ԺԸՆԵՒ.- ՄԱԿի Ուտեստեղէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւնը (FAO) հրապարակած է ուտեստեղէնի համաշխարհային շուկաներուն վերաբերեալ իր հերթական զեկուցումը, ըստ որուն, այս տարի ուտեստեղէնի գիները՝ 2008ի համեմատ, կտրուկ կերպով աճած են եւ կ՛ակնկալուի, որ 2011ին աշխարհը պարէնային նոր ճգնաժամ մը դիմագրաւէ:
ՄԱԿը այս իրավիճակէն ելքը գիւղատնտեսական արդիւնաբերութեան ծաւալներու ուրճացումը կը նկատէ։
Ըստ կազմակերպութեան զեկուցումին, նախորդ զեկուցումի հրապարակումէն (Յուլիս 2010) մինչեւ Հոկտեմբեր ամիս երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին, ուտեստեղէնի գիներու ցուցանիշը աւելցած է 197 կէտով։ Ըստ կազմակերպութեան կանխատեսումին, 2011ին ուտեստեղէնի գիները պիտի աւելնան շուրջ 11-20 առ հարիւրով։
Միւս կողմէ, կ՛ակնկալուի, որ 2011ին հիմնական պարէնամթերքներու համաշխարհային պաշարները նուազին։ Այսպէս՝ ցորենի համաշխարհային պաշարները պիտի նուազին 10 առ հարիւրով, գարիինը՝ 35 առ հարիւրով, եգիպտացորենինը՝ 12 առ հարիւրով, մինչ բրինձի պաշարները պիտի աւելնան 6 առ հարիւրով, սակայն այդ իրողութիւնը բրինձի գինի բարձրացումը պիտի չկանխարգիլէ։
«Սպառողներու միակ ընտրանքը աւելի բարձր գին վճարելը պիտի ըլլայ», ըսուած է ՄԱԿի զեկուցումին մէջ: