Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին, Միշըն Հիլզի եւ Իկըլ Ռաքի «Արարատ տան» պաշտօնեաները եւ տարեցները՝ թիւով շուրջ 65 հոգի, այցելեցին առաջնորդարան՝ դիմաւորուելով առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի կողմէ, եւ առաջնորդուեցան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցի:
Առաջնորդին գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն եւ տուաւ իր հոգեւոր պատգամը, օրհնեց զիրենք եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Ապա ան իւրաքանչիւրին նուիրեց աղօթագիրք եւ յուշանուէր մը: Արարողութեան աւարտին, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն. այցելուները առիթը ունեցան զրուցելու հոգեւորականներուն հետ, այցելելու նաեւ գրասենեակները, ապա զուարթ տրամադրութեամբ վերադարձան «Արարատ տուն»: