Հայոց պատմութեան վերջին՝ նորագոյն շրջանը ուսումնասիրողը չի կրնար գտնել որեւէ ժամանակահատուած, երբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չէ ներկայացած իբրեւ համայն հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներու արտայայտիչը, անոնց իրականացման համար մղուող պայքարի դրօշակակիրը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծնունդը ազգային մեր ձգտումներուն, իբրեւ անհատ ու իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն մեր արժանապատիւ կեանքի երազը իրականացնելու կոչումին մարմնաւորումն էր:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին քայլերը անցան արեան ու զոհաբերութեան ճանապարհներէն, հայոց երկիրը ու հայ մարդը ազատագրելու գուպարին զինուորագրուած հազարաւոր հերոսածին երիտասարդներու կողմէ դիւցազնամարտի կերտումով:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն տխուր էջերուն վրայ արձանագրեց վերապրումի, ինքնապաշտպանութեան, մնացորդացի փրկութեան ու հաւաքման սխրանքներ՝ համատարած աւերի ու փլուզումի ընդմէջէն դէպի լուսաւոր ապագայ տանող ուղիներ նախանշելով յուսահատութեամբ համակուած զանգուածներուն առջեւ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պատմութեան ամէնէն պատասխանատու պահուն, խիզախեց իր վրայ վերցնել հարիւրաւոր տարիներ անկախ պետականութենէ զուրկ մեր երկրի ղեկավարման պատասխանատուութիւնը ու պատիւով գլուխ հանեց զայն՝ ցաւագինօրէն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ յաջողելով ստեղծել այնպիսի ենթակառոյց մը, հիմը դնելով այնպիսի աւանդութիւններու, որոնք անգնահատելի եղան ու որոնց թողած ժառանգութիւնը մինչեւ այսօր իսկ այժմէական կը մնայ:
Խորհրդային բռնատիրութեան ու սփիւռքացման տարիներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մէկ կողմէ իր առիւծի բաժինը բերաւ տարտղնուած հայ համրանքը հաւաքելու, համայնքային ու համազգային կառոյցներ ստեղծելու, մշակութային, կրթական, հոգեւոր, ընկերային, հասարակական կեանքը ազգային գաղափարախօսութեամբ իմաստաւորելու առաքելութեան մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր գաղափարական ուժականութեամբ դարձաւ խորհրդանիշը համայնավար այլասերող վարչակարգի դէմ ազգային պայքարին՝ չվախնալով իր վրայ հրաւիրել աշխարհի գերհզօր պետութեան մը հարուածները:
Արցախեան յաղթական Ազատամարտի ակունքներուն հայ ժողովուրդը տեսաւ իր մարտական լաւագոյն աւանդոյթներուն տէր դարձած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ինչպէս եւ անոր ազգային ազատագրական գաղափարներով ու յեղափոխական շունչով տոգորուած երիտասարդներու բանակը:
Մեր վերականգնած անկախ պետականութեան քսանամեակը կը բոլորենք. այդ ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած իւրաքանչիւր փորձութիւն, իւրաքանչիւր տագնապ զօրաշարժի առիթ եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար, իր ամբողջականը, իր լաւագոյնը ընծայաբերելու՝ ի պաշտպանութիւն մեր հայրենիքին, անոր գերիշխանութեան պահպանման:
Այսօր ալ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, մշտանորոգ գաղափարներով ու անհատնում եռանդով 120ամեայ այս կուսակցութիւնը, կանգնած կը մնայ հայոց պետականութեան անվտանգութիւնը պաշտպանող առաջին գիծերուն վրայ՝ իր կուրծքը դէմ տալով հայ ժողովուրդին վնաս հասցնելու բոլոր փորձերուն:
Մրրկածին հերոսներու ծնունդ տուած, հերոսական խոյանքներով իր պատմութիւնը հարստացուցած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ահա կը շարունակէ իր երթը, իր ծառայութեան, իր պայքարի, իր նուիրումի առաքելութիւնը՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս, ուր որ հայ մարդը կ՛ապրի, ուր որ հայութեան շունչը կը թեւածէ: