ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը իր Նոյեմբեր 13-19 թիւին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ լրագրողները, երկիրի վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ստեղծած վախի մթնոլորտին հետեւանքով, իրենք զիրենք պարտադրաբար գրաքննութեան կ՛ենթարկեն։ «Եւրոպական յանձնաժողովը բաւական քննադատական մօտեցում ունի Թուրքիոյ մէջ մամուլի առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին։ Բանտերուն մէջ կը գտնուին քառասուն լրագրողներ. շարք մը յօդուածագիրներ հրաժեշտ տուած են իրենց աշխատանքին՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հասցէին հնչեցուցած իրենց քննադատութեանց պատճառով։ Շարք մը յայտնի լրագրողներ ալ կը խոստովանին, որ Էրտողանը չբարկացնելու համար, ինքնագրաքննութիւն կը կատարեն», կը գրէ «Իքոնոմիսթ»ը, միաժամանակ նշելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կը ժխտէ այդ մտավախութիւնները եւ կը յայտարարէ, թէ իր երկիրին մէջ «իւրաքանչիւր անձ ազատ է գրելու այն, ինչ կ՛ուզէ»:
Ըստ երեւոյթին, վերջերս «Չեթըմ Հաուս»ին կողմէ մրցանակ մը ստանալով աւելի ինքնավստահ դարձած Կիւլ կը կարծէ, թէ մրցանակը իրեն կու տայ նաեւ իրականութիւնները հերքելու իրաւասութիւն:
Սակայն հակառակ Կիւլի պնդումին, աւելի անկողմնակալ մարմին մը՝ «Առանց սահմանի լրագրողներ» կազմակերպութիւնը, վերջերս յստակացուցած էր, թէ Թուրքիա 138րդ դիրքը կը գրաւէ ազատ մամուլ ունեցող երկիրներու ցանկին վրայ: Կազմակերպութիւնը ուսումնասիրած էր 178 երկիրներու տուեալները: Կազմակերպութեան նորագոյն ցուցակին վրայ Թուրքիոյ այս դասաւորումը ամենացածն է վերջին տասնամեակին ընթացքին, ինչ որ խոտոր կը համեմատի Թուրքիոյ նախագահին ու վարչապետին կողմէ յաճախ յորջորջուող այն պնդումին, թէ մամլոյ ազատութիւն գոյութիւն ունի երկիրին մէջ: