ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ժողովրդավարութեան յաջողութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկն է առողջ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու գործունէութիւնը, որ յաճախ կրնայ ճամբու բերել ընտրական յաղթանակները մենատիրական իրաւասութիւն կարծող իշխող կուսակցութիւնը:
Անշուշտ միշտ չէ, որ ընդդիմութիւնը երկրին նպաստաւոր քաղաքականութեան ջատագով կ՛ըլլայ եւ երբեմն նոյնինքն ընդդիմութիւնն է, որ՝ տեղի տալով նեղմիտ հաշիւներու եւ ոչ հեռատես նկատառումներու, կը սպառնայ երկրի շահերուն:
Նման կացութիւն մը ներկայիս ստեղծուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ, ուր միայն Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն ապահովելէ անմիջապէս ետք (իրողութիւն մը, որ ի զօրու պիտի դառնայ միայն Յունուարին), արդէն իսկ իշխող կուսակցութեան հետ գործակցելու գաղափարին հետ հաշտ չեղող հանրապետականները որդեգրած են Քոնկրեսի գործունէութիւնը ամբողջովին խափանելու ուղին:
Արդարեւ, երկարատեւ անգործներուն օժանդակութիւնները կասեցնելու քայլէն մէկ օր ետք, հանրապետականներու ղեկավարութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին յայտարարեց, թէ ոչ մէկ բանաձեւ պիտի վաւերացնէ, եթէ երկրին ամենահարուստ քաղաքացիներէն նուազ տուրք գանձելու որոշում մը չվաւերացուի Քոնկրեսին կողմէ:
Հարցը կ՛առնչուի նախկին վարչակազմին կողմէ տուրքերը կրճատելու օրինագիծին, որ կը սպառի այս տարեվերջին: Մինչ դեմոկրատները կը շեշտեն, թէ մինչեւ 200,000 տոլար եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն տուրքերու կրճատումները պէտք է շարունակուին, հանրապետականները կը պնդեն, թէ կրճատումներէն պէտք է օգտուին նաեւ ամենահարուստ քաղաքացիները. քայլ մը, որ կրնայ 700 միլիառ տոլարի յաւելեալ բեռ մը դնել Ուաշինկթընի ապագայ սերունդներու ուսերուն:
Բաղդատականի մը համար ըսենք, որ անգործներուն օժանդակութիւնները երկարաձգելու որոշումը միայն 13 միլիառ տոլար պիտի արժէր կառավարութեան:
Հինգշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տունը 203ի դէմ 213 քուէներով վաւերացուց մինչեւ 200,000 տոլար եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն տուրքերու կրճատումները երկարաձնելու բանաձեւը, սակայն բանաձեւը յոյս չունի վաւերացուելու Ծերակոյտին մէջ, ուր հանրապետականները կրնան զայն օրակարգէն դուրս պահել:
Բանակցութիւնները կը շարունակուին…