Դաշնակցութեան Գաղափարախօսութեան Մշտանորոգ Կենսունակութեան Մէջ Է Իր Յարատեւութեան Գաղտնիքը
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երկարակեացութեան գաղտնիքը ո՞ւր պէտք է փնտռել: Ուրկէ կը ստանայ այս կուսակցութիւնը իր նորոգման աւիշը: Կազմակերպական կառոոյցի՞, թէ քաղաքական-գաղափարական իր սկզբունքներուն մէջ թաքնուած է յարատեւելու իր կարողութիւնը:

ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Դաշնակցութեան պարագային քիչ մը անհեթեթ է տարիք եւ կենսունակութիւն համեմատականը որեւէ պարունակի մէջ դնելը: Կուսակցութիւնը այսօր պայքարի առաջին գիծի վրայ է թէ՛ հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքները պաշտպանելու, մեզմէ խլուածը ետ բերելու, եւ թէ հայ մարդուն՝ իր ապրած միջավայրին մէջ, բայց յատկապէս հայրենի հողին վրայ ընկերային արդարութիւն ապահովելու համար: Այնքան ատեն, որ այս պայքարի ճակատները կան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չի կրնար լքել իր դիրքերը եւ մեր շրջապատէն, իր գաղափարներով տոգորուած մեր ժողովուրդի զաւակներէն կը ստանայ զինք կենսունակ պահող աւիշը: Նոյնինքն Դաշնակցութեան գաղափարի յարանորոգ կենսունակութիւնն է իր յարատեւութիւնը ապահովող երաշխիքը:
Պէտք է նաեւ առանձին շեշտել, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրները հոյակապ տեսիլքով մը մեր կազմակերպութիւնը օժտեցին այնպիսի գործող, ճկուն կառոյցով, որ դիմացած է ամէն տեսակի պայմաններու, միջավայրերու, ճնշումներու ու հալածանքներու:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պէս երկիրի մը մէջ երիտասարդ հայը այս կուսակցութեան մէջ ի՞նչ կրնայ գտնել, ի՞նչը պիտի մղէ զինք դաշնակցական դառնալու կարեւոր քայլը առնելու:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Ուսանող թէ արհեստաւոր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ հայ երիտասարդը կը գտնէ իր անհատականութիւնը կոփող, իր կամքը հզօրացնող հնոց մը: Յատկապէս Ամերիկայի պէս ձուլող, ամենակուլ մշակոյթի մը մէջ ապրող հայ երիտասարդը, եթէ պիտի պահէ իր ինքնութիւնը, եթէ իրեն համար հայկականութիւնը ինչ որ արժէք կը ներկայացնէ, ապա կարիք ունի այնպիսի հզօր զրահներու, ինչպէս նաեւ այնպիսի հզօր գործիքներու, զորս այսօր կարելի է գտնել միայն քաղաքական ու գաղափարական կուռ հայեացքներով օժտուած, կազմակերպական ուժեղ կառոյց ունեցող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ կազմակերպական կեանքի մասնակցութիւնը ինքնին կը հարստացնէ ամերիկահայ երիտասարդը այնպիսի փորձառութիւններով, նաեւ ղեկավարելու, կարգապահ ըլլալու, հաղորդակցելու այնպիսի յատկանիշներով, որոնք անփոխարինելի կրնան ըլլալ թէ՛ գործի ասպարէզին եւ թէ համալսարանական միջավայրին մէջ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ամերիկեան քաղաքական կամ հասարակական կեանքին մասնակից դառնալու հետաքրքրութիւն ունեցող անձ մը կրնա՞յ Դաշնակցութեան անդամակցելով՝ իր այդ հետաքրքրութիւնը գոհացնել:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Անշուշտ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողքին կը գործէ Հայ Դատի յանձնախումբերու լայնատարած ցանց մը, որուն աշխատանքին դաշտը հիմնականօրէն տեղական, քաղաքային, նահանգային ու դաշնակցային քաղաքական աշխարհն է: Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ երիտասարդը առիթ կ՛ունենայ ծանօթանալու ամերիկեան պետական համակարգին՝ իր բոլոր մակարդակներով, նաեւ քաղաքական դէմքերու ու շրջանակներու, կը սորվի անոնց հետ յարաբերելու արուեստը, կը հմտանայ ջատագովութեան ասպարէզին մէջ:
Այս բոլորը անփոխարինելի փորձառութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը ջամբեն երիտասարդին՝ զայն պատրաստելու կեանքի բոլոր անակնկալներուն, ինչպէս նաեւ ճոխացնելով իր կենասգրութեան էջերը:
Այս բազմակողմանի փորձառութիւնը այլ օգտակարութիւններ ալ ունի: Օրինակի համար, կան համբաւ ունեցող բազմաթիւ համալսարաններ, որոնք իրենց ուսանողները ընտրելու ժամանակ, բարձր նիշերուն կողքին, կը նային, եթէ դիմորդը հասարակութեան մէջ մտած, աշխատած անձ է, եւ նախապատուութիւնը կու տան անոր:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Իբրեւ ազգային քաղաքական կուսակցութիւն՝ ՀՅԴ ի՞նչ նախապատուութիւն կու տայ համայնքային տեղական հարցերու:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Իր կազմակերպական կառոյցին բերումով, ՀՅԴն միահիւսուած է համայնքին, եւ իբրեւ քաղաքական առաջնահերթ աշխատանք, կը փորձէ ապահովել համայնքի ազգային կեանքի առողջ զարգացումը:
Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափին, դուք Դաշնակցութիւնը կը տեսնէք իբրեւ նեցուկ ու յենարան՝ ազգային բոլոր կառոյցներուն, ըլլան անոնք մշակութային, կրթական, հոգեւոր, մարզական, բարեսիրական թէ երիտասարդական: Գիտակցելով, որ քաղաքական-գաղափարական յանձնառութիւնը շատերու համար ծանր պարտաւորութիւն կը նկատուի, Դաշնակցութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, որ հայ մարդը կարենայ իր ուզած չափով ու տարողութեամբ մասնակցութիւն բերել մեր ժողովուրդի պայքարին, նոյն այդ համայնքային կառոյցներուն մէջ աշխատելու ճամբով:
Իր նախապատուութիւնները ճշդելու ժամանակ, Հայ Յեղափոխական Դաշ-նակցութիւնը միշտ նկատի պիտի առնէ, թէ համազգային, համահայկական առաջնահերթ նպատակներ իրականացնելու ճամբուն վրայ զուգահեռաբար պէտք է աշխատիլ տեղւոյն համայնքի յենասիւները ամրացնելու, զանոնք անտէր ու խոցելի չթողելու ուղղութեամաբ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Համայնքը կազմակերպելու ուղղութեամբ ՀՅԴ կը համագործակցի տարբեր կուսակցութիւններու կամ ազգային հաստատութիւններու հետ: Այդ համագործակցութեան ներկայ վիճակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք, բաւարա՞ր է, թէ տեղ կայ բարելաւելու:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Հայաստանի անկախացումը ահագին փոփոխութիւն մտցուց մեր ներազգային իրականութեան մէջ՝ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դնելով մեր ազգային բոլոր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները:
Այսօր աւելի քան երբեք, միջկուսակցական ու միջկազմակերպական համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը մեծ է, ինչպէս նաեւ լայնցած է այն դաշտը, որ ընդհանրական մտահոգութիւններու կիզակէտ կը հանդիսանայ: Հետեւաբար, որեւէ կուսակցութիւն կամ կազմակերպութիւն, եթէ կ՛առաջնորդուի ազգային գերագոյն շահերու գիտակցութեամբ, ապա պէտք է փնտռէ, միշտ փնտռէ ու ընդարձակէ այլ կուսակցութեանց եւ կազմակերպութեանց հետ համագործակցութեան ոլորտները:
Բարեբախտաբար, մեր համայնքին մէջ այս գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ շարժողներուն թիւը նկատառելի է, ու արդէն համայնքէն ներս համագործակցութեան հարուստ աւանդ մը կը ստեղծուի: Պէտք է գուրգուրալ այս աւանդին վրայ ու զարգացնել զայն՝ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտը ուժեղացնելով:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ամերիկեան ցամաքամասի վրայ գործող ՀՅԴ կազմակերպական միւս միաւորներուն հետ ինչպէ՞ս կը համադրէք ձեր աշխատանքները:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Հիմնական ոլորտը, ուր համադրումը անհրաժեշտ է, Հայ Դատն է՝ ամերիկեան կառավարութեան դաշնակցային մակարդակի մարմիններուն մօտ յարաբերական, քարոզչական ու քաղաքական աշխատանքներու դաշտը: Այստեղ համակարգումի, կեդրոնացուած ղեկավարման պահանջքը ի՛նք կը պարտադրէ համապատասխան օղակներու ստեղծում, որուն շնորհիւ, ապակեդրոնացման սկզբունքով աշխատող նոյն կազմակերպութեան երկու շրջանային մարմինները կրնան գործը հեշտացնել ու միասնաբար կառավարել:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ի՞նչ են կուսակցութեան հետապնդած առաջնահերթ նպատակները, ծրագիրները:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Այստեղ կուսակցութեան առջեւ դրուած են բազմաթիւ խնդիրներ: Առաջին հերթին ու մշտապէս մեր ճիգը կը կեդրոնանայ ամերիկահայ համայնքի քաղաքական ազդեցութեան շրջանակի ընդարձակումին ու անոր համար արդիւնաւէտ աշխատանքի ճանապարհներու որոնման վրայ: Անմիջական կամ հեռակայ որեւէ նպատակ ալ ուզենք իրականացնել, իբրեւ նախապայման պէտք է ուժեղ ըլլանք, պէտք է մեր միջոցները ըլլան հզօր: Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցին յաջողութիւնը կախեալ է մեր հզօրութեան աստիճանէն, մեր նիւթական հնարաւորութիւններէն:
Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի նուիրագործման հասնիլը, Հայաստանի ու Ղարաբաղի տնտեսական բարգաւաճումը, ամերիկեան պետական միջոցները այս նպատակներուն հանդէպ դրական կողմնորոշելու, զանոնք ճիշդ ուղղորդելու համար, անհրաժեշտ է հզօրացնել համայնքին քաղաքական մկանը:
Այս բոլորին հետ միասին, համայնքի ազգային կեանքի ենթակառոյցները պէտք է միշտ ձիգ ու կենսունակ պահուին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ընդհանուր տեսական մակարդակէն անցնելով անձնական մակարդակի, դուք՝ իբրեւ Աւետիք Իզմիրլեան, ե՞րբ, ի՞նչ պայմաններու տակ, ինչպէ՞ս որոշեցիք անդամակցիլ ՀՅԴին. կուսակցութեան անդամակցութեան շրջանին տկարութեան կամ յոգնութեան պահեր ունեցած է՞ք: Խանդավառուելու ու ներշնչուելու ինչպիսի՞ աղբիւրներ կը գօտեպնդեն ձեզ:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Հինգ տարեկանէս սկսած եմ յաճախելու Մոնթեվիտէոյի «Վռամեան» ակումբը, որ Դաշնակցութեան տունն է: Անդամակցած եմ Դաշնակցութեան գաղափարական ընտանիքին հարազատ կազմակերպութիւններու՝ ՀՄԸՄի, Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութեանց. ստացած դաստիարակութիւնս ու անոր միջոցաւ իմ մէջ արմատաւորուած արժէքային համակարգը զիս տրամաբանականօրէն մղեցին դէպի ՀՅԴ, եւ ես որոշեցի դառնալ կուսակցութեան անդամ: Ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի գաղափարի միակ կրողը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է եւ ես, հաւատալով նաեւ անոր ընկերային գաղափարախօսութեան՝ այս կուսակցութեան մէջ գտայ իմ հարազատ տեղս, իմ ներշնչումներուս աղբիւրը:
Դաշնակցականը տկարանալու եւ յոգնելու իրաւունք չունի: Այս կուսակցութեան անցեալի ժառանգութիւնը այնքա՛ն պարտաւորեցնող է, որ տեղ չկայ տկարանալու եւ յոգնելու: