
ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկ եւ ՀՕՄի Հարիւրամեայ Յուշամատեանի շնորհանդէս
13 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի Մոսկուա շարժապատկերի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի ՀՕՄի շրջանային վարչութեան կազմակերպած հանդիսութիւնը։ Սրահի մուտքին Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Արխիւին կողմէ կազմակերպուած էր ՀՕՄի մասին վաւերաթուղթերու փոքր ցուցահանդէս մը։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամներ, զանազան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ պատասխանատու մարմիններու անդամներ։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը, որ արժեւորումը կատարելով ՀՕՄի մէկդարեայ գործունէութեան նշեց, որ հայ ժողովուրդի կեանքի պայմանները փոխուած են այսօր եւ ՀՕՄին դիմաց բացուած է հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի տարածքին ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ կնոջ դերի բարձրացման միտող աշխատանքի հսկայական դաշտ մը։
ՀՀ Պետական Արխիւի Տնօրէն Ամատունի Վիրապեանը իր կարգին խօսք առնելով, բարձր գնահատեց ՀՕՄի գործունէութիւնը Հայաստանի ապրած քաղաքական տարբեր հանգրուաններուն ինչպէս նաեւ Սփիւռքի այլազան պայմաններուն մէջ։ Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ, որ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ու ՀՀ Պետական Արխիւին միջեւ կայացած համաձայնութեան մը հիմամբ, շուտով լոյս կը տեսնէ Արխիւի մօտ ՀՕՄի վերաբերող փաստաթուղթերու ժողովածուն։
ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Մայտա Մելքոնեան բեմ բարձրանալով պաշտօնական շնորհանդէսը կատարեց «Հարիւրամեայ Յուշամատեան Հայ Օգնութեան Միութեան.- 1910-2010» գիրքին, անդրադառնալով ՀՕՄի արխիւի դասաւորման աշխատանքներուն, որոնք լոյս կը սփռեն ՀՕՄի գործունէութեան վրայ, որ խորքին մէջ փոքր նախաքայլերով սկսած է տակաւին 1890ականներու աւարտին։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հատորի մեկենաս եւ ՀՕՄի բազմամեայ անդամ Աշխէն Փիլաւճեանին, Մայտա Մելքոնեանը գնահատանքով անդրադարձաւ հատորի խմբագիր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի եւ աշխատանքին բոլոր անոնց, որոնք տարբեր շրջաններէ օժանդակեցին այս հատորի պատրաստութեան գործին։
Խօսք առաւ ՀՕՄի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Ալվարդ Պետրոսեանը, որ անդրադառնալէ ետք ՀՕՄի Հայաստանի մէջ կտրած արդէն գրեթէ քսանամեայ պատմութեան, իր կարգին շնորհանդէսը կատարեց Լուսիկ Ագուլեցիի «Անցեալի մասունքներ» հաւաքածոյին։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով։
Պաշտօնական Հանդիսութիւն Երեւանի Օփերայի սրահէն ներս
14 Հոկտեմբեր, 2010ին, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի Օփերայի եւ Պալետի Ակադեմիական թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի հարիւրամեակի նշումի կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկներու եզրափակիչ հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ներկայացուցիչ Նաթան եպս. Յովհաննիսեանը, Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, Ազգային Ժողովի անդամներ, կուսակցական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը, որոնց շարքին Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ժամանած ՀՕՄականներ ու համակիրներ։
Ամբողջովին լեցուն թատերասրահէն ներս հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ՀԱՍԿի սկաուտներու կողմէ ՀՕՄի եւ միութենական միաւորներ ունեցող 26 երկիրներու դրօշներու հանդիսասրահ պաշտօնական մուտքով։ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ՀՕՄի քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք դրօշները տեղադրուեցան բեմին վրայ, ՀՕՄի Հարիւրամեակի խորհրդանիշի երկու կողմերուն։
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինով խօսք առին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ներկայացուցիչ Նաթան եպս. Յովհաննիսեանը, որ Գարեգին Բ. Վեհափառի գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ՀՕՄի բոլոր անդամներուն, որոնք 26 տարբեր երկիրներու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ կնոջ համազգային առաքելութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Դրուատելով միութեան ծրագիրները Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու æաւախքի մէջ, Վեհափառը ՀՕՄականները յորդորեց նոյն ոգիով ու նուիրումով շարունակել իրենց գործունէութիւնը ի խնդիր համայն հայութեան բարօրութեան։
Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը ՀՕՄը նկատեց հայկական աշխարհի իւրայատուկ եւ ամենակարեւոր հաստատութիւններէն մէկը, որու Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի մէջ իրականացուցած ծրագիրները աչքի կ՛իյնան իրենց նպատակասլացութեամբ, բարձր արդիւնաւէտութեամբ եւ բացառիկ հաշուետուողականութեամբ։ Գնահատելով ՀՕՄի հոգատարութեան հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու տեսակի պահպանման ուղղութեամբ, ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր ազգային խնդիրների նկատմամբ այդօրինակ հոգածութեան ու նուիրումի համար, այսօր բերում ենք մեր շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսքը, ձեզնից իւրաքանչիւրին մաղթելով ամենայն բարիք ու նորանոր յաջողութիւններ՝ հայրենանուէր բոլոր ձեռնարկումներուն»։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ընդգծեց, որ ՀՕՄը, հայրենիքէն ներս թէ սփիւռքի մէջ, ո՛չ միայն կատարեց ու կը շարունակէ կատարել իր բարեսիրական, ընկերա-տնտեսական, կրթական եւ առողջապահական ծառայութիւններու պարտաւորութիւնները այլ մասնակից դարձած է մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, հայկական պետութիւններէ ներս ժողովրդավարական գաղափարներու ամրապնդումին, քաղաքացիական հասարակութեան կերտման ու հայ կնոջ իրաւունքներու զարգացման։ Ան ՀՕՄը նկատեց հայ կեանքէ ներս գործող ամենատարածուն եւ ամենակարեւոր կանացի կազմակերպութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ, պայմաններու բերմամբ Սփիւռքի մէջ մնալէ ետք, վերջին երկու տասնամեակներուն վերադառնալով Հայաստան, դարձած է արդէն համահայկական կազմակերպութիւն, իր աշխատանքներու կիզակէտը դարձնելով Հայաստանը, Արցախն ու æաւախքը։ Ան ընդգծեց, որ ՀՕՄի առաքելութիւնն է մարդասիրական ու բարեսիրական գործը ու ազգային ծառայութեան միաձուլելը։ Միութեան մէկ դարեայ աշխատանքի գնահատականը կատարելէ ետք, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ ՀՅԴի համար ՀՕՄը հայրենակերտման ու ազգային-ազատագրական պայքարի առաջին գիծին վրայ կանգնած կազմակերպութիւն է, որ գիտակցութիւնը ունի այսօրուան պայմաններուն մէջ իրեն վերապահուած դերին, մի՛շտ մնալով պատնէշի վրայ իր հսկայածաւալ կամաւոր բանակով։
Իր խօսքին մէջ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը անդրադարձաւ ՀՕՄի 100ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու իրողութեան, ինչ որ անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ ՀՕՄի պատմութիւնը անքակտելի մէկ մասնիկն է հայ ժողովուրդի անցնող մէկ դարու պատմութեան։ Նշելէ ետք, որ ՀՕՄը ծնած էր մեր ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի հոլովոյթին մէջ, ապա սփիւռքեան պայմաններու պարտադրանքին տակ հոգատար մօր դեր վերցուցած հայրենիքէն հեռու ապրող զանգուածներու համար, ներկայիս, իր իրագործումներու շարքին ան թուեց Հայաստանի մէջ ՀՕՄի իրագործումները, իբրեւ հայրենի հողին վերադարձած կազմակերպութիւն։
Այս հանդիսութեան ընթացքին իր խօսքի աւարտին, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետը յայտնեց, թէ կը փափաքի երկու յաւելում կատարել իր խօսքին վրայ։ Առաջին կարգին ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն նուիրատուներուն, որոնք 25 հազար տոլար եւ աւելի նուիրած էին ՀՕՄի Հարիւրամեակի ֆոնտին։ Ան նշեց այդ նուիրատուներու անունները՝ Տէր Յովհաննէսեան եւ Հինտոյեան ընտանիքներ (ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան), Տիանա Հաճէթեան (Գանատա), Վարսենիկ Սարգիսեան (Գանատա) եւ Սիլվա Ստամպուլեան (Իտալիա), որոնց իւրաքանչիւրին յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը եւ յուշանուէր մը։ Ատենապետուհին յիշեց նաեւ ՀՕՄականներ Աշխէն Փիլաւճեանը (ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան) ու Ազնիւ Սապունճեանը (ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան), ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանները (Լիբանան), Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Մելինէ Ճիզմէճեանները (ԱՄՆ Արեւելեան շրջան) եւ Ճէգի եւ Սեդա Կեվրէկեանները (Եգիպտոս), որոնք ներկայ չէին եզրափակիչ հանդիսութեան։
Նուիրատուներուն յայտնուած շնորհակալութենէն ետք կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ներկայ թէ նախկին կեդրոնական վարչութիւններու եւ ՀՕՄականներու անունով երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանին, անոր տասնամեակներու ազգային անխոնջ ծառայութեան համար, ներառեալ ՀՕՄին, որուն գրասենեակներէն ներս կը գործէ ան աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր։ Այս առիթով, կեդրոնական վարչութեան կողմէ անոր յանձնուեցաւ ՀՕՄի առաքելութիւնը ներկայացնող արձան մը, հայ կինը, որ իր թեւերուն մէջ կը համախմբէ կռունկներու պատկերով ներկայացուած հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները։
Պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց ՀՕՄի գործունէութեան մասին ֆիլմի ցուցադրութիւն, ապա սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Գէորգ Հաճեանը, Նարեկացի Համոյթը եւ Լէյլա Սարիբէգեանը։ Միջանկեալ՝ խօսք առին նաեւ ՀՕՄի Ուսանող Ծրագիրի սաներէն երկուքը, ՀՕՄի Որբախնամ եւ Ուսանող ծրագիրի բոլոր սաներու անունով երախտագիտութիւն յայտնելով ՀՕՄի համահայկական ընտանիքին, Հայաստանի երկրաշարժէն ու Արցախեան ազատամարտէն ետք իրենց դարձուած ուշադրութեան համար։
ՀՕՄի պուրակի եւ ցայտաղբիւրի բացում, խրախճանք
15 Հոկտեմբերի կէսօրին, հակառակ անձրեւոտ եղանակին, Երեւանի քաղաքապետութեան կողմէ Կոմիտասի Պանթէոնի մուտքին յատկացուած հողատարածքի մը վրայ, բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄի պուրակին ու ցայտաղբիւրին։ Միութեան հարիւրամեակին առիթով այդ տարածքին մէջ ցանուած էին հարիւր եղեւնիներ, իսկ կեդրոնը տեղադրուած էր ցայտաղբիւր մը ու կողքին՝ նստարան մը։
ՀՕՄի Հայաստանի շրջանային վարչութեան կողմէ նախաձեռնուած այս պուրակի եւ ցայտաղբիւրի բացման արարողութեան ներկայ եղան ու խօսք առին Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեանը, ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի անդամ Սիմոն Սիմոնեանը, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը եւ ՀՕՄի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Ալվարդ Պետրոսեանը։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ արտերկրէն ժամանած ու Հայաստանէն ՀՕՄականներու բազմութիւն մը։
Նոյն օրը, երեկոյեան, Հայաստանի շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ խրախճանք մը տեղի ունեցաւ, որու իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, ՀՀ վարչապետի տիկին Անուշ Սարգսեանը, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄականներ ու համակիրներ։
Ընդունելութիւն՝ Սփիւռքի Նախարարութեան մօտ եւ ՀՀ Պետական շքանշանի տուչութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով, Շաբաթ 16 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՕՄի 100ամեակին առիթով կազմակերպուած յատուկ ընդունելութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան երկու հարիւր ՀՕՄականներ։
Ընդունելութեան ներկայ էին, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վահան Յովհաննիսեանն ու Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։
Հանդիսութեան բացումէն ետք խօսք առաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ բարձր գնահատեց ՀՕՄի դերը թէ՛ սփիւռքահայութեան հայապահպանման գործին մէջ, թէ՛ հայրենիքի մէջ, որպէս եզակի կազմակերպութիւն, որուն երկարակեցութեան գաղտնիքը իր բարութեան մէջ է։ Ապա ան հրաւիրեց ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ՀՕՄին շնորհուած սփիւռքի նախարարութեան ոսկեայ մետալը, միութեան մէկդարեայ ծառայութեան համար։
Իր կարգին, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՀՀ սփիւռքի նախարարին, բոլոր ՀՕՄ-ականներու անունով վերահաստատեց ամբողջական հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանին ծառայելու պատրաստակամութիւնը։
Խօսք առնելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը շեշտեց ՀՕՄի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քոյր եւ ուղեկից կազմակերպութիւն ըլլալու հանգամանքը եւ այդ իմաստով իր ուսերուն ծանրացած պատասխանատուութիւնները պատուով ստանձնած ըլլալու իրողութիւնը։ Ան ընդգծեց օրուան պայմաններուն համապատասխան աշխատանքային մարզերու մէջ նետուելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով ՀՕՄին դիմաց բացուող նոր հորիզոնները։
Խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հանրածանօթ արուեստագէտներ ու պատանեկան պարախումբ մը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ։ Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութեամբ։
ՀՕՄի 100ամեակի Հայաստանի մէջ եզրափակիչ հանդիսութիւններու այս շարքի ներկայացման աւարտին կ՛արժէ նշել, որ հայաստանեան մամուլը եւ մանաւանդ պատկերասփիւռի կայանները լայնօրէն անդրադարձան ՀՕՄի 100ամեակի բոլոր ձեռնարկներուն։ Իր հաղորդումներուն մէջ ՀՕՄի 100ամեակի նշումին յատուկ տեղ յատկացուց «Երկիր Մեդիա»ն, որ նաեւ արբանեակային դրութեամբ կը սփռուի սփիւռքեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ։
Յաջորդիւ՝ ՀՕՄի Հարիւրամեակի ձեռնարկները Արցախի մէջ։