Բժիշկը Անշահախնդրօրէն Պէտք Է Հոգ Տանի Իր Հիւանդին
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ծնած եմ Թրիփոլի, Լիբանան:
1981ին ատամնաբուժութիւն ուսանելու համար եկած եմ Միացեալ Նահանգներ ու յատկապէս Քալիֆորնիա եւ 1984ին UCLA համալսարանէն ստացած եմ B.S. տիտղոսը:
1984ին Քալիֆորնիոյ USC համալսարանի ատամնաբուժական համալսարան ընդունուած եմ եւ իբրեւ ատամնաբուժ վկայուած 1988ին: Նոյն տարին իսկ հիմը դրած եմ անձնական իմ դարմանատուն-գրասենեակիս՝ Կլենտէյլի մէջ:
Ամուսնացած եմ եւ ունիմ 3 զաւակներ:
ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ի՞նչ պէտք է հասկնանք General and Cosmetic Dentistry բացատրութեամբ:
Նախ անկեղծօրէն ըսեմ, որ տակաւին աշակերտ տարիներուս շատ սիրած եմ ձեռային աշխատանքներով զբաղումը: Այսպէս, կը սիրէի ձեռքերով կամ աւելի ճիշդ մատներովս, զանազան փոքր եւ սուր գործիքներով քարի կամ տախտակի վրայ փորագրել, ներկել, նոր առարկայ մը մէջտեղ բերել:
Եւ տարիներ ետք, երբ մէջս կամաց կամաց արմատացած էր բժիշկ դառնալու ծրագիր-գաղափարս, շնորհիւ այս ունեցած հմտութեանս, ես ինքզինքս դէպի ատամնաբուժութիւն առաջնորդած էի:
Այս փափաքս միշտ հետս պտտցուցած էի եւ շնորհիւ յարատեւ ճիգերուս օր մըն ալ զայն իրականութիւն դարձուցի:
Գիտէի, որ իբրեւ մարդ եւ հայ մարդ, բժիշկ ըլլալը ինծի անձնապէս ներքին բաւարարութիւն պիտի տար:
Անկախ այս բոլորէն, լաւապէս կը գիտակցէի, որ մարդկային մարմնի մէջ ակռաները մեծ դեր կը խաղային անոր ֆիզիքական եւ նոյնիսկ հոգեկան աշխարհին վրայ: Առանց ակռայի եւ ան ալ առողջ ակռայի, կարելի չէ լաւ ապրիլ, երկար ապրիլ եւ գոյատեւել:
Այս բոլորէն մեկնած, արեւու նման միտքիս մէջ պայծառ էր, որ ընտրած ճիւղս այդչափ ալ դիւրին մասնագիտութիւն մը պիտի չըլլար:
Երկար ժամեր պէտք էր յատկացնէի: Պէտք էր մօտէն հետեւէի իւրաքանչիւր հիւանդի ակռային կամ ակռաներուն դարմանումներուն կամ բուժումներուն: Ակռայ նորոգել, քաշել, շտկել, դարմանել, այս բոլորին համար խնամք եւ նախազգուշացում պէտք էր: Ամբողջ օրը ոտքի վրայ աշխատելով հիւանդներուն բերաններուն մէջ շարուած կանոնաւոր կամ անկանոն ակռաներուն դարմանումը պէտք էր ծրագրէի զգուշութեամբ: Վստահութիւն ներշնչէի եւ առնելիք քայլերուս մասին արագ որոշում պէտք էր տայի:
Մէկ խօսքով հիւանդը գոհ ձգելու համար ամէն ճիգ եւ հմտութիւն պէտք էր, որ թափէի:
Հետաքրքրական ըլլալով հանդերձ, ատամնաբուժութիւնը ինծի համար սրտիս խօսող մասնագիտութիւն մըն ալ էր, որուն իրականացման համար ոչ մէկ ճիգ խնայեցի:
Ո՞Վ Է ԲԺԻՇԿԸ
Կրկնութեան գնով ըսեմ որ բժշկութիւնը կամ իմ պարագայիս ատամնաբուժութիւնը նուիրական գործ մը, աշխատանք մը կամ աւելի ճիշդ մասնագիտութիւն մը ըլլալէ առաջ եւ աւելի է՛ նաեւ մեծ առաքելութիւն մը, որ կը միտի հիւանդ մարդուն ակռաներուն շուտափոյթ բուժման ձեւերու որոնման եւ անոնց առողջութեան վերականգնումին:
Հիւանդը, երբ տխուր եւ անժպիտ բժիշկին գրասենեակը իր կամքով կը մտնէ, այդ կը նշանակէ թէ իրեն համար բժիշկը իր փրկարարն է:
Ասկէ մեկնած, պէտք է արդարացնել այս անգիր մակդիրը:
Պէտք է նախ որոշ վստահութիւն ներշնչել, տեղին առնուելիք քայլերու մասին բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տալ եւ վարուիլ հարազատի նման:
Ատամնաբոյժը, հիմնուած իր ուսման եւ մանաւանդ երկար տարիներու փորձառութեան վրայ, պարտաւոր է բաւական ժամանակ տրամադրել իր հիւանդին քննութեան, անոր ցաւերուն ծանօթացման եւ մանաւանդ ակռայի բուժման գործին մէջ:
Ան պէտք է ըլլայ նաեւ համբերատար, խղճամիտ եւ համոզիչ: Բժիշկը ինք պէտք է նաեւ նախազգուշական ճամբաներու մասին յորդորէ: Ատամնաբուժութիւնը արհեստ ըլլալէ աւելի ինծի համար արուսետ ալ է:
Անոր համար անշահախնդրութիւնը մեծ դեր կը խաղայ մեր ասպարէզին մէջ:
Յաջողակ ատամնաբոյժ դառնալու համար, մամուլի կամ պատկերասփիւռի ծանուցումներէն աւելի էական են հիւանդ-յաճախորդին իր բժիշկին հասցէին դրական կերպով կատարած արտայայտութիւնները:
Ո՞Վ Է ԱՐԱ ԱԼՊԱՐԵԱՆԸ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԷՋ
Տունը մեծ դեր ունեցած է իմ ազգային կազմաւորմանս մէջ: Հայրս մեր քաղաքի եկեղեցւոյ եւ ազգային վարժարանի թաղականութեան տարիներու ատենապետը եղած էր: Անոր զոհողութիւնները եւ տարած անսակարկ զոհաբերութիւնները ինծի համար դարձած էին օրինակելի կենսաձեւ:
Դժբախտաբար մասնագիտութեանս պատճառով, թէեւ հեռու մնացած եմ գաղութիս միութենական աշխատանքներէն սակայն ամէն առիթներով լուռ եւ անձայն նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնած եմ եւ զօրակցած անոնց բոլոր գործերու յաջողութեան իրագրոծման:
Մօտէն կը հետեւիմ գաղութի մամուլին եւ միշտ խանդավառ եմ անոր ստեղծագործ ծրագիրներով:
Հաւանաբար այս մէկը իմ մասնագիտութենէս կու գայ: Մեր համալսարանական տարիներուն մեզի թելադրուած էր ըլլալ միշտ լաւատես, որպէսզի հիւանդին ներշնչուի յոյս եւ կորով:
Ըսեմ նաեւ, որ միշտ հպարտ եղած եմ ազգութեամբս, հայութեամբս: Ու մեծ փափաքս է, որ մեր նոր սերունդն ալ իր կարգին հպարտ ապրի ու չմոռնայ իր լեզուն ու հայրենիքը եւ իր ուժերու ներած չափով միշտ ու անվարան օգտակար դառնայ իր ազգին:
Alex Ara Alabrain, D.D.S.
General and Cosmetic Dentistry
411 N. Central Ave. Suite # 245
Glendale, CA 91203
Phone: 818-247-0085