ՏՈՔԹ. ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ

Բժշկական արուեստին զուգընթաց, տոքթ. Զաքար Մկրեանը ծաւալել է աչքառու գործունէութիւն հասարակական եւ կուսակցական բնագաւառներում:
Երիտասարդ հասակից անցել է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, ուսանողական տարիներին յաջողել է հիմնել Պուրճ Համմուտի ՀՅ Դաշնակցութեան «Զաւարեան» աշակերտական միութիւնը:
Իր յօդուածների միջոցով, որոնք տպագրուել են «Ազդակ» օրաթերթի 70-80ական թուականների էջերում՝ ընկերային երեւոյթներ, բանաստեղծութիւններ եւ ընդհանրապէս բժշկական-մասնագիտական յօդուածներով ջանացել է ընթերցողներին փոխանցել մասնաւորապէս բժշկական եւ առողջապահական օգտաւէտ տեղեկութիւններ (խմբագրութիւն):
—————————————————————————————–
ՀԱՏԸՆՏԻՐ ԷՋԵՐ
Իղձ
Ի՞նչ կ՛ըլլար, ինչպէ՞ս կ՛ըլլար աշխարհ.
Եթէ աշխարհիս երէսէն չքնար,
Չքնար ու կորսուէր վիշտ ու տառապանք,
Ատելութիւն, կիրք ու բամբասանք:
Ի՞նչ տեսք կ՛առնէր աշխարհի երեսը,
Եթէ չմնար ոչ մէկ հիւանդ
Ոչ մէկ երդիկէն ա՜խի ձայն չգար,
Ոչ մէկ ծնողքի սիրտը չտխրէր:
Ո՞ւր կայ աշխարհ մը ուրախ,
Ուր մահն ու վիշտը գետին չ՛ունենար,
Մարդիկ ապրէին, ծնէին, շատնային,
Եւ շատնալով իրարու չուտէին…
Ուր մանրէ չ՛ըլլար իրենց մարմնին մէջ,
Ոչ ալ շնչելիք մաքուր օդին մէջ,
Ապրէին ուրախ, անհոգ, երջանիկ,
Երգէին սրտով, ժպիտը դէմքերուն…
9 Յունուար 1975
——————————————————————————————–
Ո՞ւր Մնաց Համեստութիւնը
Համեստութիւնը առաքինութիւն մըն է, որ կարծես հետզհետէ նուազելու վրայ է մեր առաջնորդ դասակարգին մօտ: Եւ դժբախտաբար հոն է, որ կարծես փոխանցիկ դարձած, օրըստօրէ աւելի կ՛ընդհանրանայ:
Ինչո՛ւ չէ, երբ տեսնես դիմացինդ, որ բարեւդ ձանձրոյթով կ՛առնէ չուզելով կամ դժկամութեամբ կը փոխադարձէ յարգանքի ժպիտիդ, ի՞նչ կը մնայ ընել՝ քան վերադարձնել դիմացինիդ իր ըրածը, այսինքն չբարեւել կամ անտարբեր ձեւանալ:
Ո՞ւր մնաց համեստութիւնը, պարզութիւնը, անոյշ ու անկեղծ ժպիտը, ինչո՞ւ հետզհետէ կը նուազի:
Հազիւ աննշան համալսարանէ մը թերաւարտ, թերեւս շատ պզտիկ կամ միջակ հանրային պատասխանատուութիւն մը վերցուցած, արդէն ինքզինք կը նկատէ նոր Նափոլէոն մը…
Չկայ աւելի վհատեցուցիչ, բարոյալքիչ երեւոյթ, քան երբ նկատես մէկ շաբաթ տարբերութեամբ, քու մտերիմ ընկերդ, որ յանկարծ քեզ չի բարեւեր կամ դժկամութիւն կը ցուցաբերէ վերադարձնելու քու «ինչպէ՞ս ես»իդ:
Մասնաւորաբար հանրային գործունէութիւն ունենալու սահմանուած պատասխանատուութիւններ ստանձնողէ մը կը սպասուի, որ այն բոլոր անձերը, որոնք զինք նկատի ունենալով կամ յարգելով պարտականութիւն մը կը յանձնեն, առնուազն զիրենք յարգէ գոնէ առ երես:
Նորաձեւութեան մաս կը կազմէ հպարտութիւնը… Ինչո՞ւ չէ, երբ երիտասարդութիւն մը կայ, որ ինքզինք չի խնամեր, կը մոռնայ իր անձը, մայթերու վրայ կը գիշերէ: Ուրիշ երիտասարդութիւն մըն ալ ունինք, որ ինքզինք սկսած է ազգի ազատարարի տեղ դնել ու պարզ ձեւով ըսած՝ հետը չի խօսուիր:
Ուրախութեամբ կը նկատենք հայրական պարզութիւն, համեստութիւն մօտիկութիւն, սէր, անցեալով հարուստ, ազգային բեղուն գործունէութիւն ունեցած ղեկավարութեան մօտ, որ կը քաջալերէ նորահաս սերունդը:
Ինչո՞ւ համար նոյն պարզութիւնը չեն ցուցաբերեր մեր նորահաս եւ թերաւարտ համալսարանականները: Ինչո՞ւ կը մոռնան համեստութիւնը:
Չի բաւեր շրջանակի մը տէր ըլլալ, ինչքան ալ ուժեղ ըլլայ խմբակը, պարզութիւնը,
համեստութիւնը պէտք է ամէն վայրկեան տիրապետեն ամէն արտայայտութեան վրայ,
առիթ ունենալու ամէնուն հետ կապ պահել, մօտենալու, հասկնալու եւ հասկցուելու բոլորէն:
Ոմանք պարզ կետպով կ՛երեւակայեն, որ խիստ եւ հպարտ կեցուածքը միջոց մըն է իրենք զիրենք պարտադրելու, տիրապետելու շրջապատին. ի՞նչ մեծ սխալ:
Օրինակներ չեն պակսիր փաստելու հակառակը:
Իսկական մեծը չի վախնար պարզ երեւալու, ինչպէս կ՛ըսեն «գեղեցկութիւնը պէտք չունի շպարի», այնպէս ալ իսկական մեծութիւնը, մեծ գիտնականը, բժիշկը պէտք չունին արտաքին արուեստական պաշտօնական ձեւակերպումներու: Ժողովուրդը գիտէ մեծը, կը զգայ զայն ու օր մը իր արժէքով կը գնահատէ ամէն իրականութիւն:
Իրմէ մեծին հանդէպ յարգանք, իրմէ պզտիկին դիմաց համեստ ու պարզ մօտեցում, ահա ինչ որ պէտք է յատկանշէ ընկերութենէն ներս որեւէ հաւակնութիւն սնուցանող երիտասարդին յատկանիշները:
————————————————————————————————–
Բժիշկ-Հիւանդ Յարաբերութիւնը
Հանրային ծառայութեան ասպարէզներուն մէջ թերեւս ոչ մէկ մարզ այնքան մեծ կարելիութիւններ կ՛ընծայէ, որքան բժշկութիւնը, մարդկային տառապանքի բուժումին կամ գոնէ հոգեկան մարմնական հիւանդութիւնները թեթեւցնելու իմաստով:
Բժիշկին ունեցած գիտական պատրաստութիւնը, փորձառութիւնը, անձին հեղինակութիւնը, պարզութիւնն ու ծառայասիրութիւնը անհունօրէն կը դիւրացնեն եւ կ՛ընծայեն լաւագոյն պայմանները՝ թափանցելու հիւանդին աշխարհին մէջ, ճշգրիտ ախտաճանաչումի եւ բուժումի համար:
Միեւնոյն հիւանդութիւնը տարբեր ձեւ կ՛առնէ՝ նկատի առած հիւանդին տարիքը, անհատականութիւնը եւ ընկերային կացութիւնը:
Բժշկութիւնը գիտական պատրաստութեան հետ կը նոյնացնէ մարդը ճանչնալու արուեստը: Գիտութիւն ու արուեստ միասին կ՛ընթանան: Բազմաթիւ աշխատութիւններով ներկայացող հի-ւանդին մօտ հարկ է զատորոշել գլխաւորը, որ բուժումի հիմնաքարը կը կազմէ: Տարրալուծարանի արդիւնքներուն, հիւանդին նկարագրութիւններուն եւ քննութիւններուն ընդնիջէն, որոնք շատ յաճախ հակասական կը թուին, ճշգրիտ ախտաճանաչումի մը յանգիլն ու հիւանդը համոզելը գիտական պատրաստութեան եւ երկար փորձառութեան արդիւնք են:
Առողջական թերի մը միշտ ալ իր անդրադարձը կ՛ունենայ անհատին հոգեկան կառոյցին վրայ:
Որոշ պաշտօնի տէր անձեր կը խուսափին բժիշկին երթալէ, կամ ամբողջական անկեղծութեամբ չեն արտայայտուիր՝ վախնալով ու գաղտնիք մը յայտնելով իրենց ընկերային դիրքին վնաս կը հասնի:
Տարեց անձեր շատ անգամ իրենց հիւանդութիւնը կը պահեն: Անոնք կը զգան, թէ առողջութեան քայքայումը իրենց արդէն կարճցած կեանքին աւելի շուտ վերջ մը կրնայ տալ:
Շատերն ալ զզուանք կը զգան հիւանդութեան նկատմամբ: Չեն կրնար հանդուրժել, որ իրենք ալ հիւանդ են եւ կը խուսափին բուժումի կեդրոններ դիմելէ:
Մանկութեան շրջանի հիւանդութիւնները երեխային մօտ կը ստեղծեն անձնակեդրոն բնաւորութիւն մը, ու եսասիրութիւնը՝ քաջալերուած ծնողներու մշտական հոգատարութենէն, ենթական հետզհետէ կը դարձնէ հոգեպէս ախտաւոր. ան միշտ կառչած կը մնայ իր հիւանդութեան՝ խոյս տալով ամէն պատասխանատուութենէ: Ան երջանիկ է իր հիւանդութեամբ եւ կը խուսափի բուժումին տուած կարելիութիւններէն, ինչ որ վերջ պիտի տայ իր անպատասխանատու կեանքին:
Շատ աւելի դիւրին է զատորոշելը մարմնական արտաքին թերի մը, մինչդեռ ներքին եւ հոգեկան հիւանդութիւններէն շատերուն ախտաճանաչումը կը մնայ յաճախ դժուար եւ երկար փնտռտուքի կարօտ:
Կանխազգուշական բժշկագիտական միջոցառումները, զորս երբեմն կը կիրարկեն սենտիքաներ, մեծ ընկերութիւններ, ապահովագրական կամ անհատական խմբակցութիւններ, ախտաճանաչումին եւ դարմանումին մեծ օգտակարութիւն ունին, նախքան հիւանդութեան աւերներ գործելը:
Շատ աւելի գնահատելի է պահուած հիւանդութիւն մը զատորոշելը եւ դարմանելը, քան նուիրումով արդէն անբուժելի դարձած հիւանդութիւն մը դարմանելը:
Բժշկագիտութեան յառաջադիմութիւնը շատ յաճախ բժիշկին կը ստիպէ դիմելու այլազան մասնագիտութիւններու կամ հիւանդանոցներու օգնութեան՝ բուժելու համար դժուար եւ բարդ հիւանդութիւններ:
Ընտանեկան բժիշկին պարտականութիւնն է այս մասին ուղղութիւն տալ հիւանդին: Բժիշկին անձը չափազանց կարեւոր դեր կը խաղայ հիւանդին հետ մտերմանալու եւ բնական մթնոլորտ մը ստեղծելու մէջ. երեւոյթներ, որոնք բուժումին համար կենսական են:
Իր հոգեկան տրամադրիւթիւնը, անձնական տրամադրութիւնները, ընտանեկան պայմանները պէտք է զանց առնուին: Մասնաւորաբար հիւանդին արտաքին տեսքը, որ կրնայ յաճախ անխնամ ըլլալ, կամ հակակրանք ազդել, ասոնք հոգածու եւ բարեացակամ մթնոլորտը պէտք չէ պղտորեն:
Մարդկային տառապանքին եւ ընկերութեան նկատմամբ սէր չունեցող անձ մը կրնայ գիտական մեծ պատրաստութիւն ունենալ եւ ախտաճանաչումի վարպետ դառնալ, սակայն իբրեւ բժիշկ դժուար թէ կարենայ իր հիւանդներուն հետ բնական եւ մարդկային յարաբերութիւն ստեղծել եւ իսկապէս յաջողիլ բուժումի գործին մէջ:
Իսկական բժիշկը նոյնքան սիրով կը հետաքրքրուի ամէն տեսակի հիւանդներով (համեստ եւ հպարտ, աղտոտ եւ մաքուր, խենթ եւ խելացի). իրեն համար էականը կը մնայ տառապող մարդը: