննդանիւթերը ստամոքսին կողմէ արտադրուած ջրահեղուկներուն հետ խառնուելով կը վերածուին կակուղ եւ հեղուկային խառնուրդի մը եւ ապա՝ ստամոքսի եւ բարակ աղիքներու մէջ տեղի կ՛ունենայ մարսողութիւնը: Չմարսուած նիւթերը ջուրով միասին եւ հեղուկ վիճակի մէջ կը հասնին հաստ աղիք: Հոս ջուրը մեծամասնութեամբ կը ներծծուի (absorb) աղեպատէն, իսկ մնացեալ աւելորդ թափօնները (waist products) կը վերածուին թանձր կղկղանքի, որ հաստ աղիքի եւ ուղիղ աղիքի (rectum) պռկումներով կ՛ուղուի դէպի սրբան (anus) եւ կ՛արտաքսուի մարմինէն դուրս՝ սրբանի մկաններու ճնշիչ պրկումներով: Կղկղանքի արտաքսումը կը կոչուի կղկղանցում կամ կղկղում (defication): Ուրեմն կղկղումը հաստ աղիքի պարպումն է: Ժողովրդային լեզուով կղկղանցումը համազօր է «փոր ելլել»ու: Կղկղանքը բնականօրէն կը կազմուի 60-90 առ հարիւր համեմատութեամբ ջուրէ իսկ մնացեալը՝ սննդանիւթերու չմարսուած մնացորդաց թափօններէ:
Չափահաս անձ մը բնական պայմաններու մէջ օրական կ՛արտադրէ մօտաւորապէս 300 կրամ կղկղանք: Կղկղանցումի ընդունուած յաճախականութիւնը՝ օրական 2-3 անգամէն մինչեւ շաբաթը 2-3 անգամ է:
Կղկղումի գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ սրբանի մկաններու պռկումներուն եւ կոնքի աւազանի (pelvic floor) մկաններու կծկումներուն համագործակցութեամբ: Կղկղումի ընթացքին նախաղիի ճնշաչափը կը բարձրանայ համագործակցաբար սրբանի օղակային մկաններու (sphinctor) պրկումներուն. որեւէ մէկ խախտում այս համագործակցութեան կը յառաջանայ կղկղումի դժուարութիւն:
Կղկղումը կը հակակշռուի նաեւ զանազան ազդակներով՝ սննդականոն, աղիքներու գործելակերպ, տարիք, կղկղանցումի սովորութիւն եւ ընկերային ու միջավայրի պայմաններ:
Օրինաւոր կղկղանցում ունենալու համար պէտք է գործադրենք հետեւեալ հանգրուանային գործընթացը՝
1. Առաւօտուն արթննալէ ետք խմել գաւաթ մը գաղջ ջուր.
2. Քալել տան մէջ 5-10 վայրկեան.
3. Երթալ բաղնիք եւ նստիլ որոշ ժամանակ մը կղկղանցումի համար.
4. Խորունկ փորի շնչարութիւն կատարել ճնշում բանեցնելով դէպի կոնքի աւազան.
5. Չաճապարել, համբերատար ըլլալ եւ որոշ ժամանակ տրամադրել վերոյիշեալ կէտերու գործադրումին.
6. Կղկղանցումը վերածել ամէնօրեայ սովորութեան:
Շատ մը անձեր ունին կղկղանցումի նախպաշարումներ եւ անփոխարինելի սկզբունքներ ու համոզումներ: Մեզմէ շատեր կը հաւատան, որ ամէնօրեայ, կանոնաւոր եւ հերթական կղկղանցումը կարեւոր եւ պայման է առողջութեան: Անոնք կը գանգատին երբ նուազ յաճախկանութեամբ կը պատահի կղկղումը: Ուրիշներ կը մտահոգուին կղկղանքի տեսքէն, չափէն, գոյնէն եւ ձեւէն:
Շատեր կը գանգատին կղկղումի դժուարութիւնէ. անոնք կը զգան կղկղանքի գոյութիւնը եւ պէտքը կղկղումի, սակայն անկարող կ՛ըլլան արդիւնաւոր կղկղում ունենալու՝ հակառակ ճնշմումի բանեցման:
Ուրիշներ յաճախակիօրէն լծօղականներ, նախաղիի գրեխ (enema) եւ նախաղիի ներմուծիչ-ներմոյծ (suppository) կը գործածեն՝ այն համոզումով, որ այս բոլորը կ՛օգնէ օրինաւոր կղկղանցումին. սակայն անոնք չեն գիտակցիր, որ այս միջոցառումները կը վնասեն հաստ աղիքի բնականոն գործելակերպին եւ մասնաւորապէս անոնք պատճառ կը հանդիսանան հաստ աղիքի ծուլացումին:
Պնդութիւն կը նշանակէ՝ կղկղանքի կարծրացում, կղկղանքի դժուար ու դանդաղ արտահանում եւ կամ ոչ ամբողջական պարպումի զգացում:
Պնդութիւնը հիմնակաօրէն կը պատահի երբ չմարսուած ջրանիւթերը հիմնականօրէն չեն ներծծուիր հաստ աղիքի պատերէն եւ կամ կազմուած կղկղանքը չուղղուիր դէպի ուղիղ աղիք եւ սրբան՝ հաստ աղիքի մկաններու կծկումներու դանդաղումով ու տկարացումով: Այս բոլորին որպէս հետեւանք՝ կղկղանքը կը կուտակուի եւ կը թխմուի (impaction) հաստ աղիքի վերջաւորութեան եւ ուղիղ աղիքի մէջ:
Կղկղանքի կուտակումը հաստ աղիքին մէջ պատճառ կը հանդիսանայ կղկղանքի յաւելեալ կարծրացումին, որ կը յառաջացնէ կղկղումի ցաւ: Այս մէկը կը մղէ հիւանդը փախուստ տալու կղկղանցումէ:
Պնդութիւն պատահած կ՛ըլլայ երբ կղկաղանցումի պատահականութիւնը մէկ շաբթուան ընթացքին 3 անգամէ նուազ ըլլայ: Ամէն անձ իր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը քանի մը անգամ կ՛ունենայ պնդութիւն: Ան կը պատահի աւելի կիներուն քան տղամարդոց մօտ եւ մանաւանդ՝ տարեցներու եւ յղի կիներու մօտ:
(Վերջը յաջորդով)