ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու նպատակով առաջին անգամ դիմում կատարողներուն թիւը շարունակած է նուազիլ անցեալ շաբթուան ընթացքին, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9ին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը: Դեկտեմբեր 4ին աւարտած շաբթուան ընթացքին, դիմումները 17,000ով նուազած են՝ հասնելով 421,000ի, մինչ վերջին չորս շաբաթներուն ընթացքին դիմումներուն միջին թիւը եղած է 427,500, ինչ որ նուազագոյն միջինն է Օգոստոս 2008էն ի վեր:
Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ դիմումները պէտք է 425,000էն ցած ըլլան՝ յատկանշական ժամանակի մը ընթացքին, որպէսզի դրական ազդեցութիւն ունենան անգործութեան համեմատութեան վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.