Ամիսներ առաջ վերակազմուեցաւ ուրուկուէահայ գաղութին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմինը, որ սկսաւ իր աշխատանքին՝ նպատակ ունենալով իր օգտակար բաժինը բերել Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող համահայկական այս նախաձեռնութեան:
Ուրուկուէի հայկական «Կոմիտաս» ռատիօժամը իր հիմնադրութեան 75ամեակին ծիրէն ներս, ամբողջ տարուան վրայ երկարող իր ծրագիրներուն կողքին, հիմնադրամի տեղական մարմինին հետ համագործակցելով կազմակերպեց «ռատիօթոն» մը, եւ Կիրակի, Նոյեմբեր 14ի իր ամբողջ յայտագիրը տրամադրեց սոյն ձեռնարկին:
«Կոմիտաս» ռատիօժամի լսարանը կը գտնուէին հիմնադրամի վարչական անդամները եւ տեղի թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլընճեանը, որ տեղական մարմինի պատուոյ նախագահն է: Ան իր օրհնութեան խօսքը արտասանելէ ետք կոչ ըրաւ բոլորին մասնակցելու սոյն հայրենասիրական նախաձեռնութեան:
Կապ հաստատուեցաւ նաեւ Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մօտ Հայաստանի դեսպան (նստավայր՝ Պուենոս Այրես) Վլատիմիր Կարմիրշալեանի հետ, որ իր կարգին շնորհաւորելով «Կոմիտաս» ռա-տիօժամի այս քայլը՝ կոչ ըրաւ ուրուկուէահայ գաղութի ընտանիքներուն, որ անմասն չմնան այս համահայկական ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերելէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.