ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նիուզ».- Ամերիկեան երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Լայպեր Սարգսեան) Հայաստան այցելելէ ետք ինքզինք ա՛լ աւելի հայ համարելու սկսած է։
«Երբ ես Հայաստան այցելեցի ու Երեւան գացի, այդ ժամանակ այնտեղ պատերազմ էր: Իմ հայրը հայ է, բայց ես անոր ծանօթացած եմ 11 տարեկանիս, այսինքն՝ մինչեւ 11 տարեկան չեմ գիտցած, թէ հայ եմ: Իսկ երբ տեսայ հայրս, նկատեցի, թէ մենք շատ նման ենք: Բայց երբ Հայաստան եկայ, ապշեցայ, որ ես նման եմ բոլորին, բոլորն ալ՝ ինծի: Ատիկա ինծի համար բացայայտում էր, այո՛, ես իսկապէս հայուհի եմ», ըսած է Շեր՝ «Ամերիկայի Ձայն»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Անոր խօսքով, մինչեւ Հայաստան այցելելը, «արեան կանչը» չէ զգացած: «Մեր բեռնատար օդանաւը մարդասիրական օգնութիւն կը տանէր մարդոց: Անոնք վատ վիճակի մէջ էին, առանց տանիքի եւ սնունդի: Հրաշալի էր, որ ես այցելեցի Հայաստան, նոյնիսկ կրցայ օգնել մարդոց», ըսած է ան: