ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 2ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, թէ նախարարութեան համար անցած 2 տարիները կայացման, ստեղծման, զարգացման եւ նորութիւններու շրջան էին: Ըստ նախարարին, այս տարի նախարարութիւնը նուիրուած էր Սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, ինչպէս՝ հայ ինքնութեան որակներու պահպանումը՝ խառն ամուսնութիւններու պարագային, արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը եւ լրատուութեան անվտանգութեան խնդիրները:
«Սփիւռքն ունի մարտահրաւէրներ, որոնց անհրաժեշտ է դիմագրաւել», նշեց Հրանոյշ Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ արդէն յաջողած է նախարարութիւնը. «Լաւագոյն ձեռքբերումներ եմ համարում 9 համաժողովների կազմակերպումը, որոնց շնորհիւ, մենք կարողացանք Սփիւռքը մօտեցնել հայրենիքին, իսկ հայրենիքը՝ Սփիւռքին», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ նախարարութիւնը յաջողած է նաեւ մասնագէտներու միջեւ կապեր հաստատել, որպէսզի անոնք աւելի աշխոյժ գործեն յօգուտ հայրենիքին եւ Սփիւռքին:
Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքով, բարձր գիտարուեստները նախարարութեան համար դարձած են գլխաւոր գործիք՝ աշխատանքը առաջ տանելու համար, որովհետեւ անծայրածիր Սփիւռքի հետ աշխատելու լաւագոյն ձեւը համացանցն է, ելեկտրոնային թերթը, կայքերը. «Մեծ նուաճում եմ համարում Սփիւռքի վստահութեան աճը հայրենիքի նկատմամբ: Այսօր մենք աշխատում ենք «Ճանաչի՛ր, վստահի՛ր եւ գործակցի՛ր» նշանաբանով, որը մեզ յաջողւում է: Կարծում եմ, որ յաջորդ տարի այն աւելի կը խորանայ», շեշտեց Սփիւռքի նախարարը եւ աւելցուց, որ նմանատիպ ձեռքբերումներու կողքին, սակայն, կան նաեւ թերութիւններ:
«Ասել միանգամից, որ մենք ամէն ինչ գիտենք եւ կարող ենք անել՝ ճիշդ չէ, որովհետեւ սփիւռքն ընդգրկում է տարբեր տարածաշրջաններ, որոնք մէկը մէկից տարբեր են, իւրօրինակ, առանձնայատուկ, եւ այս ամէնը կարողանալ համակարգել, հասկանալ՝ շատ բարդ է», ընդգծեց նախարարը՝ աւելցնելով, որ Սփիւռքը, կարծես, սկսած է գիտակցելու, թէ գործակցելով պետութեան հետ՝ ի դէմս Սփիւռքի նախարարութեան՝ իր խնդիրները աւելի կը թեթեւնան:
Անդրադառնալով նախարարութեան յաջորդ տարուան ծրագիրներուն՝ Յակոբեան յայտնեց, թէ 2011ի գլխաւոր խնդիրը Սփիւռքի միջազգայնացումը պէտք է ըլլայ: Ան յայտնեց, թէ նախարարութիւնը կ՛ուզէ «սփիւռք» հասկացութիւնը դարձնել ՄԱԿի ուսումնասիրման առարկայ. «Աշխարհում շատ երկրներ ունեն մեծ սփիւռք: Գտնում եմ, որ պէտք է սահմանուի՝ ի՞նչ է սփիւռքը, արդեօ՞ք տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, թէ բռնութեան հիմքով է ստեղծւում: Հետեւաբար, սփիւռք հասկացութեան միջազգային հռչակագրի կամ քոնվենցիայի ընդունումը կարող է շատ ու շատ խնդիրներում մեզ աւելի համախմբել», յայտնեց Հ. Յակոբեան: