ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկային ամէնէն խորունկ ու գիտակից արտայայտութիւններէն մէկն է մահուան պարագային վշտակցութիւնը: Խորունկ՝ անոր համար որ իւրաքանչիւր մահացող մարդու հետ, անոր շուրջ խորհրդաւոր վարագոյր կը քաշուի, ու ֆիզիքապէս մեզմէ հրաժեշտ առնելէ ետք, յուշերով միայն ներկայ կը դառնայ ան՝ մահացողը, այսինքն՝ անմահացողը: Նոյն այս արտայայտութիւնը՝ վշտակցութիւնը, նաեւ գիտակից արտայայտութիւն է, որովհետեւ, մահուան պարագային, ուրիշին վիշտը կիսած պահուն մարդ անպայման կը մտածէ իր «Օր»ուան մասին, երբ ինք ալ հրաժեշտ պիտի տայ այս աշխարհին, չուելով դէպի անդենական կեանք: Ուստի, խորունկ ու գիտակից ձեւով իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ մարդ արարածը, գիտնալով որ ինք ալ ֆիզիքապէս ճակատագրուած է նոյն վախճանին՝ հողայնութեան:
Ժողովողի հեղինակը եւս, զգաստացնելու համար մարդ էակը, զայն կÿուզէ զգօն պահել իր վախճանը յիշեցնելով անոր, ինչպէս նաեւ յորդորելով, որ սուգի տուն երթալը աւելի նախապատիւ համարէ, ուրախութեան կամ հարսանիքի տուն երթալէն (Հմմտ. Ժղ 7.2):
Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ կը գտնենք սգաւորները բախտաւոր նկատելու գաղափարը, երբ երանի՜ կու տայ անոնց մեր Տէրը, որովհետեւ, կ՛ըսէ, որ անոնք մխի-թարութիւն պիտի գտնեն: Ինչքա՜ն մեծ բախտաւորութիւն է, հետեւաբար, սփոփող ունենալը, եւ այն ալ՝ երկնային մխիթարութեամբ (Հմմտ. Մտ 5.4):
Փաստօրէն մարդիկ շատ աւելի տրամադիր կ՛ըլլան հարսանիքի ուրախութեան ներկայ գտնուելու, քան՝ լաց ու կոծով ու տխրութեամբ համակուած ընտանեկան յարկեր մտնելու: Տեսնուած է, որ ոմանք նոյնիսկ պատճառաբանութիւններ կը հնարեն, խուսափելու համար յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու տխուր պարտականութենէն: Անոնցմէ ոմանք իրենց հիւանդութիւնը կը պատճառաբանեն, ուրիշներ՝ երեխաներուն հսկողութիւնը, ոմանք՝ յուզումի չդիմանալու իրենց անձնական տկարութիւնը, եւայլն:
Գտնուեցաւ մէկը, սակայն, որուն միայն յուղարկաւորութեանց ընթացքին կը հանդիպէի, իսկ այլ եկեղեցական թէ ազգային հաւաքոյթներուն՝ հազուադէպ: Միտքս զբաղեցնող հարցումին ճի՛շդ պատասխանը տուաւ, երբ հարցումիս պատասխանելով ըսաւ, թէ կը սիրէր յուղարկաւորութեանց ներկայ գտնուիլ, նախ անոր համար որ հանգուցեալին վերջին անգամ ըլլալով պիտի կարենար յարգանք ընծայել, եւ երկրորդ՝ կ՛ուզէր հանդիպիլ շատո՜նց չհանդիպած անձերու, որոնք ստիպողաբար եկած պիտի ըլլային իրենց բարեկամին յուղարկաւորութեան:
Ստիպողաբար ներկայ գտնուելու այս խօսքին տակ, որոշ ճշմարտութիւն կայ թաքնուած: Յատկապէս ազգային կեանքէ ներս տարիներու ծառայութիւն ունեցող անձերու յուղարկաւորութեան, պաշտօնականութիւնը պահպանող պաշտօնեաներ, ու հիւրերով զբաղող յատուկ պիտակաւորներ կ՛ըլլան, որոնք եկողները իրենց ներկայացուցած հանգամանքին համաձայն կը տեղաւորեն իրենց տեղերը:
Այդ շարքերուն վրայ երբեմն կը գտնուին պաշտօնական անձեր, մինչեւ իսկ նախագահներու ներկայացուցիչ պետական դէմքեր, իսկ անոնցմէ առջեւ նստած կ՛ըլլան հիւր հոգեւորականներ՝ տարբեր յարանուանութիւններէ եւ նոյնիսկ այլ կրօններու պատկանող կրօնաւորներ, իրենց երփներանգ զգեստներով:
Պաշտօնական հրաւիրեալներու, եւ նոյնիսկ երբեմն մեծահարուստ սգաւորներու պարագային նկատած եմ, որ անոնցմէ շատեր սեւ ակնոցներ կը կրեն, մինչեւ իսկ եկեղեցւոյ մէջ, ուր մեծ լուսատուին ճառագայթները դժուարաւ կը մտնեն: Չեմ գիտեր ուրկէ մեզի հասած այս սովորութիւնը, շատ հաւանաբար աչքերուն ճամբով արտայայտուելիք զգացումներուն դիմաց վարագո՞յր պիտի քաշէ «լալու ամօթ»ը ծածկելու համար: Այր մարդոց համար տակաւին ներելի այս քայլը, աւելիով սակայն կը տեսնուի ներկայիս կիներու մօտ: Կ՛երեւի թէ անոնք մոռցած են, թէ իրենց լաւագոյն զէնքն է լացը եւ զայն բնա՛ւ պէտք չէ վար դնեն իրենց ձեռքէն: Սուրճի սկահակին մէջ պատկերուած տխուր գուշակութիւնը իմանալէ ետք յուզուիլն ու նոյնիսկ արցունք թափելը աւելի նուա՛զ արժէք ունի, քան՝ առ յաւէտ բաժնուող հարազատին համար հրապարակաւ անկեղծօրէն լալը, որ հանգուցեալին, իրենց համար ինչքա՛ն սիրելի ըլլալուն երեւելի մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ բոլորին ներկայութեան:
Ոմանք խնդուքի թէ լացի պարագային, ուրիշներէն շուտով վարակուելու տկարութիւնը ունին: Երբ տեսնեն թէ մարդիկ ինչքան յուզումնալից կ՛արտասուեն, բնական վարակով իրենք ալ կը սկսին հեկեկալ ու ապա լալ: Բաց աստի, կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք ճիշդ հակառակը, բնա՛ւ չեն ազդուիր ո՛չ խնդուքէ, ո՛չ ալ լացէ: Արձանային սառնասրտութեամբ անոնք կրնան դիմաւորել երկու վիճակները, առանց ազդուելու մէկէն կամ միւսէն, այն աստիճան, որ մարդիկ զիրենք անկենդան, անհոգի կամ քարացած էակներ համարեն:
Կատարած յուղարկաւորութիւններէս մէկուն ընթացքին հանդիպեցայ, հանգուցեալի բնակարանին մէջ ծառայող երկու օտարերկրացի սպասուհիներու, որոնք տնեցիներուն հետ թաղման կարգին ներկայ գտնուելէ ետք, եկեղեցիէն դուրս գալու՝ վերջին հրաժեշտի պահուն, աստիճաններուն վրայ կեցած այնպէ՛ս կ՛արտասուէին, որ թերեւս հանգուցեալին հարազատները այդպէս չկրցան լալ այդ վերջին վայրկեանին: Նոյնիսկ եթէ իրենց սեւ ապակիներով ակնոցներուն տակ տամկացած աչքեր ունեցողներ կային, կը խորհիմ թէ սպասուհիներուն լալագին պոռթկումը շատ աւելի բնական էր, քան պաշտօնական: Բնական՝ որովհետեւ անոնք «ի պաշտօնէ» այնտեղ չէին եկած: Անոնք շատ լաւ գիտէին թէ իրենց ծառայութեան պայմանաժամը վերջանալուն՝ իրենց երկիրը պիտի մեկնէին, եւ դարձեալ պիտի չտեսնէին հանգուցեալին հարազատները: Անոնց ներկայութիւնը փոխադարձ ակնկալիքի վրայ հիմնուած չէր: Այսինքն, անոնք բնա՛ւ պիտի չ՛ակնկալէին, որ օրին մէկը երբ իրենց հարազատներէն մէկը մահանար, այս հանգուցեալի պարագաներէն մէկը կամ միւսը ներկայ պէտք է ըլլար անոր յուղարկաւորութեան: Մինչ ներկայիս այնքան պաշտօնականացած են փոխադարձ յարգանքի կանոնները, որ մարդիկ նոյնիսկ յուղակաւորութեան ներկայ կը գտնուին, փոխադարձ յարգանք մատուցելու համար, իրենց հարազատի թաղման ներկայ գտնուող ընտանիքին, որուն մէկ հարազատը հիմա մահացած է: Պարտաւորութիւն՝ որ զգացականութեան մահն իսկ է: Այսօր, մինչեւ իսկ յուղարկաւորութեան տխուր առիթով ծաղկեպսակ, կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւն կատարողներուն ցուցակը քննութեան կ՛ենթարկուի հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ, երբեմն անով չափելու համար իրենց բարեկամներուն յարգանքի աստիճանը: Դեռ կարելի է խօսիլ ծաղկեպսակին մեծ կամ փոքր, եւ գումարներուն բարձր կամ ցած ըլլալը նկատի առնելով, դատումներ կատարելու ճղճիմ հաշիւներուն մասին:
Փոխարէն ո՛չ մէկ յարգանք ու ակնկալիք ունեցող սպասուհիներուն լացը յուզեց զիս անոնց անկեղծագոյն արցունքներովը: Տարբեր ազգութեան, թերեւս ալ տարբեր կրօնքի պատկանող այդ երկու համեստուհիները, Աստուծոյ ստեղծած ՄԱՐԴո՛ւն համար լացին, իբրեւ իրենց նման ստեղծուած արարած, որ ճիշդ է, կրնար հարուստ ըլլալ, հանգամանք ունենալ, բայց ի վերջոյ կը մեռնէր իբրեւ պարզ մարդ: