
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 18ի ՀՀ կառավարութեան նիստին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անդրադարձած է երկու շաբաթ առաջ իր կողմէ տրուած յանձնարարականներուն, որոնք կը վերաբերին առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, գիւղատնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեան երեւոյթներուն եւ պաշտօնեաներու փոփոխութիւններուն:
Վարչապետը իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս նշած է, թէ յանձնարարականներ տրուած էին կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, որպէսզի ան կաշառակերութեան դէմ ուղղուած միջոցառումներու ժամանակացոյց ներկայացնէ տասնօրեայ ժամանակահատուածի մը ընթացքին. «Մենք պարոն Աշոտեանի հետ քննարկել ենք այդ ծրագիրը: Ես կարծում եմ, որ բաւականին յաջողուած ծրագիր է եւ կարծում եմ, որ ճիշդ կը լինի, որ այս ծրագիրը մենք հանենք հանրային քննարկման: Ի հարկէ, կարեւոր է ոչ միայն նախարարութեան դիրքորոշումը, այլ նաեւ հանրութեան մօտեցումները, թէ՝ ինչպէ՛ս կարելի է այդ ծրագիրը կատարելագործել եւ մասնակից դարձնել նաեւ ԲՈւՀերին: Ինձ շատ ոգեւորում է այն հանգամանքը, որ մենք ստացել ենք արձագանգ ուսանողական խորհուրդներից, այդ թւում՝ նաեւ գրաւոր, թէ նրանք պատրաստ են աջակցել մեզ այս գործընթացում»:
Տիգրան Սարգսեան նաեւ յայտնած է, թէ Նոյեմբեր 17ին առողջապահութեան նախարար Քուշկեանի հետ քննարկած է տուեալ նախարարութեան կողմէ մշակուած միջոցառումներուն ծրագիրը, որ յաջորդ շաբաթ նոյնպէս պիտի ներկայացուի հանրութեան դատին: Այդ փաստաթուղթերը, ըստ վարչապետին, պիտի տեղադրուին կառավարութեան եւ նախարարութեան կայքէջերուն վրայ, ու անոնց շուրջ պիտի ծաւալին հանրային քննարկումներ։
Անդրադառնալով ելեւմուտքի նախարարին հետ տարուած աշխատանքներուն՝ վարչապետը յայտնած է, թէ նախարարը խօսած է բացայայտուած խնդիրներու մասին, որոնց հետեւանքով, տեղի ունեցած են համապատասխան մարդուժի փոփոխութիւններ, ինչպէս նաեւ եղած են կառուցուածքային լուծումներ, որպէսզի փոքր եւ միջին առեւտուրին համար յատկացուած պետական միջոցները արդիւնաւէտ կերպով ծառայեն բուն նպատակին: «Կարծում եմ, որ 2011 թուականին այս ծրագրի իրականացման գործում պէտք է ունենանք լուրջ առաջընթաց», ըսած է վարչապետ Սարգսեան:
«Ինչ վերաբերում է յանձնարարականին, որ տրուած էր իմ խորհրդական Արամ Ղարիբեանի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարին, ապա մենք ստացել ենք մի լուրջ առաջարկ՝ տեսչական ստուգումների բարեփոխման վերաբերեալ, որը քննարկուել է նաեւ Եւրամիութեան փորձագէտների հետ: Կարծում եմ՝ այդ փաստաթուղթը նոյնպէս պէտք է դարձնել հրապարակային եւ քննարկել հանրութեան հետ…
«Ինչպէս նաեւ, ի հարկէ, քատրային փոփոխութիւններ են տեղի ունեցել, եւ այդ քատրային փոփոխութիւնները շարունակուելու են: Նպատակն այն է, որ մենք կարողանանք մեր կարողութիւնները հաւաքագրել բարեփոխումներ իրականացնելու ուղղութեամբ», յայտնած է Հայաստանի վարչապետը իր ելոյթին ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան կրթութեան ոլորտը համարած էր կաշառակերութեամբ ամէնէն աւելի ողողուած կեդրոններէն մէկը՝ առողջապահութեան ոլորտին հետ միասին, եւ պահանջած էր պաշտօնազրկել համապատասխան պաշտօնեաները: Իբրեւ արդիւնք, պաշտօնազրկուած էին առողջապահութեան երկու փոխնախարարները: