
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը որոշած է «Տասնամեակի մեծարեալներ» մրցանակը շնորհել բարերարներ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, Կիրակի, Դեկտեմբեր 5ին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կայանալիք հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին:
«Մելքոնեանները տարիներէ ի վեր Հայ Դատի ջատագովներ են, ու մօտիկ բարեկամները՝ մեր կազմակերպութեան: Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները իրենց արարքներով ցոյց տուած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է գործնականապէս նեցուկ կանգնիլ Հայ Դատին, եւ մենք կ՛ողջունենք անոնց ջանքերը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան:
Վարանդ Մելքոնեանը նախագահն ու գլխաւոր գործադիր վարիչն է «Closet World Inc.» ընկերութեան, որ յատուկ ապսպրանքներով պահարաններ կառուցող մեծագոյն ընկերութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Վարանդն ու անոր կինը՝ Հուրին, կը շարունակեն կարեւոր շեշտ դնել բարերարական աշխատանքներու մէջ համայնքային ներդրում ապահովելու մօտեցումին վրայ:
«Դիւրութեամբ կրնանք ըսել, թէ Վարանդը յաջող քաղաքացիական առաջնորդ մըն է: Ան, ի հարկին, շապիկ սոթթելով գործի անցնող անձ մըն է, որ իր նուիրումին համար յատուկ երախտագիտական քայլեր չ՛ակնկալեր: Այդ պատճառով իսկ շատ հաճելի է, որ ան պիտի մեծարուի սոյն ձեռնարկին», կը յայտնէ Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեան:
«Այս մրցանակը կը շնորհուի տարիներու սպասարկութիւնը, նուիրումը եւ բարեգործութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով: Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները համայնքին մաս կազմելու եւ զայն զօրացնելու համար աշխատանք տանելու կողքին, նաեւ կրցած են շատերը համոզել, որ նոյն ճամբան ընտրեն», կ՛աւելցնէ Աբոշեան:
Սահմանափակ թիւով տոմսեր մնացած են ձեռնարկին համար: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, կրնան դիմել (818) 243-1890 թիւին: Հիւրասիրութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 5ին, իսկ ընթրիքն ու ծրագիրը՝ ժամը 6ին: