«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը հրապարակած է կոչ մը՝ ուղղուած իր բոլոր անդամներուն եւ շրջանիս հայ համայնքին: Դաշնակցական երիտասարդներուն կոչը ստորեւ կու տանք՝ ամբողջութեամբ:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ իր բոլոր անդամներուն եւ համայն ամերիկահայութեան զօրավիգ կանգնելու «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին՝ մասնակցութիւն բերելով Գոհաբանութեան օրուան ընթացքին անոր ձեռնարկած հանգանակութեան:
Այս տարի «Հայաստան» հիմնադրամի ջանքերը պիտի կեդրոնանան Արցախի գիւղական շրջաններուն ջուր հասցնող ենթակառոյցը զարգացնելու վրայ:
Մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն քաջարի պայքարին ու հսկայական զոհաբերութեանց շնորհիւ, ազատագրուած Արցախի հզօրացումը համայն հայ ժողովուրդին առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը մեր ժողովուրդի անցեալ հինգ դարերու մեծագոյն իրագործումն է: Մեր պայքարը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, եւ մենք պարտաւոր ենք մեր կարելին ի սպաս դնել՝ յանուն Արցախի ժողովուրդի կեանքի պայմաններուն բարելաւման:
Ձեր նուիրատուութիւնը «Հայաստան» հիմնադրամին զօրակցութեան արտայայտութիւն մը պիտի ըլլայ Արցախի անկախութեան, եւ պիտի նպաստէ երկու տասնամեակ առաջ մեր ազգի միացեալ ճիգերով սկսած պետականաշինութեան գործընթացին:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ իր բոլոր անդամներուն կամաւոր կերպով մասնակցելու հանգանակութեան գործին՝ ներդրում ունենալու «Հայաստան» հիմնադրամի ձեռնարկներու կազմակերպական աշխատանքներուն, եւ դրամական նուիրատուութեամբ աջակցելու Արցախի գիւղերուն ջուր հասցնելու ծրագիրերուն: Մենք վստահ ենք, որ ձեր օժանդակութեամբ պիտի ուժեղացնենք Արցախը եւ պիտի շարունակենք մեր հայրենիքի դեռեւս օտարի կողմէ բռնագրաւուած հողերու ազատագրման գործը: