ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Կարինէ Յարութիւնեան, Նոյեմբեր 30ին ընդունած է Հայաստանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Շըմուէլ Մէիրոմ, Իսրայէլի Միջազգային զարգացման գործակալութեան՝ «MASHAV»ի տնօրէն Հայիմ Տիվոն, ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի տարածաշրջանային տնօրէն Տալի Պելկասմի եւ ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Մարիա Լուկիանովա: Ոջունելով հիւրերը՝ Կ. Յարութիւնեան նշած է Հայաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը ՄԱԿի, մասնաւորապէս՝ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին հետ, կարեւոր համարելով վերջինիս կողմէ իրականացուող «Դպրոցական սնունդ» ծրագիրը, որ նախատեսուած է Հայաստանի վեց մարզերու մէջ 700 դպրոցի 50 հազար աշակերտներու համար: Հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ ծրագիրը այսուհետեւ պիտի շարունակուի իբրեւ ՀՀ պետական ծրագիր: Ծրագիրին նուիրատու կը հանդիսանայ Ռուսիոյ կառավարութիւնը, որ 3 տարուան ընթացքին ծրագիրին պիտի տրամադրէ շուրջ 8 միլիոն տոլարի ներդրում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.