ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իբրեւ հայեր, մեզի համար պարը եւ մանաւանդ հայկականը, իր իւրայատուկ տեղը ունեցած է, եւ մինչեւ հիմա ալ ունի մեր բոլորին հոգիներուն մէջ, ոչ միայն որովհետեւ ան դարերու պատմութենէն կու գայ, այլեւ՝ կ՛արատայատէ մեր ժողովուրդին դարաւոր մշակոյթի հարուստ հոգեւոր աշխարհը, մեր ազատատենչ ոգին, մեր պապերու արիութիւնն ու հերոսութիւնը եւ մանաւանդ անոնց սէրը, կատակն ու ժպիտը:
Այս բոլորը յիշեցինք, որովհետեւ Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը Կիրակի, 14 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5ին, «St. Nicholas» յունական եկեղեցւոյ շքեղ սրահին մէջ, հրապարակային եւ արժանավայել կերպով նշեց իր «Նայիրի» պարախումբին հիմնադրութեան տասնամեակը: Պարախումբը կը ղեկավարեն պարուսոյցներ Քաթրին Հայրապետեան եւ Արի Լիպարիտեան:
Ձեռնարկին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի կողքին, ներկայ էին ազգային վարչութեան անդամ Խաչիկ Երէցեան, «Համազգային»ի շրջանային վարչութեան ատենապետ Օհան Օհանեանն ու վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Շիրակեան» կոմիտէներու ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ «Ֆերահեան» Ազգ. վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան ու վարժարանի տնտեսական խորհուրդի անդամները, նաեւ շրջանի ՀՕՄի «Անահիտ» եւ ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղերու, յարակից ու քոյր միութիւններու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ շուրջ 500 հիւրեր, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, բարեկամներ ու պարախումբի բարերարներ, քաջալերողներ, նուիրատուներ եւ հովանաւորողներ:
Ներկաներու սրահ մուտքին, բեմէն իր ջութակով արուեստագէտ Ալան, տօնական խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծած էր՝ դասական եւ ժողովրդական երաժշտութիւն հրամցնելով:
Օրուան հանդիսավար Ծովիկ Կուտիքեան, նախ վարչութեան անունով բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան իր խօսքերը փոխանցեց եւ ապա շեշտեց, թէ «Նայիրի» պարախումբը անցնող տասնամեակին հրամցուցած է ճոխ, տոհմիկ եւ ազգային պարեր, որոնք մեծապէս հմայած են արուեստասէրներն ու մշակութասէրները: Ան պարզեց նաեւ, թէ այս բոլորը արդիւնք են պարախումբի երկու շնորհալի պարուսոյցներու ցուցաբերած նուիրումին:
«Տասնամեակ մը շարունակ, «Նայիրի»ն իր բազմաթիւ ելոյթներով վառ պահեց մեր մշակոյթի ջահը ու խղճմտօրէն ու անվերապահ դարձաւ հայ պարի դեսպանը այս շրջանէն ներս», ըսաւ ան:
Հանդիսավարը յիշեցուց նաեւ, թէ պարախումբը հայ թէ օտար շրջապատէ ներս, ամէն առիթով հրամցուցած է հայ տոհմիկ եւ այժմէական պարերու ճոխ յայտագիրներ: Ապա ան գնահատանքի յատուկ խօսքեր ուղղեց խումբի պարուսոյցներուն՝ Քաթրին Հայրապետեանին եւ Արի Լիպարիտեանին, ինչպէս նաեւ պարախումբի շուրջ հաւաքուած ծնողներուն՝ անոնց անսակարկ զոհաբերութեան եւ վստահութեան համար:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, որ նաեւ հայրական իր ողջոյնի ու քաջալերանքի խօսքերով վեր առաւ պարախումբին ցարդ տարած աշխատանքը ու շնորհաւորեց անոր ղեկավարներն ու հովանաւորող վարչութիւնը, ապա օրհնեց անոր անդամներն ու ծնողները:
«Նայիրի» պարախումբը, իր զանազան բաժանմունքներով, իր մեծերով եւ փոքրերով, յաջորդաբար հրամցուց հայկական տասը պարեր, որոնք ոչ միայն ստեղծեցին գեղեցիկ պահեր, այլեւ բոլոր ներկաներուն սրտերը տարբեր խանդավառութեամբ լեցուցին՝ արժանանալով երկար ծափողջիւններու:
Յանուն Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, ատենապետ Ռօժէ Խտրեան շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք, ըսաւ. «Այսօր ուրախութեան եւ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մեր շատ սիրելի «Նայիրի» պարախումբը տասը տարեկան դարձած է արդէն»:
Ապա, շնորհաւորելէ ետք ներկաները, ան յիշեցուց, թէ սոյն պարախումբն ու իր երկու վաստակաշատ ղեկավարները եղած էին հաստատ սիւները Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին: «Այս օրերուն, այս սիւներուն վրայ կ՛աւելնան նաեւ մասնաճիւղիս նորակազմ «Սայաթ Նովա» երգչախումբը՝ խմբավար Նորա Ռումեանի եւ նոյնպէս նորակազմ «Ուիլեըմ Սարոյեան» թատերախումբը՝ բեմադրիչ-դերասան Սեդրակ Պրոնզեանի ղեկավարութեամբ», ըսաւ Խտրեան, մեծապէս գնահատելով երկու ղեկավար պարուսոյցներու մեծ ներդրումը, անոնց՝ մեր նոր սերունդին հայ պարը սիրելի դարձնելու օրինակելի աշխատանքը. այս առթիւ ան իր շնորհակալութեան խօսքերը հրապարակեց նաեւ խումբի ծնողներուն եւ անոր քաջալեր հանդիսացող մշակութասէրներուն: «Մեր մաղթանքն է, որ «Նայիրի»ն շարունակէ իր ուղին՝ միշտ խանդավառելով բոլորս եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելով», եզրակացուց Խտրեան:
Յանուն «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան, Օհան Օհանեան նախ մեծապէս գնահատեց մասնաճիւղն ու իր պարախումբը, ապա շնորհաւորեց խումբին յոբելինական թուականը: Մատնանշելով պարախումբի հիմնադրութեան պատմականն ու ցարդ անոր կատարած նուաճումները՝ Օհանեան աւելցուց. «Ցարդ հսկայ աշխատանք տարուած է եւ այս բոլորը գերագոյն զոհաբերութիւն կը պահանջեն: «Նայիրին» իր բոլոր անդամներով կարեւոր ներկայութիւն է Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս, եւ մեծապէս գնահատելի է անոր հայ մշակոյթին նուիրումը»:
Ապա ներկաները պաստառի վրայ դիտեցին պարախումբին տարիներու աշխատանքները բնորոշող եւ հպարտանք առթող նկարներ, որոնք հաճելի հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ: Տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական դարձած մոմավառութիւնը, որուն մասնակցեցան 25 մոմավառներ:
Սրտի յատուկ խօսքերով ելոյթ ունեցան պարախումբի հին ու նոր անդամներէն Քրիստինա Խշուաճեանը, Էրիք Հայրապետեանն ու Ալին Մնայեանը, ապա, առ ի երախտագիտութիւն, յանուն Համազգայինի վարչութեան, ատենապետ Խտրեան պարուսոյցներ Քաթրին Հայրապետեանին ու Արի Լիպարիտեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէրներ, որոնց շաքին էր հանրայայտ արուեստագէտ Մայքըլ Արամի արծաթեայ «Նոյան Տապան»ը:
Գնահատականներու բաժինը շարունակելով՝ մասնաճիւղէն ներս իր տարիներու անսակարկ զոհաբերութեան եւ աշխատանքին համար, վարչութիւնը Վահիկ Վարդապետեանին յանձնեց յատուկ գնահատագիր-յուշանուէր մը:
Իր կարգին, խումբի հիմնադիր խմբավար-ղեկավար Քաթրին Հայրապետեանը, առ ի գնահատանք ցարդ իրենց տարած աշխատանքին, խումբին 27 օրինակելի մեծ ու փոքր անդամներուն մէկական յուշանուէր յանձնեց, ապա ան իր սրտի յատուկ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ եւ շնորհաւորեց պարախումբի անդամներն ու անոնց ծնողները՝ անոնց վստահութեան, համբերատարութեան եւ զոհաբերութեան համար: Երկոն խանդավառեց «DJ Heartbeat»ը:
Ծափահարելի եւ նոյնքան ալ օրինակելի աշխատանք կը տանին պարախումբի երկու պատասխանատու պարուսոյցները Քաթրին Հայրապետեանն ու Արի Լիպարիտեանը, որոնք հետեւողական աշխատանքով տասը երկար տարիներէ ի վեր կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը։ Անկասկած որ «Նայիրի»ն Հովիտի շրջանէն ներս կը ստեղծէ հիանալի, մշակութային եւ ազգային առողջ մթնոլորտ:
Ձեռնարկին յաջողութիւնը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ «Նայիրի»ն իսկապէս կը հմայէ, տարուէ տարի կը մեծնայ ու կը դառնայ հաստատ ներկայութիւն, ոչ միայն Համազգայինի անմիջական շրջապատէն ներս, այլ հայ եւ օտար մշակութասէրներու մօտ:
Անշուշտ այս բոլոր յաջողութիւններուն մէջ, պարախումբը հովանաւորող Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» վարչութեան հետեւողական աշխատանքին կողքին, իրենց արդար բաժինը ունին նոյն այս խումբի մեծ ու փոքր անդամ-անդամուհիներուն անսակարկ ու զոհաբերող ծնողներն ու իրենց յատուկ յանձնախումբը, որոնց աշխատանքն ու ճիգերը մեծապէս գնահատելի են: Մեր մաղթանքն է, որ «Նայիրի»ն մշտանորգ աշխուժութեամբ ու ծրագիրներով շարունակէ իր աշխատանքը: Ուստի շնորհաւորութիւններ եւ վարձքը կատար բոլորին: