ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային մամուլը կը շարունակէ քննարկել «Եուրօ 2012» Ֆութպոլի մրցումի ընտրական փուլին ընթացքին Հայաստանի ազգային հաւաքականին արձանագրած բարձր արդիւնքները:
Իտալական պատկերասփիւռի «Caprisport» ընկերութեան մասնագէտներուն կարծիքով, այս ընտրական փուլին ամենամեծ յայտնութիւնը կը համարուի Հայաստանի հաւաքականը: Նոյն ընկերութեան մասնագէտները յիշեցուցած են, թէ ՖԻՖԱի դասակարգման աղիւսակին վրայ եւրոպական խումբերուն մէջ ամենաբարձր վերելքը արձանագրած է Հայաստանի խումբը՝ 45 տեղով:
Ըստ նոյն ընկերութեան կայքէջին, «Caprisport»ի վերլուծաբանները կը կարծեն, թէ կովկասցիները բոլոր հնարաւորութիւնները ունին յաղթարշաւը շարունակելու եւ հասնելու եզրափակիչ փուլ: «Հայաստանի հաւաքականը վերջին երկու ընտրական խաղերուն ոչ միայն վստահ յաղթանակներ տարած է Սլովաքիոյ (3:1) եւ Անտորրայի (4:0) դիմաց, այլեւ ցուցադրած է բաւական դիտարժան ֆութպոլ», ըսած են անոնք:
Նշենք, որ ընտրական փուլի ծիրէն ներս, Հայաստանի խումբին յաջորդ հանդիպումը պիտի իրականանայ 2011ի Մարտ 26ին, Ռուսիոյ դէմ: