ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի Նոյեմբեր 17ի նիստին սկսած է քննարկումը 2011ի պետական ամավարկի նախագիծին: Ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան ներկայացուցած է պիւտճէի ծախսերուն կարեւոր մասերը՝ անդրադառնալով քանի մը ոլորտներու։ Տ. Դաւթեան յայտնած է, թէ հասարակական ապահովութեան ոլորտէն ներս, 2011ին նախատեսուած է 200 միլիառ դրամ տրամադրել կենսաթոշակներու վճարումներուն, ինչ որ 18 միլիառ դրամով աւել է 2010ի յատկացումի գումարէն:
Նաեւ, ըստ նախարարին, աւանդներու փոխհատուցման համար, 2011ի պիւտճէով նախատեսուած է նոյնքան գումար, որքան կար այս տարի՝ 1 միլիառ 650 միլիոն դրամ:
3.8 միլիառ դրամ նախատեսուած է ճանապարհաշինութեան համար: «Սա սեփական եկամուտներից է յատկացուած, բայց դրանով չենք սահմանափակուելու, եւ տարբեր վարկային միջոցներից նոյնպէս յատկացումներ արուելու են», ըսած է Տ. Դաւթեան, աւելցնելով, որ պիտի շարունակուի նաեւ աղէտի գօտիի բնակարանաշինութեան ծրագիրը, որուն համար կը նախատեսուի յատկացնել 26.5 միլիառ դրամ:
«2011թ. պիւտճէն լինելու է այս տարուան պիւտճէի տրամաբանական շարունակութիւնը: Մեզ համար կարեւոր խնդիր է ֆինանսական, մաքրօ-տնտեսական կայունութիւնը եւ սոցիալական զարգացման կայունութեան ապահովումը», նշած է ՀՀ ելեւմուտքի նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.