ՎԱՆԱՁՈՐ, «Երկիր».- Դեկտեմբեր 8ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան յայտնած է, թէ Լոռիի անտառներուն մէջ ծագած հրդեհները հնարաւոր չէ եղած մարել, քանի որ դէպի այդ անտառները տանող ճանապարհները անանցանելի են, իսկ նախարարութիւնը ուղղաթիռ չունի:
Ըստ Արմէն Երիցեանի, Լուռիի անտառներու փրկիչ կրնայ ըլլալ Ռուսիան, որ խոստացած է ուղղաթիռ նուիրել Հայաստանի: Սակայն, թէ նշեալ ուղղաթիռը ե՞րբ կը հասնի Հայաստան՝ տեղեակ չէ նոյնիսկ նախարար Երիցեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.