ԹՈՐՈՆԹՕ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր, 4ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Թորոնթոյի Համազգայինի թատերասրահը նեղ կու գար այն հարիւրաւոր հայորդիներուն, որոնք մէկտեղուած էին՝ նշելու ՀՅԴի 120ամեակը, եւ այս առիթով՝ ունկնդրելու ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը:
Ուստի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէին եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան 120ամեակի տօնակատարութիւնը սկսաւ ՀՅԴ «Ք. Միքայէլեան» եւ «Ռոստոմ» Պատանեկան միութիւններու ընկեր-ընկերուհիներու տպաւորիչ մուտքով, եւ Հայաստանի ու ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշներու ծածանումով:
Տօնակատարութեան ներկայ էին Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Եղիա Ծ. վրդ. Քիրէջեան, ՌԱԿի ներկայացուցիչներ՝ Անդրանիկ Չատրճեան եւ Հրայր Գաֆէսեան, ՍԴՀԿի ներկայացուցիչ Արսէն Գասապեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Վրէժ Գասամանեան, Ռաֆֆի Պէքմէզեան եւ Յակոբ Չաքմաքեան, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի, Գանատայի եւ ՀՅԴ քայլերգները ունկնդրելէ ետք, օրուան հանդիսավարուհի Գայիանէ Շարապխանեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակը ազգին ծառայել է, եւ ամեակներուն նշումը մեր հաւաքական կեանքին մէջ առիթներ են՝ արժեւորելու մեր անցած ուղին եւ վերահաստատելու մեր նպատակները։
Բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, պատրաստուած «Երկիր Մետիա»ի կողմէ: Տեսաերիզը կը ներկայացնէր ՀՅ Դաշնակցութեան 120ամեայ պատմութիւնը։
Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, Տանիէլ Օհանեան ասմունքեց Գրիգոր Հոթոյեանի «Փառք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Վարդան Գաբրիէլեան մեկնաբանեց «Թիփի բորան» եւ «ՀՅԴի Արեւը» երգերը։ Ապա, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան պատրաստած տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, որմէ ետք Գ. Շարապխանեան ներկայացուց եւ բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր Հրանդ Մարգարեանը։
Հ. Մարգարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդով սկիզբ առած հայ ժողովուրդի անխոնջ պայքարին, եւ ներկայացուց ՀՅԴի ներկայ ծրագիրներն ու աշխատանքները՝ ի նպաստ հայրենիքի վերելքին եւ հայ ժողովուրդի միասնակամ պայքարին (տես Հրանդ Մարգարեանի խօսքը՝ ամբողջութեամբ՝ «Ասպարէզ»ի Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2010 թիւը-Խմբ.):
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ պատանիներու՝ դրօշակներով սրահ մուտքով, որոնք նաեւ խմբովին երգեցին «Արիւնոտ Դրօշ» երգը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.