ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, շատերու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է հոս-հոն մնացած հին հայկական եկեղեցիներու վրայ։ Ասոնցմէ մէկն է Չանաքքալէի հայոց եկեղեցին։ «Պիրկիւն» թերթին մէջ Ատնան Թէօնելի ստորագրութեամբ հրատարակուած է յօդուած մը, որով յօդուածագիրը ցաւ կը յայտնէ, թէ Չանաքքալէի հայոց հին եկեղեցին ներկայիս կը գործածուի սխալ նպատակներով, մինչդեռ պէտք է, որ ան վերանորոգուի ու պաշտամունքի համար բացուի, կամ գոնէ՝ թանգարանի վերածուի։ Եկեղեցին 2006էն ի վեր համալսարանական դասընթացքներու յատկացուած է։
Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ Թուրքիոյ հողերուն վրայ քրիստոնեաներու համար շատ կարեւոր սրբատեղիներ կան։ Ասոնք մզկիթներու ու սինակոկներու հետ շատ գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մը կը կազմեն։ Սակայն Թուրքիա տկարութիւն ունի այսպիսի սրբատեղիները պահել-պաշտպանելու խնդիրին մէջ։ Օրինակներէն մէկը Չանաքքալէի հայոց եկեղեցին է, որ հիմա համալսարանին յանձնուած է։ Իրականութեան մէջ այս շէնքը շարունակ ձեռք փոխեր է վերջին շրջաններու պատմութեան մէջ։ 1890ին, անիկա հայոց եկեղեցի էր. 1985ին ուզած են զայն վերածել հնագիտական թանգարանի մը։ Բայց քաղաքին մէջ նոր թանգարան մը կառուցուած է, ուստի եկեղեցին այս անգամ վերածուած է թատրոնի։ Բայց երկար ատեն թատերական ներկայացում տեղի չէ ունեցած հոն, ուստի մշակոյթի նախարարութիւնը փորձած է զայն վերանորոգել ու վերածել հնագիտական թանգարանի։ Այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը արդիւնք չէ տուած ու վերջապէս եկեղեցին յանձնուած է Չանաքքալէի «18 Մարտ» համալսարանին։ Համալսարանը ներկայիս զայն կը գործածէ թատերական արուեստի ու դերասանութեան դասընթացքներու համար:
Յօդուածագիրը այս բոլորը պատմելէ ետք կը գրէ, թէ իր տեսակէտով, սխալ է եկեղեցիի այս շէնքերը արուեստի կամ այլ նպատակներու յատկացնել, որովհետեւ ասիկա դէմ է ուրիշներու կրօնքին նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին ու լայնախոհութեան։ «Հին եկեղեցին պէտք է վերանորոգուի ու դարձեալ պաշտամունքի բացուի, կամ գոնէ թանգարանի վերածուի։ Ուրիշ ո՛չ մէկ նպատակ կրնայ արդարացնել հին եկեղեցիի մը գործածութիւնը», կ՛աւեցնէ ան՝ միաժամանակ զարմանք յայտնելով, որ մշակոյթի նախարարութիւնը համալսարանին համար նոր շէնք չի կառուցեր ու հին եկեղեցի մը իբրեւ համալսարանի սրահ կը գործածէ։
«Աղթամարի եկեղեցին լաւ օրինակ մը եղաւ այս ուղղութեամբ», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիրը։