ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

«Ասպարէզ» օրաթերթի յաւելուածին համար յատուկ մեր հարցազրոյցը ունեցանք Ենիգոմշեան նահապետական գերդաստանի անդամներէն, Ենիգոմշեան ընտանիքի 12 բժիշկներէն վեցերորդի՛ն Տոքթ. Աղէկ Ենիգոմշեանին հետ:
Ենիգոմշեան ընտանիքը Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա հանրածանօթ է ոչ միայն իր բժշկական ասպարէզին մէջ, այլ նաեւ իր ազգային, հասարակական ու ժողովրդային ազգօգուտ ծառայութիւններով: Տոքթ. Ա. Ենիգոմշեան մասնագիտացած է բժշկութեան գեղագիտական գործողութիւններու մէջ, իր դարմանատունը կը գտնուի Սան Հոզէ քաղաքին մէջ: Ան նաեւ կը գործակցի շրջանին մէջ գտնուող հիւանդանոցներու հետ: Տոքթ. Աղէկ Ենիգոմշեան եւ իր կինը՝ Ռիմա գործունեայ անդամներ են Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի ազգային, եկեղեցական ու մշակութային միութիւններուն մէջ. անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով Փաթիլ եւ Միհրան: Փաթիլ վկայուած է MBA-ով, իսկ Հայկ տակաւին կ՛ուսանի բժշկութեան վերջին տարին USC-ի մէջ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Տոքթ. Ենիգոմշեան, հայկական ի՞նչ միջավայրի մէջ եղած էք Լիբանանի մէջ ընդհանրապէս եւ ձեր երկրորդական ուսումը ո՞ւր ստացած էք:
ՏՈՔԹ. ԱՂԷԿ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ.- Յաճախած եմ Պէյրութի Ս. Նշան ազգային վարժարանը մինչեւ 4րդ դասարան, ապա հայրս ուզած է լիբանանեան ասպարէզներու մէջ տեղացի արաբի մը նման արաբերէնի տիրապետեմ, այդ պատճառաւ հայկական դպրոցէն հանած ու զիս ուղարկած է Պէյրութի «International College» մինչեւ 12րդ դասարան. Այդ պատճառաւ ալ մշակութային եւ մարզական կեանքէն հեռու մնացած եմ, «Արդէն շատ ալ մարզական վիճակ չունէի». Իսկ մնացած հայկական կրթութիւնս ստացած եմ ընտանիքէս ներս, հայերէն գիրքեր եւ օրաթերթեր կարդալով, մասնաւորաբար «Ազդակ» եւ «Այգ»: Ամերիկեան համալսարանին մէջ եղած եմ, ՀԵՀՈՄի. անդամ (Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայ ուսանողական միութիւն), ուր իմ առաջին դաստիարակը եղած է երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսը՝ այն ատեն՝ Գարեգին Եպիսկոպոս: Նաեւ եղած եմ Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան անդամ: Այդ միութեան դաստիարակն էր Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան, իսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ անդամակցած եմ «Armenian Professional Society»ի մինչեւ այսօր:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչը մղած է ձեզ բժշկական ասպարէզին հետեւելու:
ՏՈՔԹ. Ա. ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ.- Բժիշկ դառնալու փափաքս եղած է բնական երեւոյթ մը ընտանիքիս մէջ: Կանուխ հասակիս արդէն որոշած էի ըլլալ բժիշկ: Ունեցած եմ 2 հօրեղբայրներ եւ զարմիկ մը, որոնք ներշնչած են զիս, տոքթ. Յովսէփ, տոքթ. Լեւոն եւ տոքթ. Վահրամ Ենիգոմշեանները, այս անձերը եղած են ինծի օրինակ եւ խորհրդատու. Այսօ՛ր Ենիգոմշեան գերդաստանը տուած է 12 բժիշկներ, ես վեցերորդն եմ, եւ նոր սերունդին մէջ ապագայ բժիշկներ կը պատրաստուին:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Բժշկական ի՞նչ համալսարաններ յաճախած էք, ո՞ւր եւ երբ:
ՏՈՔԹ. Ա. ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ.- Յաճախած եմ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, վկայուած եմ իբրեւ բժիշկ 1972ին, անցած եմ Միացեալ Նահանգներ եւ հետեւած նախապատրաստական 4 տարուայ վիրաբուժութեան, Նիւ Եորք նահանգի, Սիրաքիւզ քաղաքի համալսարանին մէջ. Ներառեալ մէկ տարի «transplantation surgery», նաեւ ընելով գիտական հետազօտութիւն «Research»՝ այս ճիւղին մէջ հրատարակելով երեք յօդուածներ: Գեղագիտական վիրահատութեան մասնագիտութեանս համար 2 տարի ուսած եմ Նիւ Եորք քաղաքի «Methodist Hospital»ի մէջ: Մասնագիտութիւնս կը կայանայ գեղագիտական եւ վերակառուցման «Plastic and reconstructive surgery» վիրահատութեան մէջ:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչո՞ւ նախընտրած էք գեղագիտական մասնագիտութիւնը, եւ եթէ կրնաք մեզի լուսաբանել թէ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս սկսած է այս մասնագիտութիւնը:
ՏՈՔԹ. Ա. ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ.- Ուսանողութեան շրջանիս նկատած եմ զանազան մասնագիտութիւններ, եւ անդրադարձած եմ թէ իմ անհատական մտածելակերպս կը համապատասխանէ այս մասնագիտութեան եւ իր ճիւղերուն, կ՛ուզեմ հոս անդրադառնալ թէ գեղագիտական վիրահատութեան մասնագիտութիւնը ինքնին շատ ճիւղեր ունի, ինչպէս Գեղագիտական. «Cosmetic», ի ծնէ եւ ժառանգական թերի կազմածներ. «Congenital Deformities», այրուածքներ, դէմքի եւ գանկի վերակառուցում. «Cranio-facial surgery», Կարգ մը քաղցկեղի պատճառաւ այլափոխուած մարմնամասերու վերակառուցում, օրինակ ստինքի վերակազմութիւն (Breast reconstruction. Other reconstructions), ձեռքի գործողութիւններ (Hand surgery)
Այս մասնագիտութեան առաջին սկսողը եղած է ամերիկահայ տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան Պոսթընի շրջանէն. Ան եղած է ամերիկեան բանակի բժիշկ-վիրաբուժ. Համաշխարհային առաջին պատերազմին դարմանած է վիրաւոր զինուորներ: Պատերազմէն վերջ երբ Միացեալ Նահանգներ վերադարձած է «Plastic and reconstractive surgery» սկսած է: Ամէն տարի, մինչեւ այսօր, գեղեցկագիտական միութեան «American Society of Plastic Surgeons» համագումարին բացման ամէնակարեւոր եւ առաջին ու յարգելի ճառը կը կոչուի «Kazanjian keynote Lecture», ամէն գեղագիտական վիրաբոյժ գիտէ եւ չի մոռնար տոքթ. Վարազդատ Գազանճեանը որ «Father of Plastic Surgery» կը կոչուի:
Հայութիւնը հռչակաւոր գեղագիտական վիրաբուժներ տուած է. տոքթ. Վահրամ Պագամճեան Պաֆըլոյէն, որ գլխու քաղցկեղի վերաշինութիւնը հնարած է, գործողութիւններ զօր կատարուած են երկար տասնամեակներ: Տոքթ. Տիգրան Կիւլէան Նիւ Եորքէն, հնարած է գործողութիւններու գործիքներ, որոնք մինչեւ այսօր կը գործածուին: Ներկայիս ունինք համաշխարհային հանրածանօթ բժիշկներ, տոքթ. Ճաք Շին Կեվգալաճեան (Dr. Jack Sheen «Gevkalajian), հիմա հանգստեան կոչուած, եղած է քիթի գործողութիւններու թիւ մէկ մասնագէտ եւ ուսուցիչ, բազմաթիւ գործողութիւններու համար հնարած է գործիքներ եւ գրած է գիրքեր քիթի գործողութիւններու մասին: Տոքթ. Մորիս Նահապետեան (Dr. Maurice Nahabedian), Ուաշինկթընի Ճորճթաուն համալսարանէն, շատ յարգուած վիրաբուժ մըն է իր նորոյթներով ու ուսուցչութեամբ, մասնաւորաբար ստինքի վերանորոգման: Տոքթ. Մարք Գոնսթանեան, եղած է աշակերտը տոքթ. Ճէք Շինի, ամէնէն դժուար եւ խրթին քիթի մասնագէտ եւ ուսուցիչ, ան ներկայիս աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր քիթի 5 մասնագէտներէն մէկն է: Տոքթ. Կրեկորի Տումանեան, ուսուցչապետ (professor), շատ յայտնի ու յարգուած անձնաւորութիւն Plastic Surgeryի մէջ. այս երիտասարդ հասակին, միշտ գործողութիւններու մասին նորութիւններ պարունակող յօդուածներ կը հրատարակէ:
Հոս կ՛ուզեմ շեշտել, թէ բազմաթիւ հայ գեղագիտական վիրաբուժներ անցեալին ու ներկայիս յաջողած են այս ասպարէզէն ներս եւ իրենց փայլուն մասնակցութիւնը կը բերեն, ըլլա՛յ իրենց ակադեմական թէ գաղութային աշխատանքներուն մէջ:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր մասնագիտութեան մէջ, ապագայ 10 տարիներու ընթացքին ի՞նչ յառաջդիմութիւն կ՛ակնկալէ՛ք:
ՏՈՔԹ. Ա. ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ.- Պիտի տեսնէք թէ շատ աւելի մեծ թիւերով եւ յաջողութեամբ պատուաստումներ (Transplantation) պիտի ըլլան, արդէն կը տեսնենք երեսի եւ ձեռքերու համար կ՛ըլլան. այս անձերը շատ աւելի լաւ կեանք պիտի ունենան իրենց ներկայ վիճակէն: «Immunology» եւ «Micro surgery»ի միասին գործածումը շատ մը դռներ պիտի բանայ: Պիտի տեսնենք «Stem cell»ի յառաջխաղացումը եւ նոր գիւտեր. Պիտի կրնանք մարմինի տարբեր օրկաններ աճեցնել եւ գործածել, բայց այս մէկը 10 տարի կամ աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ դեռ:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Այն հայ երիտասարդներուն, որոնք կ՛ուզեն բժշկութեան հետեւիլ, ի՞նչ թելադրանքներ կրնաք տալ:
ՏՈՔԹ. Ա. ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ.- Բժշկութիւնը նուիրում մըն է, եւ այդ պատճառաւ ալ աշխատանքի չափը եկամուտին համեմատ չափելու չէ. Պէտք է սիրես եւ նուիրուիս այս գործին, այլապէս շատ դժբախտ անձ մը կ՛ըլլաս: Բժիշկը հիւանդին առողջութեան պատասխանատուն է. Անոր գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ հիւանդին առողջական վիճակը: Բժշկութեան ճամբան, երկար եւ դժուարին ճամբայ մըն է, սակայն մեծապէս հոգեկան գոհունակութիւն պատճառող:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը մտածէք Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին, մեր պահանջատիրութեան ու հայ թրքական յարաբերութիւններուն մասին:
ՏՈՔԹ. Ա. ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ.- Հայ Դատը Սուրբ դատ է: Ոեւէ անձ, ըլլայ օտար, ըլլայ հայ չի կրնար ուրանալ կամ սակարկել այդ մասին, այդ անձերը անմիջապէս կը կորսնցնեն իրենց բարոյական արժէքները մեր մօտ ու կը նկատուին իբրեւ վնասակար մարդիկ եւ կը դառնան անկապակից մեր աշխատանքներուն հետ: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրնան լաւանալ, երբ թուրքերը իրենց ուրացումի կեցուածքէն կը հրաժարին եւ կ՛ընդունին իրենց ոճիրը: Մինչ այդ մեր պահանջատիրութիւնը պէտք է անդադար զօրանայ: Հայ Դատի աշխատանքները շատ կարեւոր եւ դրական են սակայն իրենց նիւթական հնարաւորութիւնները շատ անբաւարար են հարցին մեծութեան համեմատ: