Ըստ «Allboxing»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Արթուր Աբրահամ գնած է ուղեւորատար փոքր օդանաւ մը ու զայն կոչած՝ «AEROKING»։ Օդանաւը արդէն պատրաստ է իր առաջին ծառայութեան: 699 եուրօ արժողութեամբ փաթեթը կը ներառէ օդանաւի տոմս դէպի Հելսինքի՝ ետդարձով, Նոյեմբեր 27ին Հելսինքիի մէջ Քարլ Ֆրոչի հետ Արթուրի մենամարտին տոմսը, «Radisson» հիւրանոցին մէջ կեցութիւն եւ հանդիպում Արթուր Աբրահամի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.