ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Սարգսեանի Ասթանայի ելոյթը (տես կողքի սիւնակը) յստակ դարձուց թէ՛ Ատրպէյճանին եւ թէ մանաւանդ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն, որ Արցախի վրայ ատրպեճանական որեւէ յարձակում կրնայ պատճառ դառնալ ամբողջ տարածաշրջանին՝ արիւնալի ու աւերիչ պատերազմի մը ճիրաններուն մէջ բռնուելուն:
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ որեւէ յարձակումի պարագային, Հայաստան պարտաւոր պիտի ըլլայ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութիւնը եւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները պիտի ներդնէ՝ արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
Պարզ խօսքով, Ատրպէյճան իր դէմը պիտի գտնէ ոչ միայն Արցախի պաշտպանական բանակը, այլեւ՝ Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերը, որոնց խնդիրը պիտի ըլլայ ամէն գնով պաշտպանել Արցախի սահմանները:
Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուս Քըլըճ երէկ յայտարարեց այն, ինչ որ սպասելի էր, թէ՝ Թուրքիան ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Ատրպէյճան պատերազմի մէջ մտնէ եւ վտանգուած ըլլայ անոր «տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Միւս կողմէ, Հայաստան Ռուսիոյ հետ կնքած է ռազմավարական դաշինք մը, ինչպէս նաեւ մաս կը կազմէ հաւաքական անվտանգութեան դաշինք կնքած նախկին խորհրդային երկիրներու պետութեանց: Երկու դաշինքներն ալ կը պարտաւորեցնեն յատկապէս Ռուսիան, որ պատերազմի պարագային աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին՝ իր սահմանները պաշտպանելու համար:
Դէպքերու զարգացումը պատկերացնելու համար, խոր երեւակայութիւն ունենալու կարիքը չկայ:
Այս հեռանկարը պէտք է զգաստացնէ ԵԱՀԿի պատասխանատուները, որոնք պարտին սանձել Ատրպէյճանի ռազմական նկրտումները եւ զայն մղել աւելի կառուցողական մօտեցում ցոյց տալու Ղարաբաղի բանակցութիւններու սեղանին:
Ա՛յդ էր նախագահ Սարգսեանի ելոյթին անուղղակի պատգամը: