ՊԵԼԿՈՐՈՏ, «Նիուզ».- Հայաստանցի ճատրակիստ Զաւէն Անդրիասեանի յաղթանակով աւարտեցաւ ճատրակի Ռուսիոյ բաժակի խաղարկութեան եզրափակիչ փուլը, որ կ՛ընթանար Պելկորոտի մէջ: Առաջին իսկ խաղէն պարտութեան մատնելով յաղթանակի գլխաւոր յաւակնորդ, մոլտովացի Վիորել Պոլոկանը՝ Անդրիասեան դարձաւ բաժակի առաջին յաւակնորդը:
Անդրիասեան 1.5:0.5 արդիւնքով յաղթեց նաեւ Արտեօմ Տիմոֆէեւին։ Ան սեւերով կրցաւ փրկել իր ծանրագոյն դիրքը եւ խաղը աւարտել ոչ ոքի, իսկ սպիտակներով՝ Անդրիասեան նուաճեց պատուաւոր մրցանակը
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.