Շաբաթ, Նոյեմբեր 20ին, Յունական Կիպրոսի մէջ, երաժիշտ եւ յօրինող Արա Գէորգեան համերգ մը ներկայացուց՝ Կիպրոսի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին եւ Համազգայինի Կիպրոսի «Սիփան» պարախումբին ընկերակցութեամբ։ Յունական Կիպրոսի 50ամեակին ձօնուած այս աննախընթաց համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին երկրի նախագահն ու առաջին տիկինը, խորհրդարանի հայազգի նախագահ Մարիոս Կարոյեանը, նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ եւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք լեցուցած էին Սթրովոլոյի քաղաքապետարանի ընդարձակ սրահը։
Արա Գէորգեան աւանդական ու ելեկտրոնային իր նուագարաններով եւ նուագախումբի ու պարախումբի ընկերակցութեամբ, հրամցուց 17 ստեղծագործութիւններ՝ արժանանալով ներկաներու որոտընդոստ ծափերուն։