ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Խաթաթայ» ասորական դաշնութեան նախագահ Իրինա Գասպարեանի համաձայն, Հայաստանի ասորական համայնքը Հայաստանի մէջ պիտի տեղադրէ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ասորիներուն նուիրուած յուշարձան մը:
Ըստ Ի. Գասպարեանի, 2008ի Նոյեմբեր 18ին կայացած որոշումին համաձայն, Երեւանի քաղաքապետարանը իրենց յատկացուցած է Մոսկովեան-Նալբանդեան խաչմերուկի մօտակայքը գտնուող տարածքը, որուն վրայ, Հայաստանի ու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ասորական համայնքներու նիւթական աջակցութեամբ պիտի կառուցուի նշեալ յուշարձանը։
«Ես շատ կ՛ուզէի, որ մինչեւ Օգոստոսի 7 (այս թուականին կը նշուի ասորիներու ցեղասպանութեան յիշատակման օրը) յուշարձանը պատրաստ լինի», ըսաւ Իրինա Գասպարեան, ըստ որուն, յուշարձանի շինարարական աշխատանքները հաւանաբար սկսին 2011ի Մարտին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.