ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին, մինչ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային՝ Միացեալ Նահանգներու մեծահարուստներու հարիւրաւոր միլիառներու հասնող տուրքերու կրճատումներ ապահովելու համար, Ներկայացուցիչներու տան հանրապետականները ձախողութեան մատնեցին երկրին տարեցներուն այս տարի մէկ անգամուան համար 250 տոլարի նպաստ մը ղրկելու բանաձեւը: Սոյն բանաձեւը պատրաստուած էր՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, Ընկերային ապահովագրութեան ծրագիրէն նպաստ ստացողներուն ամսականները յաւելում չեն ստացած:
Արագօրէն պատրաստուած բանաձեւը վաւերացման համար պէտք ունէր քուէներու երկու երրորդին, սակայն անիկա չկրցաւ այդ սահմանին հասնիլ: Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 254 ներկայացուցիչներ (228 դեմոկրատ եւ 26 հանրապետական), իսկ անոր դէմ քուէարկեցին 153 քոնկրեսականներ (141 հանրապետականներ եւ 12 դեմոկրատներ): Բանաձեւին ընդդիմացող հանրապետական քոնկրեսականները պնդեցին, թէ մօտաւորապէս 14 միլիառ տոլար արժող այս առաջարկը ծանր բեռ մը պիտի ըլլար…
Միւս կողմէ, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ անդամները Հինգշաբթի օր անջատ հանդիպումի մը ընթացքին դէմ քուէարկեցին նախագահ Պարաք Օպամայի եւ հանրապետականներու միջեւ գոյացած՝ տուրքերը կրճատելու շուրջ համաձայնութեան՝ պահանջելով փոփոխութիւններ կատարել անոր մէջ: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք կը պահանջեն միջին դասակարգի տուրքերուն կրճատումները, սակայն անընդունելի կը նկատեն մեծահարուստներուն շնորհուող շատ աւելի մեծ կրճատումները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.