ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
«Այն, որ մարմինով առողջ չէ, Չի կրնար ծառայել իր ազգին»։

Բժշկութիւնը կը սորվեցնէ պահպանել առողջութիւնը։ Հպարտանք մըն է եւ արժանի է գնահատանքի դարերու խորքէն եկած Հայ բժշկութիւնը։ Յիշենք 12րդ դար, 1183 թուական, երբ հայոց Գրիգոր կաթողիկոսի առաջարկութեամբ առաջին անգամ բժշկութիւնը գրաւոր հանդէս կու գայ Մխիթար Հերացիի կողմէ, որմէ ետք՝ 1466-69 թ.թ. Ամիտովլաթ, բուն անով՝ Գէորգ, ծնած Ամասիա, ձգած է պատկառելի ժառանգութիւն մը՝ «Օգուտ բժշկութեան», 523 էջէ բաղկացած հատոր մը, որուն ձեռագիրը կը պահուի Երեւանի Մատենադարանին մէջ։
Վեհ մասնագիտութիւն մըն է բժիշկի արուեստը… Բժիշկը այն անձն է, որ վարժուած է ճանչնալ, թէ ի՞նչ պատահած է հիւանդին, եւ արագ կ՛ողմնորոշել, թէ ինչի՞ պէտք է ձեռնարկէ:
Հպարտօրէն ըսենք, որ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ գործող հիւանդանոցային հսկայածաւալ կառոյցներու շուրջբոլոր ծուարած են պատիւի արժանի՝ հայկական անուններով մկրտուած բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ դարմանատուներ:
Սրտի անկեղծ բերկրանքով նշանակէտս կ՛ուղղեմ Կլենտէյլի սրտին մէջ խարսխուած ընտանեկան բժշկուհի Արմինէ Նազարեանի դարմանատան:
Խօսելով բժշկուհի Արմինէի մասին՝ հարկ է յետադարձ ակնարկ մը նետել անոր մանկութեան, պատանեկութեան ու երիտասարդ տարիներու անցած ու ներկայ ուղիին մասին, ուր ձեւաւորուած ու կայացած է բժշկուհին։
Ծնած է Երեւան, բժիշկներու յարկին տակ։ Տակաւին վեց տարեկան Արմինէն կ՛ազդուի բժիշկ-ծնողքի մասնագիտութեամբ, համակ ուշադրութեամբ կը հետեւի տան մէջ անոնց հետաշխատանքային վերլուծումներուն, ականջալուր կ՛ըլլայ արտա-աշխատանքային կապին, ծնողքին կողմէ հիւանդներու հոգածութեան, նուիրուածութեան եւ տրուած համապատասխան որոշումներուն. «Մօրս ձեռքը բռնած գնում էի իր աշխատավայրը ու անմիջական ականատեսն էի լինում ծնողներիս «աշխարհին», նրանց աշխատելաոճին, յատկապէս նկատում էի, թէ ինչպէ՛ս են հիւանդները յայտնում իրենց երախտագիտութիւնը», հպարտօրէն ու գեղեցիկ ժպիտով մը յիշողութեան էջը կը բանայ բժշկուհին։
Փոքր տարիքէն մօտ կանգնած ըլլալով բժշկութեան ասպարէզին՝ Արմինէն կը տեսնէ այս բնագաւառին բոլոր դժուարութիւնները ու ակնկալութիւնները, որոնք ջանք կը պահանջեն. «Քո կեանքից պոկել, տալ ուրիշին՝ դիւրին չէ, դեմ առ դեմ կանգնել անբուժելի հիւանդի առջեւ ու պահել հոգեկան ճնշուածութիւնը, փորձել օգնել, ձգտել յաղթահարելու ծանր կացութիւնը, սփոփել հիւանդը, այսինքն կառավարել այս ամէնը՝ բժշկից պահանջում է օրինաչափութիւն», կը հաստատէ բժշկուհին:
Ահա, այսպէս, մերձենալով մարդկային կեանքի գոյապայքարի գործելակերպին՝ ինքնակերտումը կը սկսի մանկութեան, ապա պարմանուհիի հասուն տարիներուն։ Նա անվարան կ՛ամբողջացնէ միտքը. «Նմանուելով ծնողներիս՝ սիրել եմ մարդկանց, ու նրանց օգնելով հաճոյք եմ ստացել, եւ վստահ եմ, որ այս «սէրը» ոչ միայն փոխանցուել է ծնողներիցս, այլ ժառանգել եմ. իսկ յաճախ թւում է, թէ «բժիշկ» եմ ծնուել», շոյուած եւ հպարտ կ՛անդրադառնայ բժշկուհին:
Այսպէս կը սահին երազանքի տարիները… կ՛աւարտէ միջնակարգ դպրոցը, ապա կ՛ընդունուի Երեւանի բժշկական համալսարանը՝ «Կարմիր» վկայականով, եւ կը ստանայ «Ներքին հիւանդութիւնների» որակաւորում՝ վայելելով բժիշկի իր արժանի տիտղոսը։
Վկայակոչուելով անմիջապէս բժշկուհի Արմինէն կ՛աշխատէ Երեւանի «Վարակի»չ հիւանդանոցին մէջ, միաժամանակ կը դասախօսէ բժշկական համալսարանէն ներս։
1966 թուականին կը հաստատուի Քալիֆորնիա, Կլենտէյլի հայահոծ վայրը, եւ անմիջապէս կ՛ընդունուի USC համալսարանը ու կը վերահաստատէ, կ՛արժեւորէ իր վկայականը՝ միաժամանակ հետեւելով ու որակաւորուելով նոր՝ «մանկաբուժութիւն» մասնագիտական վկայականով մը։ Արդիւնքը՝ 2005 թուականին կը հիմնէ անձնական դարմանատունը, Կլենտէյլ եւ Հարվըրտ փողոցներու անկիւնադարձին, իբրեւ գլխաւոր բժշկուհի։
Դարմանատան կառոյցը կ՛ընդգրկէ ընդունարան, գրասենեակ, տարրալուծարան, հիւանդները քննելու երեք սենեակներ եւ բուժքոյրերու աշխատասենեակներ, ինչպէս նաեւ՝ կառատուն:
Կեդրոն մը, ուր կ՛այցելէն նորածինէն մինչեւ ծեր, եւ կը քննուին սրտանօթային, ստամոքսա-աղիքային, նեարդային, ողնայարի, գլխացաւի «միկրէն» եւ այլ հիւանդութիւններով պարագաներ, ունենալով արեան քննութիւն եւ սրտի ժապաւէն։ Մանրակրկիտ քննութիւններէն ետք, ոմանք կը ղրկուին զանազան մասնագէտներու քով, իսկ ուրիշներ, անհրաժեշտութեան պարագային՝ հիւանդանոց։
Դարմանատունը, գլխաւորութեամբ բժշկուհի Արմինէ Նազարեանի, որուն կը համագործակցի իր կողակիցը՝ բժշ. Չիլինգարեան, ունի աշխատակարգի ու ոճի ընդհանուր վարուելաձեւ ու մեթոտներ, եւ լաւագոյնս կը յարգէ հիւանդապահպանման կանոնները։
Այստեղ իւրաքանչիւր հիւանդ ունի արձանագրութեան յատուկ տոմար, ուր կ՛արձանագրուի հիւանդին անունը, գործողութեան տեսակները եւ այլ մանրամասնութիւններ, որոնց ենթարկուած է ենթական։ Դարմանատուն կ՛այցելեն օրական 25-30 պարագայներ, տարեկան շուրջ 3000 պարագայ, իսկ կեդրոնը կը ծառայէ հայ եւ օտար հիւանդներու, անխտիր, որոնք բժիշկներու, բուժքոյրերու օժանդակութեամբ կ՛ըստանան անմիջական օգնութիւն՝ ախտորոշելով հիւանդութիւնը եւ հաստատելով դարմանումի ճամբան:
Արժանաւորապէս, բժշկուհի Արմինէ Նազարեան շաբաթական մէկ անգամ՝ Շաբաթ օրերը, ժամը 3էն 3:30, ուղիղ եթեր կը սփռէ բժշկական յայտագիր մը՝ հեռատեսիլի «ARTN» կայանէն. ան կը նպատակադրէ դիտորդներուն կրթական մակարդակը բարձրացնել եւ խրախուսել, որ չխուսափին բժիշկներէ ու ըլլան զգօն, եւ կոչ կ՛ուղղէ հասարակութեանը, ժամանակին, դիմելու բժիշկի, նաեւ՝ ուղղակի կը պատասխանէ զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն։
Երիտասարդ, գեղեցկադէմ, կայտառ, ինչպէս նաեւ վաստակաշատ բժշկուհի Արմինէ Նազարեանը 2008 թուականին կ՛արժանանայ «Patient Choice Award», «Regal Medical Group-Exclusive Physician» գնահատագիրներուն։
Բժշկուհին, «բժիշկներու հայր» Հիպոկրատի իր երդումով, կը փաստէ իրատեսօրէն սիրել ՄԱՐԴը, օգնել իր ազգին, շարունակել հետեւիլ իր գիտելիքներու ամբարման՝ քայլ պահելով նորագոյն յայտնագործութիններուն. ան երկու տարին անգամ մը, կառավարական քննութեամբ կը պաշտպանէ բժիշկ ըլլալու իր արդար իրաւունքը։
Հմայիչ, պարկեշտ, հեզ, խաղաղ, համբերատար, ինքնավստահ, ժպտերես բժշկուհի Արմինէ Նազարեանը կը դիմագրաւէ զանազան պահեր՝ դէմ հանդիման գալով հիւանդի, եւ բնականաբար՝ կ՛ալեկոծուի անոր ներաշխարհը. իրմէ կը պահանջուի արագ կողմնորոշում, որոնում, օգնութիւն… Ահա, այստեղ է, որ բժշկուհին կը հաստատէ. «Պարտաւոր եմ լինել ուշադիր, նրբազգաց, որպէսզի հիւանդը չկորցնի իր առողջանալու «հաւատքը ու յոյսը», ապա կ՛աւելցնէ. «Օրուան աւարտին, իբրեւ մարդ եւ մասնագէտ՝ ունենում եմ «ինքնաքննարկման» պահ, հաշիւ եմ տալիս ինքսինձ՝ «Ի՞նչ եմ արել այսօր, արդեօք որեւէ բան արե՞լ եմ, որ պիտի չանէի»»։
«Իմ գործը, իմ դպրոցն է, որ միշտ սրբագրութեան կարիք է զգում։ Իսկ ամէն օր հետեւում եմ արագ առաջ ընթացող գիտութեան նորագոյն էջերին, որպէսզի կարելիս տամ իմ հայ ժողովուրդիս», յուզաթաթախ կ՛աւարտէ խօսքը Արմինէ Նազարեանը։
Իրապէս, ամէն մարդ մտահոգ պիտի ըլլայ իր առողջութեամբ։ Շատ աւելի լաւ է խուսափիլ հիւանդութենէ, քան իմանալ, թէ վարակումէ ետք ինչպէ՞ս պէտք է դարմանել զայն:
Երբ հիւանդ ես, պէ՛տք է դիմես բժիշկի:
Օտար բժշկութեան տուրք տուող եւ հայուհիի արժանավայել իր ընտանեկան ու անձնական աւանդով հարստացած, ինչպէս նաեւ գիտական ու փորձնական ընդհանրութիւն գտած բժշկուհի Արմինէ Նազարեանը կը վայելէ հասարակութեան, իր հիւանդներուն՝ մանուկէն մինչեւ ծեր, սէրն ու համակրանքը։
Վարձքդ կատար, սիրելի բժշկուհի։
————————————————————————————
Պատուարժան «Ասպարէզ» Օրաթերթի Խմբագիր
Շնորհակալութեամբ կարդացի Ձեր կողմէ յղուած երկտողը՝ բժշկուհի Արմինէ Նազարեանի նուիրուած իմ յօդուածի տպագրութեան յետաձգման մասին. յապաղումով կը պատասխանեմ, եւ մասնաւորաբար կ՛աճապարեմ ըսելու, որ այս յօդուածը ինծի համար մեծ խանդավառութիւն պիտի պարգեւէ տպագրութենէն ետք. Ձեր հայեցողութեան կը ձգեմ յօդուածին լոյս ընծայումը «Ասպարէզ»ին կամ «Բժշկական յաւելուած»ին մէջ։
Կանխայայտ շնորհակալութիւններս. կը սպասեմ պատասխանի։
Անկեղծ ողջոյններով՝
Ռոզաննա Ուլիկեան