ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«Ջուրը կեանք է». պարզ ու բացարձակ ճշմարտութիւն մը, որուն լաւագոյն վկաները 95 տարիներ առաջ, անապատի աւազներուն վրայ կաթիլ մը ջուրի կարօտ, կեանք տենչացող մեր բիւրաւոր տարագրեալներն են: Անոնք, տեղահան, ճնշուած ու տանջուած, զրկուած կենարար ջուրէն՝ խամրեցան ու յաւէտ կորսուեցան…: Այն ժամանակ, մենք ազգովին թեւահատուած, անզօր էինք ու տկար՝ մէկզմէկու հոգ տանելու, գաւաթ մը ջուր երկարելու, անապատի տօթէն պապակած հոգիներուն, մեր հարազատ հայկակներուն:
«Ջուրը կեանք է». այս պարզ ճշմարտութիւնը ո՞վ կրնայ աւելի լաւ ու խորապէս ըմբռնել, քան վերապրողներու աշխարհասփիւռ զաւակներն ու թոռները, որոնք տասնամեակներ շարունակ ականջալուր եղած են ցեղասպանութեան հետ առնչուող պատմութիւններու, որոնք յաճախ կ՛աւարտին «ջո՜ւր-ջո՜ւր աղաղակելով՝ հոգին աւանդեց» խօսքով:
Այսօր, ազատագրուած Արցախի գիւղերու բնակիչներն ու ոռոգման կարօտ հողատարածքները կ՛աղաղակեն «ջո՜ւր-ջո՜ւր», եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը շաբաթներէ ի վեր, արձագանգելով այս կանչին՝ կը յիշեցնէ համայն հայութեան, թէ ջուրը կեանք է եւ անհրաժեշտ է ջուր հասցնել Արցախը սնուցող գիւղերուն, թէ հարկ է հեշտացնել գիւղացիներու կեանքը, որպէսզի ջուր կրելու տաժանակիր աշխատանքէն ձերբազատուին եւ իրենց ճիգն ու ժամանակը տրամադրեն ցան ու ցանքի:
Վերջերս, արդէն քանիերորդ անգամն ըլլալով, Հայաստան կ՛այցելեմ. ամէն անգամ հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը կը հիացնէ, կը զարմացնէ ու կ՛առինքնէ զիս: Դրախտէն պոկուած պատառիկ մըն է Արցախը, եւ մենք ազգովին պարտաւոր ենք կեանքի գնով պահպանել եւ պաշտպանել զայն:
Յաճախ կը խորհրդածեմ ինքս ինձ հետ. հայերս լիարժէք չենք գնահատեր մեր ունեցած հողային, մշակութային եւ հոգեմտաւոր հարստութիւնները, եւ տեւապէս կը գնահատենք օտարինը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը տարեկան իր հանգանակութեամբ առիթ կը ստեղծէ անդրադառնալու մեր պատկանելութեան, նաեւ՝ չափելու մեր հայրենասիրութիւնն ու յանձնառութեան աստիճանը:
Աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ու արարող իմ ազգակիցներ, եկէք միասնաբար ընդառաջենք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կոչին, եւ լիաբուռն նուիրաբերենք, որպէսզի Արցախը յաւերժօրէն դալար մնայ: Ի վերջոյ, Արցախը հայաստանի դարպասն է, հարկ է զայն ամուր ու ծաղկուն պահել:
Արցախին համար կ՛արժէ զոհաբերել…
Գոհաբանութեան օրը յիշենք Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը եւ մեր անկատար իղձերը, ու նուիրաբերենք, նուիրաբերենք լիաբուռն…
* Մաքօ Մկրտիչեան վաստակաւոր հասարակական գործիչ է. եղած է Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ: