Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի վերլուծաբան Չենկիզ Չանտար, անդրադառնալով Պոլիսը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ քաղաքներէն մէկը դարձնելու գործին մէջ հայերու ունեցած ներդրումին՝ կը գրէ, թէ այսօրուան Պոլիսին համար, ճարտարապետութեան տեսանկիւնէն՝ թուրքերը պարտական են հայ ճարտարապետներուն։ Իր՝ «Եթէ հայերը չըլլային, արդեօք Պոլիսը կ՛ըլլա՞ր» խորագրեալ յօդուածին մէջ, ան կ՛անդրադառնայ Պալեան գերդաստանի՝ Պոլսոյ ճարտարապետական ժառանգութեան մէջ ձգած «անջնջելի» հետքին՝ մէկ առ մէկ թուելով այդ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կառուցած շինութիւնները։ Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ հռչակաւոր ճարտարապետ Սինանին, նշելով, որ ան նոյնպէս հայկական ծագում ունի։ «Պոլիսը Պոլիս դարձնելու գործին մէջ անգնահատելի է Անատոլուի հայերուն դերը, եւ մենք պէտք է յարգանքով խոնարհինք անոնց առջեւ՝ Սինանէն մինչեւ Պալեաններ։ Նաեւ, հարկ է, որ բոլորս մտածենք, թէ ինչպէ՛ս եղաւ, որ 1915ը մեր երկիրը տափաստանի վերածեց։ Պէտք է հասկնանք, թէ այդ կոտորածները, կ՛ուզէք՝ «ցեղասպանութիւն», կ՛ուզէք՝ բռնութիւն կամ ալ «սուտ պատմութիւն», ինչպիսի՛ չքաւորութիւն բերին մեր երկիրին», կը գրէ Չանտար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.